​Աս­տո­ւա­ծա­ծին Մայ­րը՝ Մայ­րու­թեան Տի­պա­րը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

19 Ağustos 2024  

​Աս­տո­ւա­ծա­ծին Մայ­րը՝ Մայ­րու­թեան Տի­պա­րը -

​Աս­տո­ւա­ծա­ծին Մայ­րը՝ Մայ­րու­թեան Տի­պա­րը ​Աս­տո­ւա­ծա­ծին Մայ­րը՝ Մայ­րու­թեան Տի­պա­րը

«Մայր» եզրը ընդհանրապէս կը խորհրդանշէ սկիզբը, աղբիւրը, գլխաւորը էութեան, քանի որ ան Աստուծոյ իրեն գործարար, գործակատար կարգած է երկրի վրայ՝ Իր արարչագործութեան գործին։ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ «մայր»ը շարունակեց այդ «գործ»ը երկրի վրայ՝ ծնունդ տալով «մարդ»ուն։ Արդարեւ, ծնունդը եղաւ մայրենի գործ՝ աստուածային տնօրինութեամբ։

«Մայր»ը իր այս վեհ կոչումով խորհրդանիշն է նաեւ զոհողութեան, անձնուիրութեան եւ այս իսկ պատճառով՝ առաքինութեան եւ սրբութեան։ Այս իմաստով, կին-մարդը՝ մայրը գերազանց է մարդկային սերունդին մէջ։

Եւ երբ կը քարոզուի հաւասարութիւնը կին-մարդուն եւ այր-մարդուն միջեւ, պէտք է ընդունուի, որ կշիռը աւելի է կին-մարդուն՝ «մայր» եզրին։ Ընդհանրապէս այն կարծիքը կայ, թէ այր-մարդը գերադաս է. ճիշդ է՝ այր-մարդը աւելի զօրաւոր է թերեւս ֆիզիքապէս, կրնայ շատ կարողութիւններ ունենալ, բայց… մա՛յրն է, որ կը ծնի զինք եւ այր-մարդը չունի այդ յատկութիւնը, որ տրուած է միա՛յն կին-մարդուն, զայն կոչելով՝ «մա՛յր»։ Եւ ուրեմն, «մայր»ը կարելի է կոչել Աստուծոյ գործարարը, ներկայացուցիչը երկրի վրայ, թէ՛ ծնունդ տալով մարդուն եւ թէ խնամելով եւ հոգալով զայն։ Եւ այս իմաստով, «մայր»ը նմանութիւն ունի Աստուծոյ, քանի որ Աստուած ալ Արարիչ է եւ Նախախնա՛մ։

Եւ «Մայր» մը՝ մայրութեան տիպար մը՝ Մարիամը՝ Աստուածածինը մարմնացուց զԱստուած։ Ան ծնաւ Յիսուսը՝ մարդացած եւ մարմնացած Աստուածը։ Այս կէտին, պէտք է ընդունինք, որ այր-մարդը կը գտնուի երկրորդական դիրքի վրայ։

Մեր հոգեւոր ծնողը՝ երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեան յաճախ կը խօսէր մայրերու մասին, եւ կ՚ըսէր, թէ մայրերը իրենք չեն ուտեր եւ իրենց զաւակներուն կը կերցնեն, իրենք չեն քնանար եւ կը հսկեն իրենց որդիներուն՝ որ կը քնանան. մայրերը կը զոհուին իրենց զաւակներուն համար եւ անոնք զոհողութեան եւ անձնուիրութեան խորհրդանիշներ են…

Հոս, երբ կը յիշենք երջանկայիշատակ Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանի այս տպաւորիչ խօսքերը, կ՚ուզենք հարցնել, թէ մայրեր, այսօր ո՞րքան կ՚անդրադառնան իրենց այս վեհ կոչումին։ Այսօր, մայրեր ո՞րքան կը հետեւին մայրերու տիպար՝ Աստուածամօր տիպարին։

Արդարեւ, մայրութիւնը պատահական՝ պարզ դիպուած մը չէ՛. ան «կոչո՛ւմ» մըն է բառին բուն իմաստով։ Մայրութիւնը՝ նուիրումի, զոհողութեան, անձնուիրութեան մարմնացո՛ւմն է, եւ մայրութիւնը վեհ է ամէն արժէքէ, ամէն դիրքէ, ամէն աստիճանէ։ Մեծ մարդիկ, իշխանաւորներ, հանճարներ, հոգեւոր պետեր եւ բոլորն ալ «մա՛յր» մը ծնաւ։ Եւ մինչեւ իսկ մարդացած, մարմնացած Աստուած՝ Մայր մը. Աստուածածին Մարիամը ծնաւ։

