Միրզոյեան. «Ռուսիոյ Օգնութեան Կարիքը Չկայ, Ի Զօրու Ենք «Զուարթնոց»-ի Մէջ Սահմանապահ Ծառայութիւնը Առ -
Միրզոյեան. «Ռուսիոյ Օգնութեան Կարիքը Չկայ, Ի Զօրու Ենք «Զուարթնոց»-ի Մէջ Սահմանապահ Ծառայութիւնը Առանձին Կատարել»
Ռուսական կողմը տեղեկացուած է «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահներու դուրսբերման հայկական նախաձեռնութեան մասին: Երէկ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Սկիզբէն, այս ռուս սահմանապահներու մասնակցութիւնը շարք մը կէտերու մէջ, ներառեալ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, մտածուած եղած է, իբրեւ աջակցութիւն նորանկախ հայկական պետականութեան: Նախատեսուած է այս գործառոյթը իրականացնել այնքան ժամանակ, որքան Հայաստանը անոր կարիքը ունենայ, եւ երբ Հայաստանը ունենայ իր հաստատութենական կարելիութիւնները այդ գործառոյթը ամբոջութեամբ պիտի կատարէ Հայաստանը իր պետական մարմիններուն միջոցով:
«Եւ ահա հիմա մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաստատութենական առումով ի զօրու է «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ առանձին կատարել սահմանապահ ծառայութիւնը, եւ այս մասին ծանուցած ենք ռուսական կողմին: Կ՛ենթադրեմ, որ ասիկա անոնց համար բաւարար պիտի ըլլայ, եւ հարցը այդքանով պիտի լուծուի», ըսած է ան:
Նախարարը նշեց, որ «խօսքը լիազօրութիւններու ամբողջ «թղթածրարի» մասին է: Հայկական կողմը ռուսական կողմին ծանուցած է, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իրականացուող սահմանապահ ծառայութեան մէջ այլեւս ռուսական կողմի աջակցութեան կարիքը չենք զգար: Ի հարկէ շնորհակալ ենք ռուսական կողմին»:
Եւրոպական Միութեան Քաղաքացիական Առաքելութիւնը
Զգալի Դեր Խաղացած Է Կայունութեան Պահպանման Ուղղութեամբ
Միրզոյեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Կիպրոսի աջակցութիւնը զգալի է, եւ միասնաբար փորձ կը կատարուի տեսնել, թէ ինչ նոր գործիքներ կրնան աւելցնել համագործակցութեան մէջ:
«Ես տեղեկացուցած եմ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններու վերջին զարգացումներուն մասին: Հայաստանի դիրքորոշումը նոյնն է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին: Հիմնական առանցքայինն ու կարեւորը` տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումն է եւ հետագայ սահմանազատման հոլովոյթը, հիմնուած` 1991 թուականի Ալմաթիի հռչակագիրին եւ 1992 թուականի սահմանագիծին վրայ:
«(…) Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջպետական սահմանին վրայ տեղակայման պահէն ի վեր զգալի դեր խաղացած է ամբողջ սահմանագիծի երկայնքին կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ: Կ՛աշխատինք հետագայ կայունութեան ապահովման կամ երաշխաւորման գործիքակազմերու շուրջ», նշեց ան:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com