​Պոլսահայութեան մեծ կորուստը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

12 Ağustos 2024  

​Պոլսահայութեան մեծ կորուստը -

​Պոլսահայութեան մեծ կորուստը ​Պոլսահայութեան մեծ կորուստը

Մահ Վաստակաշատ Բժիշկ, Հանրային Գործիչ Բժշկական Կոթողային Գիրքերու Համահեղինակ՝ Տոչ. Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեանի

Դառնութեամբ պիտի յիշենք 2024 թուականը։

Ցաւով պիտի յիշատակենք որ «նահանջ տարին» մեզմէ խլեց ու տարաւ անձեր, որոնք կենդանի պատմութիւն, կենդանի առասպել էին մեր համայնքին համար։

Սրտի կսկիծով պիտի հաստատենք որ օրացոյցի էջերը տխուր թուականներ արձանագրեցին պոլսահայութեան տարեգրութեան մէջ, 2024ը դարձնելով «կորուստներու տարի» մը։

Այսօր դարձեալ գոյժ մը ունինք մեր ընթերցողներուն եւ համայնքին. վաստակաշատ բժիշկ, հանրային գործիչ, առողջապահական եւ բժշկական կոթողային գիրքերու հեղինակ՝ Տոչ. Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեան երէկ, իրիկնային ժամերուն, պատկառելի տարիքին մէջ իր հոգին աւանդեց անդենականին, մինչեւ վերջին վայրկեանը վայելելով իր սիրեցեալ կողակցին ու զաւակներուն ջերմ հոգածութիւնը։

Գիտէինք, տեղեակ էինք, որ տարիքի բերմամբ արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր անկողնոյ կը ծառայէր, բայց սիրտը առողջ էր ու միտքը՝ արթուն։ Որպէս բժիշկ իր կեանքով ու առողջ ապրելակերպով կը հաստատէր թէ որքա՞ն կարեւոր է գուրգուրալ առողջութեան վրայ եւ զգալ կեանքի արժէքը։ Երկար տարիներ շարունակ «առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»ի գործնական օրինակը կուտար իր շրջապատին։

Մասնագիտական մեծ ձեռքբերումները, համայնքային կեանքի մէջ ծառայութիւնները, Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն ներս պաշտօնավարման երկար տարիները, բազում փորձառութիւններով ու գիտելիքներով պսակուած մասնագիտական կենսագրութիւնը կերտած էին Վահէ Ալիքսանեան բժիշկի մարդ կերպարը, իսկ սորվեցնելու, գիտելիքները ուրիշներուն փոխանցելու իմաստնութիւնը իր անձին մէջ խտացուցած էին արժեւորուած կեանք մը։

Բժիշկ-ուսուցիչի անբասիր նկարագիր մը ունէր, նաեւ հակառակ պատկառելի տարիքին՝ արարելու մեծ կամք եւ ահաւասիկ այդ արժէքներուն շնորհիւ տիպար ուղեցոյց կը հանդիսանար յատկապէ՛ս նորահաս սերունդի բժիշկներուն։

Անփոխարինելի է իր ծառայութիւնը, իր վաստակը՝ համայնքային կեանքին մէջ։

Երկար տարիներ Վահէ Ալիքսանեան անունը նոյնացաւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին հետ՝ նախ որպէս բժիշկ, յետոյ՝ ներքին հիւանդութեանց բաժիններու պատասխանատու, աւելի վերջ՝ հոգաբարձու եւ «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի արտօնատէր եւ բժշկական բազում յօդուածներու հեղինակ։ Մինչեւ 2000ական թուականները, «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի ամէն թիւին մէջ շահեկան յօդուածներ կային իրմէ եւ ընթերցողներ, անհամբերութեամբ կը սպասէին դիւրասահ եւ հասկնալի ոճով այդ գրութիւններուն, որոնք երբեմն դարման կը հանդիսանային՝ նոյնիսկ առանց բժիշկի այցելութեան։

Եղաւ Մխիթարեան վարժարանի պատուաբեր շրջանաւարտներէն մին։ Իր ուսումնառութեան շրջանը զուգադիպեցաւ վարժարանի պատմութեան այն տարիներուն, երբ լաւագոյններու «ոսկեբոյլ» մը կը հասնէր դարաւոր կրթօճախէն եւ ինք մէկն էր այդ շրջանաւարտներէն։

