​Սահմանափակ Սպասումներ - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

09 Temmuz 2024  

​Սահմանափակ Սպասումներ -

​Սահմանափակ Սպասումներ ​Սահմանափակ Սպասումներ

Միջազգայնագէտներն ու վերլուծաբանները երկար ժամանակէ ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի հարցը։ Արդեօք Հայաստան եւ Ատրպէյճան մինչեւ տարեվերջ կը ստորագրե՞ն խաղաղութեան համաձայնագիր։ «Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ ժխտական կամ դրական հաւանականութիւններու համեմատութիւնը 50 տոկոս է։

«Ես կ՚ենթադրեմ, որ այստեղ երկու մեծ հարց կայ։ Առաջին՝ արդեօք կարելի՞ է համաձայնութեան հասնիլ եւ երկրորդ՝ այդ մէկը որքա՞ն կայուն կ՚ըլլայ։ Կը կարծեմ՝ տակաւին 50 տոկոս-50 տոկոս է։ Երբ խօսքը այս տարի համաձայնութիւն ձեռք բերելու կը վերաբերի», նշեց տը Վաալ։ Արդարեւ, ան կը դիտարկէ, որ ցարդ թէեւ որոշ յառաջընթաց մը նկատուած է, սակայն Ատրպէյճան ներկայիս նոր նախապայման մը յառաջ կը քշէ՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ինչ որ շատ բարդ հարց մըն է։ Ուստի, եթէ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրուի, այդ մէկը կրնայ միայն շրջանակային բնոյթ ունենալ։ Կողմերը դժուար թէ մեծածաւալ համաձայնագիր մը ստորագրեն։

«Եթէ նոյնիսկ մենք կը խօսինք կարգաւորման համաձայնագրի մը մասին, ապա այնտեղ որոշ բաներ չեն ըլլար։ Ներկայիս, ինչպէս ես կը հասկնամ, թեքստին մէջ ոչինչ կայ հաղորդակցութիւններու մասին՝ Սիւնիքով դէպի Նախիջեւան երթուղիի մասին, ինչ որ Ատրպէյճան կ՚անուանէ «Զանգեզուրի միջանցք»։ Սա, հաւանաբար, համաձայնութեան մէջ չըլլայ։ Հետեւաբար, այս շատ բարդ խնդիրը տակաւին պէտք է լուծուի։ Եւ տակաւին կան մարդասիրական շատ հարցեր, բանտարկեալներու հարցը, դարձեալ պարզ չէ՝ բոլորը կը լուծուի՞ն կամ ոչ։ Այսպէսով, կը կարծեմ, թէ գուցէ ինչ-որ համաձայնագիր ըլլայ մօտաւոր ապագային, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ամէն ինչ չափազանց դժուար է», ըսած է Թոմաս տը Վաալ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։

Ի լրումն այս բոլորին, վերլուծաբանը յայտնած է, որ իր կարծիքով որեւէ մէկը՝ Հայաստան կամ Ատրպէյճան, նոր մեծ հակամարտութիւն մը չի փափաքիր։ «Կը կարծեմ, թէ հաւանաբար լաւ նորութիւնը այն ըլլայ, ոչ ոք պատերազմով շահագրգռուած է», ըսաւ ան։ Բաց աստի, ան համոզուած է, թէ գործընթացին մէջ անպայման կ՚ըլլան միջնորդներ, որովհետեւ գործնականին մէջ հակամարտութիւններու մեծ մասը երրորդ կողմի մը միջնորդութիւնը կը պահանջէ լուծման համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+