Տագնապայարոյց նոր զարգացում մը համայնքային կեանքի ապրումներուն մէջ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

16 Aralık 2023  

Տագնապայարոյց նոր զարգացում մը համայնքային կեանքի ապրումներուն մէջ -

Տագնապայարոյց նոր զարգացում մը համայնքային կեանքի ապրումներուն մէջ Տագնապայարոյց նոր զարգացում մը համայնքային կեանքի ապրումներուն մէջ

ԱՔՍԷԼ ԹՕՓԱԼԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ԷՐՎԱՊ-Ի ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Ատենապետը յայտարարեց որ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կը մերժէ օգնական հանդիսանալ կրթական յանձնախումբի նիւթական կարիքներուն
Պետրոս Շիրինօղլու եւս յայտարարութիւններ ըրաւ
......
Ինչպիսի մեծ լաւատեսութեամբ մը ողջունած էինք համայնքային մարմիններու ընտրութիւնները, հաւատալով եւ յուսալով որ ի վերջոյ որպէս համայնք պիտի գտնէինք մեր հաստատուն ուղին, պիտի յաջողէինք մեր ժողովուրդին վերադարձնել բարոյական այն արժէքները, որոնք կամայ-ակամայ խլուած էին ընտրութիւններու արգելքով եւ նիւթական ծանր հիմնախնդիրներու հետեւանքով։
Ապագայի մասին մեր բոլոր տեսլականները կը կապէինք նոր վարչայիններու ճիշդ ու տեղին քայլերուն, այնպիսի որոշումներու, որոնք հեռու պիտի մնային եսակեդրոն գործունէութենէն, համարձակօրէն հրապարակ պիտի քշէին հաւաքական «մենք»ը, զայն պիտի դարձնէին գործունէութեան եւ աշխատանքի կիզակէտ, պիտի լծուէին թէ՛ իրենց վստահուած վագըֆները բարեփոխելու, թէ՛ այդ բարեփոխումներու ընդմէջէն համայնքն ալ առաջնորդելու կարեւոր հրամայականին, որ արդէն շա՜տ ուշացած էր, տեղ-տեղ անդառնալի վնասներ պատճառելով պոլսահայութեան։
Ընդհանուր առմամբ դրական պատկեր մը ունեցանք մեր դիմաց։ Փոփոխութիւնները ինքնաբերաբար վերահաստատեցին համայնքին հաշիւ տալու պարտաւորութիւնը։ Ուրախութեամբ արձանագրեցինք մեր «առաջնորդ» թաղերու վարչայիններու հրապարակային ասուլիսներու լուրերը, հաստատելով որ այդ մօտեցումով կ'ամրապնդուէր վստահութիւնը՝ թաղականներու նկատմամբ։
ԷՐՎԱՊ եւս վերստին ընտրուած թաղականներու հետ միասին նոր դերակատարներ ունեցաւ իր հարթակին վրայ։ Յանձնախումբերէն ամէնէն կենսականը կրթական մարմինն է, զոր գլխաւորելու պարտականութիւն դրուեցաւ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Աքսէլ Թօփալեանի ուսերուն վրայ։ Հարցերը դէզ առ դէզ կուտակուած են եւ լուծման կը կարօտին։ Ուսումնական տարեշրջանը բացուելուն հետ իրականութիւնները ջրի երես ելան։ Մօտաւոր հաշուարկներով այս տարի բոլոր վարժարաններու պիւտճէի ընդհանուր բացը 85 միլիոն լիրայի շուրջ է։ Պր. Աքսէլ Թօփալեան, որ խիստ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնած էր ապաւինելով յատկապէս ԷՐՎԱՊի Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլուի զօրակցութեան, չկրցաւ համագործակցութեան դաշտ բերել Պր. Շիրինօղլուն։ Դժբախտաբար, ակնկալութիւնները յօդս ցնդեցան, որովհետեւ երեք ամիս անցաւ ԷՐՎԱՊի առաջին ժողովէն եւ բացի այն 5 միլիոն գումարէն, որուն մասին Պր. Պետրոս Շիրինօղլու հրապարակաւ յայտարարած էր ծանուցումներ տալով մեր թերթերուն, ուրիշ որեւէ օգնութեան մասին խօսք չեղաւ։
