Անթալիան՝ դիւանագիտական աշխարհի ներկայացուցիչներու ժամադրավայր - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

01 Mart 2024  

Անթալիան՝ դիւանագիտական աշխարհի ներկայացուցիչներու ժամադրավայր -

Անթալիան՝ դիւանագիտական աշխարհի ներկայացուցիչներու ժամադրավայր Անթալիան՝ դիւանագիտական աշխարհի ներկայացուցիչներու ժամադրավայր

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Երկկողմանի Հանդիպումներ Ունեցաւ Թրքական Կողմին Հետ - Հաքան Ֆիտան Եւ Արարատ Միրզոյեան Գլուխ Գլխի Տեսակցեցան

Ռուբէն Ռուբինեան Եւ Հիքմէթ Հաճիյեւ Իրենց Երկիրներու Դիրքորոշումը Պաշտպանեցին Հրապարակային Բանավէճի Ընթացքին

Երէկ, 1 Մարտին Թուրքիոյ Եւ Համաշխարհային Հանրութեան Ամբողջ Ուշադրութիւնը Սեւեռուած Էր Անթալիոյ Վրայ։ Թուրքիա Հերթական Դիւանագիտական Ֆորումը Հիւրընկալեց Միջերկրականեան Այդ Քաղաքին Մէջ Ազատօրէն Բանակցելու Հարթակ Տրամադրելով Դիւանագիտական Ոլորտի Ներկայացուցիչներուն։

Անտարակոյս Ֆորումը Որպէս Սովորական Նիւթ Կրնար Մնալ Հայկական Տեսանկիւնէն, Եթէ Չգումարուէր Աշխարհա-Քաղաքական Այսքան Արագընթաց Զարգացումներու Բովին Մէջ Ու Հայաստան Դէմ Յանդիման Չգտնուէր Այն Սպառնալիքներուն Հետ, Որոնց Լուծումները Ճկուն Դիւանագիտութեան Ու Քաղաքական Կամքի Կը Պարտին։ Քանի Որ Նոր Իրավիճակները Իրենց Քայլերը Կը Թելադրեն Երկիրներուն, Իսկ Հայաստան Այժմ, Առաւել Քան Երբեք, Պէտք Ունի Երկխօսութեան, Ուրեմն Լաւագոյն Որոշումն Էր Գալ, Մասնակցիլ, Բանակցիլ Եւ Տեղւոյն Վրայ Դիրքորոշումներ Ճշդել, Այսինքն Խօսիլ՝ Զէնքերու Ձայնը Խլացնելու, Լռեցնելու Համար։

Դիւանագիտական Ֆորումին Կը Մասնակցին 147 Երկիրներէ Պատուիրակութիւններ, Ընդհանուր Առմամբ 4451 Մասնակից, Որոնցմէ 19 Զանազան Երկիրներու Կառավարութիւններու Ղեկավարներ Են, 73ը՝ Նախարարներ, 57ը Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներ։
Ֆ Ֆորումի Առաջին Օրը Կազմակերպուեցան Տասնեակներով Հրապարակային Ասուլիսներ Եւ Բանավէճեր։ Բացի Ատկէ, Նախարարներ Եւ Դիւանագիտական Համակարգի Ներկայացուցիչներ Յարմար Հարթակ Մը Ունեցան Դէմ Առ Դէմ Բանակցելու Եւ Նոյնիսկ »ոտքի Վրայ Հարցեր Լուծելու« Համար։

Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Կը Գլխաւորէ Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Պատուիրակութեան Կազմին Մէջ Են Տեղակալ Վահան Կոստանեան, Հայ-Թրքական Հաշտութեան Գործընթացի Մէջ Հայաստանի Յատուկ Բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան, Թրքագէտ, Սծտ Հի Մէջ Հայաստանի Նախկին Մնայուն Ներկայացուցիչ , Ներկայիս Իրանի Մէջ Հայաստանի Դեսպան Արսէն Աւագեան Եւ Դիւանագիտական Համակարգի Այլ Պաշտօնեաներ։
Վրաստանը Կը Ներկայացնէ Այդ Երկրի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը։ Անթալիա Ժամանած Է Նաեւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Սերգեյ Լաւրով։ Թրքական Կողմը Հրաւէրներ Չէ Ղրկած Սուրիոյ Նախագահին Ու Իսրայէլի Վարչապետին։

Ֆորումի Առաջին Օրը Բաւական Յագեցած Օրակարգ Մը Ունէր Հայկական Կողմի Համար։ Արարատ Միրզոյեան Գլուխ Գլխի Բանակցութիւններ Վարեց Իր Թուրք Պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի Հետ։ Բացի Ատկէ »ոտքի Վրայ Զրոյցներ«ու Շարքէն Մէկտեղուեցաւ Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի Հարցերով Նախարար Լէօ Տոքէրթիի Եւ Կովկասի Հարցերով Եւրոմիութեան Յատուկ Ներկայացուցիչ Թոյվօ Գլաարի Հետ։ Տոքէրթի Եւ Միրզոյեան Քննարկեցին Հարաւային Կովկասի Վերջին Զարգացումները։ Միրզոյեան Ընդգծեց Հայաստանի Դիրքորոշումը՝ Խաղաղութեան Գործընթացին Մէջ Առկայ Հարցերու Շուրջ, Նշելով Որ Յառաջընթաց Կարելի Է Արձանագրել Հանրայայտ Համաձայնեցուած Սկզբունքներուն Նկատմամբ Յստակ Յանձնառութիւն Ունենալու Պարագային։ Գալով Գլաարի Հետ Զրոյցին, Այստեղ Եւս Միրզոյեան Ըսաւ Որ Խաղաղութեան Հասնելու Համար Պէտք Է Հաւատարիմ Մնալ Այն Սկզբունքներուն, Որոնք Կը Ցոլանան Փրակի Ու Կրանատայի Քառակողմ Հանդիպումներէն Ետք Ընդունուած Յայտարարութիւններուն Մէջ։

Հայաստանի Ու Թուրքիոյ Յատուկ Բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան Եւ Սէրտար Գըլըճ Նոյնպէս Բանակցութիւններ Վարեցին Պատուիրակութիւններու Կազմերով։ Անոնք Աւելի Վերջ Մասնակցեցան Նաեւ Հրապարակային Ասուլիսի Մը, Ուր Բանախօսներէն Մէկը Ատրպէյճանի Նախագահի Օգնական Հիքմէթ Հաճիյեւն Էր։ Այստեղ Ռուբինեան Եւ Հաճիյեւ Իրենց Երկրի Դիրքորոշումները Ներկայացնելու Ընթացքին Բանավէճ Մը Ունեցան։

Իրադարձութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին ու այդ է պատճառը որ այս էջին վրայ զանազան խորագրերու տակ կը ներկայացնենք այդ հանդիպումներու համայնապատկերը։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+