Ահաւասի՛կ, Աստուածածնի վերափոխման տօնը բարեպատեհ առիթ մըն է անդրադառնալու այս ճշմարտութեան, թէ՛ մայրերու համար, որ գիտնան իրենց բարձր կոչումը, եւ ըստ այնմ վարուին, թէ՛ այր-մարդոց համար, որ անգնահատելի, անգին արժէքը երբեք չանտեսեն կին-մարդուն՝ որուն լրումն է մայրութիւնը։

Մայրութեան տիպար՝ Աստուածամայրը, զոր Աստուած զերծ պահած էր սկզբնական մեղքին ամէն արատէն, իր երկնաւոր կեանքին ընթացքը աւարտելէ ետք մարմինով եւ հոգիով վերափոխուեցաւ երկինքի փառքին մէջ եւ Տիրոջմէ պանծացուեցաւ իբրեւ «տիեզերքի Թագուհի», որպէսզի այսպէս աւելի՛ նմանի իր Որդիին, որ Տէ՛րն է տէրերու եւ յաղթողը՝ մեղքին եւ մահուան։

Արդարեւ, Աստուածամօր վերափոխումը եզակի մասնակցութիւն մըն է իր Որդիին Յարութեան եւ կանխակատարումը բոլոր քրիստոնեաներու յարութեան։ Ուստի, Աստուածամայրը իր որդեծնութեամբ պահեց իր կուսութիւնը, ննջումով՝ չլքեց աշխարհը, այլ վերամիացաւ Կեանքի աղբիւրին։ Ան՝ որ յղացաւ կենդանի Աստուածը Սուրբ Հոգիով, կ՚աղօթէ եւ կը բարեխօսէ բոլորիս համար որպէս Մա՛յր։

Աստուածամայրը Եկեղեցւոյ համար հաւատքի եւ սիրոյ տիպարը կը հանդիսանայ Հօր կամքով, իր Որդիին փրկչական գործին, Սուրբ Հոգիին ամէն դրդումին իր ամբողջական փարումով։ Աստուածամայրը իր այս հանգամանքով՝ Եկեղեցւոյ վսեմագոյն եւ ամեանաբացառիկ «անդա՛մ»ն է, ան կը հանդիսանայ Եկեղեցւոյ «օրինակելի գործնականացում»ը՝ տիպա՛րը։ Եւ ան որպէս «Մայր տիեզերքի» կը շարունակէ բարեխօսել մարդկութեան համար։

Ուստի, Աստուածածնի դերը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր կեանքին մէջ, անոր ամբողջ կեանքը՝ հնազանդութիւնը, հաւատարմութիւնը, համբերատարութիւնը եւ բոլոր արարքները, կեցուածքը «տիպար» են թէ՛ կին-մարդոց -մանաւանդ մայրերու-, եւ թէ այր-մարդոց, որ պէտք է յարգել մայրը եւ մայրութիւնը։ Չէ՞ որ առանց «մայր» եզրին կեանք չկայ երկրի վրայ՝ Աստուծոյ տնօրինութեամբ։ Պէտք է անդրադառնալ այս անուրանալի եւ անվիճելի ճշմարտութեան։

Աւետարանը կը յայտնէ մեզի, թէ Աստուածամայրը ի՛նչպէս կ՚աղօթէ եւ կը բարեխօսէ հաւատքով Կանայի մէջ. Յիսուսի Մայրը կը դիմէ իր Որդիին հարսանեկան խնջոյքի մը կարիքներուն համար։ Ան նշանն է ուրիշ Խնջոյքի մը՝ որ հարսանեկան խնջոյքն է Գառնուկին, որ Եկեղեցւոյ Իր Հարսին խնդրանքով Իր Մարմինը եւ Իր Արիւնը կ՚ընծայէ։ Իսկ Նոր Ուխտի ժամուն՝ Աստուածամայրը լսելի կ՚ըլլայ Խաչին ոտքին՝ իբրեւ Կին, իբրեւ Նոր Եւա, իբրեւ ճշմարիտ «Մայր մարդկութեան»։

Ուրեմն, Աստուածամօր վերափոխման տօնին անգամ մը եւս քննենք մենք զմեզ, թէ ի՛նչքան կ՚օգտուինք Աստուածածնի մայրութեան տիպարէն։

Ուստի, յարգենք եւ արժէքը գիտնանք մայրերուն, գիտնանք, որ առանց «մայր» եզրին կեանք գոյութիւն չունի երկրի վրայ՝ ըստ Աստուծոյ ստեղծագործութեան մեծ ծրագրին…

Շնորհաւոր ըլլայ Աստուածածնի վերափոխման յիշատակի տօնը բոլորիս, եւ շնորհաւոր ըլլան բոլոր կին-մարդիկ եւ մայրեր…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+