ԷՐՎԱՊի այս շաբթուայ ժողովը հաւանաբար յորդեցնելով համբերութեան բաժակը, ի վերջոյ ստիպեց որ Պր. Աքսէլ Թօփալեան հրաժարական ներկայացնէ կրթական յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնէն։
Լուրը երէկ իրիկուայ ժամերուն պայթեցաւ համացանցի հայկական հարթակներուն վրայ, փոթորիկ ստեղծելով «հասարակական կարծիք» կոչուած ընդհանուր գաղափարախօսութենէն ներս։ Համայնքին ուղղեալ իր լուսաբանութեամբ, Պր. Թօփալեան մանրամասնօրէն ներկայացուց բոլոր դրդապատճառները, որոնք ստիպած էին որ ինք հրաժարական ներկայացնէր մեծ յուսախաբութեամբ։
Որո՞նք էին պատճառները։ Լուրը իր ամբողջութեան մէջ հաղորդելու համար նախ ստորեւ կը հրատարակենք յայտարարութեան հայերէն թարգմանութիւնը ¤թրքերէն պատճէնը հրապարակուած է մեր միւս սիւնակներուն մէջ_։
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՈՒՂՂԵԱԼ ՄԵՐ ՄԵԾԱՅԱՐԳՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
ԷՐՎԱՊի հովանիին տակ հաստատած էինք կրթական յանձնաժողով մը, որ երեք ամիսէ ի վեր աշխատութիւն կը տանէր։ Յանձնաժողովին կ'անդամակցին վարժարան ունեցող թաղերու վագըֆներու ատենապետները։ Բոլորս միասին քանիցս ժողովներ գումարեցինք, քննարկելով դպրոցներու հիմնախնդիրները։
Այցելեցինք Անգարա, տեսակցութիւն ունեցանք Կրթութեան Նախարարին հետ եւ անոր փոխանցեցինք մեր հարցերը։
2023-2024 ուսումնական տարեշրջանին մեր վարժարաններու ընդհանուր պիւտճէն 85 միլիոն լիրայի բաց մը ունի։ Բացի ատկէ դպրոցական շէնքերէն մէկ քանին ամրացման կարիք ունին։ Այս գծով օրինական արտօնութեան ժամկէտը 2 տարի է, պիւտճէն մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլար։
Այս կարիքներու մասին ես մանրամասնօրէն տեղեակ պահեցի ԷՐՎԱՊի Ատենապետ Պր. Պետրոս Շիրինօղլուն։ Դժբախտաբար չկրցայ զինքը համոզել, որ օգնական հանդիսանայ մեզի։ Ան յայտարարեց որ երկար տարիներէ ի վեր պարբերաբար ազդարարած է վագըֆներու Ատենապետները, բայց ո՛չ մէկը ականջ տուած է իր խօսքերուն։
Առաջարկեցի որ մոռնայ անցեալը, որովհետեւ նոր շրջան մը բացուած է ու մենք կրնանք մե՛ր հարցերը լուծել միասին աշխատելով։ Շեշտեցի որ կարելիութեան եւ աջակցութեան պարագային բոլոր խնդիրները յաղթահարելի են։
Ի վերջոյ, հարցի էութիւնը կ'ամփոփեմ հետեւեալ ձեւով։ Հիմա մեր վագըֆներու Ատենապետները պատասխանատու են համայնքի խնդիրներու լուծումներէն։ Միայն սեփական վագըֆներու խնդիրներու լուծումը բաւարար չէ։
Անհրաժեշտ է որ բոլոր վագըֆները առանց յապաղելու համախմբուին դժուարին օրերը յաղթահարելու համար։
Բոլոր ատենապետները յետաձգելով իրենց վագըֆներու կարիքները, նախ եւ առաջ երախաներու անվտանգութեան մասին պէտք է խորհին եւ ա՛յդ գործի համար պէտք է աշխատին։
Մեր ծնողները պէտք է նպաստեն կրթութեան ծախսերուն։ Մեր համայնքի անդամները նոյնպէս իրենց անձնական օգնութիւններով զօրակից պէտք է ըլլան հասարակաց կարիքներուն։