Ծնած էր 1924ին Գատըգիւղի մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Գումգաբուի Բողոքական վարժարանի, իսկ միջնակարգի ու լիսէի ուսումը՝ Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ 1942ին շրջանաւարտ եղած էր լիսէէն, ընդունուելով Իսթանպուլի բժշկական ֆաքիւլթէ։ Ուսումնառութեան վեցամեայ շրջանը վերջացուցած էր 1948ին։ Որպէս բժշկական ենթասպայ իր զինուորական պարտականութիւնը կատարած էր Ուրֆայի մէջ, յետոյ սկսած էր բժշկական ասպարէզին, աշխատանքի ընդունուելով Չափա հիւանդանոցի մէջ։ 1955ին պաշտպանած էր մասնագիտական աւարտաճառը՝ «Կունկէլի ֆէնօլի ախտորոշման դերը ախտորոշման գործին մէջ» թէմայի շուրջ։ Շարունակելով աշխատիլ նոյն հիւանդանոցին մէջ, 1960ին ստացած էր «տոչենթ»ի ակադեմական տիտղոսը։

1966ին բաժնուած էր Չափա հիւանդանոցէն, մաս կազմելով Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի բժշկական կազմին եւ ստանձնելով ներքին հիւանդութեանց բաժիններու ղեկավարի պաշտօնը։ 1980ին հանգստեան կոչուած էր, բայց շարունակած էր ծառայութիւնը՝ այս անգամ վարչային գծով։ 1997 եւ 2001 թուականներուն երկու շրջան, անդամակցած էր Հոգաբարձութեան, իսկ մինչեւ 2011 թուականը շարունակած էր աշխատիլ նաեւ Հարպիյէի իր անձնական դարմանատան մէջ։

Տօքթ. Ալիքսանեան բժշկական աշխարհէն ներս համբաւի տիրացած էր իր գիրքերով։ Ան հեղինակ է երեք կարեւոր աշխատասիրութիւններու։ Առաջինը՝ «Գանգատէն մինչեւ ախտորոշում», որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1952ին եւ թարմացուած՝ քանի մը տարին մէկ, հասնելով իր տասներորդ վերհրատարակութեան։ Երկրորդը՝ «Ախտորոշումէն՝ դարմանում» գիրքը որ ինը անգամ վերհրատարակուած է, եւ երրորդը՝ «Ախտորոշման համար հիմնական գիտելիքներ» անունով կոթողային աշխատութիւնը, որ չորս անգամ վերհրատարակուած է։ Այս գիրքերը պատրաստուած են Փրօֆ. Տօքթ. Ճիհատ Ապաօղլուի հետ միասին։ 1979ին Ճիհատ Ապաօղլուի մահէն ետք վերհրատարակութիւնները շարունակուած են։

Տոչ. Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեան նաեւ եղած է Մարմարա-ի աշխատակից եւ բժշկական հարցերու շուրջ իր յօդուածները մինչեւ վերջին քսան տարիները կանոնաւոր հերթականութեամբ լոյս կը տեսնէին նաեւ մեր թերթի էջերուն վրայ։

Յարգարժան բժիշկը 1957ին իր կեանքը կապած էր Մանիշակ Հայրանեանի հետ, կազմելով օրինակելի եւ տիպար հայկական ընտանիք մը եւ ծնունդ տալով երկու դուստրերու՝ Հիլտա եւ Դալար։

Տոչ. Տօքթ. Վահէ Ալիքսանեանի մահով էջ մը կը փակուի Պոլսահայութեան տարեգրութեան մէջ ու թէեւ պատկառելի էր իր տարիքը եւ բնական՝ մահը, բայց տարբեր ցաւ մը կ’ապրինք։ Տերեւաթափ է ազգային կեանքին մէջ եւ իմաստուն այդ մեծերուն տեղ նորեր չեն հասնիր՝ հայ իրականութեան մէջ։

Կը խոնարհինք իր յիշատակի, մեծ վաստակի առջեւ, կը մխիթարուինք որ իր ժամանակակիցը եղած ենք, կրցած ենք պատուել զինքը, գրած ու խօսած ենք իր մասին։

Անկեղծ զգացումներով կը ցաւակցինք իր վշտահար այրիին՝ Տիկին Մանիշակ Ալիքսանեանի, դուստրերուն՝ Հիլտայի ու Դալարի, անոնց ընտանեկան պարագաներուն, Ալիքսանեան եւ Փոլատ ընտանիքներուն ու բոլոր մերձաւորներուն։

Յուղարկաւորութեան օրն ու վայրը պիտի հաղորդուի անջատաբար։







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+