Ոյժը ծնունդ կ'առնէ միասնութենէն։ Իմ յարգանքը կը յայտնեմ ձեզ բոլորին, այն յոյսով որ պիտի յաջողինք միասին յաղթահարել հարցերը։
ԷՐՎԱՊի կրթական յանձնաժողովի այժմ արդէն նախկին նախագահ ՆԵՐՍԷՍ-ԱՔՍԷԼ ԹՕՓԱԼԵԱՆ
***
Թէման յոյժ կարեւոր է, շատ մօտէն կը հետաքրքրէ ժողովուրդը, ուստի կապ հաստատեցինք Պր. Աքսէլ Թօփալեանի եւ Պր. Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Ուշագրաւ է որ Աքսէլ Թօփալեան անձնական որեւէ խնդիր չունի Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Ան այս կէտը յատկապէս շեշտեց մեր Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։ Ըսաւ որ կը հաւատայ որ Պր. Շիրինօղլուն ալ նոյն զգացումները ունի իր մասին, բայց համայնքային կեանքի պատկերացումներուն հանդէպ գաղափարները շատ տարբեր են երկուքի միջեւ։ Պր. Աքսէլի խօսքերուն համաձայն, տարակարծութիւնը հասած էր այնպիսի աստիճանի, որ բացի հրաժարականէն, ուրիշ ելք չունէր, որովհետեւ հարցերը լուծման կը սպասեն, իսկ իր ու իր գլխաւորած յանձնախումբի ձեռքն ու ոտքը կապուած է։
Տեսնենք թէ Պր. Թօփալեան ինչպէ՛ս արդարացուց իր որոշումը եւ ի՞նչ պատմեց մեզի.-
ԷՐՎԱՊԻ ժողովի ընթացքին ըսի որ այս պայմաններու մէջ չենք կրնար դիմագրաւել մեր դպրոցներու կարիքները։ Ես կը սիրեմ Պր. Պետրոսը, յարգանք ունիմ իր անձի նկատմամբ, ազնիւ ու մաքուր մարդ է, բայց այս հարցով չկրցանք համաձայնութեան գալ իրեն հետ։ Որպէս Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ ու ԷՐՎԱՊի նախագահ, ան պարտաւոր էր զօրակցելու ինծի։ Օրթագիւղի Թաղային Խորհուրդը մեծ պատասխանատուութիւն մը առաւ իր ուսերուն վրայ, իմ խնդրանքը չմերժեց, 17 միլիոն լիրա յատկացուց կրթութեան աջակցելու համար։ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդը նոյնպէս,- հակառակ որ «աւերակ» մը ժառանգած էր,- այս 7-8 ամիսներու ընթացքին 10 միլիոն լիրա հաւաքեց, 7 միլիոն լիրան յատկացուցինք հատուցումներու եւ այլ ծախսերու, իսկ 3 միլիոն լիրայով օգնութիւն բերինք մեր վարժարաններու նուիրահաւաքման։
Ես երեք ամիսէ ի վեր կը փորձեմ համոզել Պր. Պետրոսը, բայց իրեն համար կայ-չկայ, ամենակարեւորը հիւանդանոցն է։ Ուրիշ բանի ժամանակ չունի։ Իրեն համար ամենակարեւորը հիւանդանոցի բարեկարգումն է, նոր հիւանդասենեակներու բացումը, նոր սարքերու գնումը, եւլն։ Հիւանդանոցին մէջ 200 հիւանդասենեակ ըլլայ իսկ բան մը չի փոխուիր։ Հազիւ 15 սենեակները լեցուն են, մնացեալները պարապ կը մնան։ Օնքոլոժիի բաժին մը բանալ կ'ուզեն, ի՞նչի պիտի ծառայէ, եթէ դարմանումի համար հիւանդ չի գար։
Ես ինչպէ՞ս կրնամ այս պայմաններու մէջ Կրթական յանձնաժողովի ատենապետ ըլլալ։ Ատենապետ Շիրինօղլու ի՛նք առաջարկեց որ ստանձնեմ կրթական յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնը ու հարցը արմատապէս լուծելու համար յստակ տեսլականներ ներկայացնեմ ԷՐՎԱՊին։ Վստահեցայ իր օժանդակութեան, այն յոյսով որ պիտի յաջողինք։ Ամէն տարի բոլոր դպրոցներու մակարդակով, 3-4 միլիոն տոլարի բաց մը կ'ունենանք։ Տասը տարուայ մէջ այս գումարը պիտի հասնի 30-40 միլիոն տոլարի։ Եթէ յաջորդ տարուընէ սկսեալ մեր դպրոցները քիչ մը «սահմանափակելով», ամէն տարի վագըֆապատկան կառոյց մը շինենք կամ հիմնական նորոգութեամբ շահութաբեր վիճակի բերենք մեր ունեցածը,-օրինակի համար Եշիլգիւղի համար այդպիսի ծրագիր մը իրականացնենք,- Եշիլգիւղը կը փրկուի նիւթական անձկութիւններէն։
Որպէս համայնք եօթը-ութ տարի այս գործին պէտք է լծուինք, մէկ կողմէ շինարարութիւն պիտի իրականացնենք, մէկ կողմէ ծախսերը պիտի հաւասարակշռենք։ Օգութեան կարօտ 6-7 վարժարան ունինք։ Ատենապետէն զօրակցութիւն խնդրեցի։ Իր պատասխանը միանշանակ էր։ Ո՛չ, ես բացի հիւանդանոցէն, ուրիշ որեւէ տեղ գումար չեմ ծախսեր։ Մինչդեռ որպէս ԷՐՎԱՊի Ատենապետ այլ մօտեցում մը ցոյց պէտք է տայ։ Ի վիճակի ենք, կրնանք փրկել մեր վագըֆները։ Յաջորդ տարի սկսինք Եշիլգիւղէն, յետոյ կարգաւ՝ Ֆէրիգիւղի, Կեդրոնականի եկեղեցապատկան կալուածները շահութաբեր վիճակի բերենք հաւաքական աշխատանքով։ Մեր գլխաւոր նպատակն է նախ բոլոր վարժարաններու շէնքերը երկրաշարժներու դէմ դիմացկուն վիճակի բերել, յետոյ բարձրացնել կրթութեան որակը, որպէսզի մեր ժողովուրդը հայկական վարժարանները նախընտրէ զաւակներու ուսման համար։
Ի՞նչ պիտի ըլլայ ասկէ ետք։
Պր. Աքսէլ յուսախաբ էր։ Ըսաւ որ եթէ մէկու վատութիւն ընել կ'ուզես, այսպիսի կարեւոր պաշտօն մը կը վստահիս, յետոյ մինակը կը թողուս։ Պր. Պետրոս կը մոռնայ որ ես ալ իմ անհատականութիւնը ունիմ, հեղինակութիւն ունեցող մէկն եմ։ Միւսները քաջալերելու համար անձնական նուիրատուութիւններով օրինակ հանդիսացայ, բայց եթէ Հիւանդանոցը չ'օգներ, ես չեմ կրնար Դպրեվանքէն դրամ ուզել։ Թերթերուն, մասնաւորաբար հայ մամուլին օգնելու համար կարգ մը առաջարկներ ըրի, բայց մեր ետեւէն չեն գար, միւսները չեն զօրակցիր։ Ի վերջոյ հայաշխարհէն ներս քանի՞ հայ թերթ կայ. հազիւ 12 թերթ, որոնցմէ երկու օրաթերթերը՝ մեր համայնքին կը պատկանին։ Չէի կրնար այս կարգավիճակին հանդուրժել, որովհետեւ ի՛մ ղեկավարած վագըֆին մէջ ոյժս պիտի կոտրէր։ Ինծի համար անընդունելի է սա տեսակէտը. ամէն մէկը դրամը անկիւն մը դնելով, հանգիստ բարձ կը դնէ իր գլխուն տակ։ Մինչդեռ հակառակը պէտք է ըլլայ, ձեռք ձեռքի տալով պէտք է գործենք հաւաքական շահուն համար։
***
Ահաւասիկ ասոնք են իրողութիւնները։ Դժուար է կանխատեսումներ ընել եւ եզրակացնել թէ ի՞նչպիսի գնացք մը պիտի ունենան զարգացումները։ Այնուհանդերձ յստակ է որ խնդիրներ ունինք եւ չենք կրնար, իրաւունք չունինք սա կամ նա վարժարանը անկարեւոր նկատելով, սա կամ նա թաղի դպրոցը աչքէ հանելով, բախտի քմահաճոյքին թողուլ մեր համայնքի զաւակները։
Կայ նաեւ խնդրի բարոյական կողմը։ Այս բոլորը մեզի դիւրութեամբ չէ հասած եւ հիմա, երբ համայնքը վերատիրացած է կարեւոր կալուածներու, երբ դրամի խնդիրը պէտք չէ որ «գլխաւոր» թէման ըլլայ, ցաւալի է որ դարձեալ ու դարձեալ ա՛յդ մասին կը բանավիճինք, կը պայքարինք մէկզմէկու դէմ, այդ ամուլ պայքարին կը զոհաբերենք բարոյական արժէքները, կը զոհաբերենք մամուլը, կարծես թէ վրէժ լուծելով համայնքային կեանքի շղթան կազմող ամենաթոյլ օղակներէն։




Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+