Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել» Լաւրով - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

10 Nisan 2022  

Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել» Լաւրով -

Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել» Լաւրով Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել» Լաւրով

«Մենք` իբրեւ Հայաստանի առանցքային դաշնակից, պիտի շարունակենք ձեզի օգնել պաշտպանունակութիւնը հզօրացնելու եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի բացման ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ Հայաստանին օգնել սահմանը պաշտպանելու եւ բանակը հզօրացնելու գործին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Մենք` իբրեւ Հայաստանի առանցքային դաշնակից, պիտի շարունակենք ձեզի օգնել պաշտպանունակութիւնը հզօրացնելու եւ սահմաններու պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի երկու երկիրներու ԱՊՀ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան:

«Հայաստանը հիմա կը նախագահէ ՀԱՊԿ-ի մէջ, ուստի առաւել կարեւոր է համադրել մեր քայլերը այն ծրագիրներուն նկատմամբ, որոնք Հայաստանը ներկայացուցած է կազմակերպութեան անդամներուն», ըսած է Լաւրով:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը հանդիպումի աւարտին մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ ինք ընդգծած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններու կատարման կարեւորութիւնը: «Մենք հաստատած ենք ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին կողմէ իր առաքելութեան յստակ գործադրման նշանակութիւնը», ընդգծած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ Ռուսիան յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքները շուտով կը սկսին, եւ որ Մոսկուան այս հարցին մէջ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ` աւելցնելով, որ Ռուսիան պատրաստ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն աջակցելու:

Լաւրով իր խօսքին մէջ նաեւ ըսած է, որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ կապերու կարգաւորման հոլովոյթը, ինչ որ, ըստ անոր, պէտք է նպաստէ շրջանին մէջ մթնոլորտի առողջացման:

Անդրադառնալով «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի գործունէութեան` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը ըսած է, որ բոլոր մասնակիցները համակարծիք են, որ հարթակը յաւելեալ կարելիութիւններ կը բանայ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն եւ դրացիներուն միջեւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հարցին մէջ:

Խօսելով արցախեան Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը կը զբաղի բացայայտումովը կատարուածի բոլոր հանգամանքներուն, որոնց մասին բանակցութիւններուն ընթացքին խօսուած է: «Այդ հանգամանքները մեզի համար մինչեւ վերջ յստակ չեն: Չէի ուզեր հիմա յառաջ անցնիլ ու որեւէ վերջնական դատողութիւն ընել: Մենք վստահ ենք, որ մեր հայ բարեկամները ամբողջապէս կը վստահին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին եւ որ այդ զօրակազմը պատասխանատուութեան ենթարկելու երբեմն հնչող կոչերը, որոշ ծառայողական հետաքննութիւն կատարելու վերաբերեալ, չեն արտացոլեր հայ ժողովուրդի, երկրի ղեկավարութեան վերաբերմունքը այն ահռելի դերակատարութեան նկատմամբ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ունի այդ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման հարցին մէջ: Եւ տուեալ միջադէպի պարագային մեր զինուորականները ուսումնասիրութիւն կը կատարեն, որովհետեւ կան բաներ, որոնք յստակացման կարիք ունին», ըսած է Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է, թէ կը նախատեսուի այս տարի Երեւանի մէջ հայ-ռուսական բարեկամութեան յուշարձան կանգնեցնել:

Լաւրով լրագրողի մը խնդրանքով անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութեան` յայտարարելով. «Ես չեմ գիտեր հետագային ի՛նչ ճակատագիր պիտի ունենայ Մինսքի խմբակը, որովհետեւ մեր ֆրանսացի ու ամերիկացի գործընկերները ռուսատեացութեան արշաւի ընթացքին կը ձգտին ջնջել այն ամէնը, ինչ որ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ջնջած են նաեւ Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` յայտարարելով, թէ այդ ձեւաչափով մեզի հետ պիտի չհաղորդակցին: Ատիկա անոնց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերելու ղարաբաղեան խնդիրի լուծումը եւ ընդհանուր առմամբ Կովկասի շահերը, պատրաստ են զոհաբերելու տուեալ պարագային հայկական կողմի շահերը` ատիկա անոնց ընտրութիւնն էր»:

«Այս մօտեցումը կը նկատենք անպատասխանատու, սակայն ատիկա մեզ հունէն պիտի չհանէ: Մենք հաւատարիմ ենք ղարաբաղեան կացութեան կարգաւորման եւ իրականացման այն բոլոր համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ ձեւաչափով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ: Այս ընտրութիւնը մերը չէ: Եթէ Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են այդպէս վարուիլ, թող Աստուած զանոնք դատէ»:

Լաւրով լրագրողի խնդրանքով անդրադարձած է Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի կազմակերպած եռակողմ հանդիպումին ընթացքին գոյացած համաձայնութեան, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը մինչեւ ապրիլի վերջ սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնախումբ պիտի ստեղծեն: Լրագրողը հարցուցած է, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի մասնակցի՞ այդ հոլովոյթին, հաշուի առնելով, որ Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը ունի անհրաժեշտ քարտէսները:

Լաւրով պատասխանելով ընդգծած է, որ սահմանազատման, շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման եւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ Մոսկուան կը մեկնի այն իրողութենէն, որ այդ բոլորին հիմը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպումներուն ընթացքին գոյացած եռակողմ համաձայնութիւններն են:

«Ինչ կը վերաբերի բուն սահմանազատման, ապա անցեալ տարուան նոյեմբերին Սոչիի մէջ երեք ղեկավարները համաձայնած են մինչեւ 2021-ի աւարտը համապատասխան յանձնախումբի ստեղծման շուրջ, ինչի մասին պաշտօնապէս յայտարարուած է եւ հիմա արդէն ատիկա կրկնուած է Պրիւքսելի մէջ: Սակայն պարոն Միշելի հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի մինչեւ ապրիլի վերջ: Ես մեր պաշտօնակիցին հարցուցած եմ` որքանո՞վ ատիկա կը համընկնի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու համաձայնութեան, պատասխանը այն էր, որ կացութիւնը ամբողջովին նոյն հունով կը զարգանայ: Շատ պիտի ուզէի, որ Պրիւքսելի մէջ մեր եւրոպացի գործընկերները հասկնային, որ այդ հունը արդէն ստեղծուած է երեք ղեկավարներուն կողմէ 2020 եւ 2021 թուականներուն, եւ որ անոնք այդ հունին մէջ որեւէ խոչընդոտ պիտի չյառաջացնեն: Ուշադրութիւնս գրաւեց, որ Ազրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի հետ հանդիպումէն ետք պարոն Միշելի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ոչ մէկ անգամ ոչ մէկ տեղ Ռուսիան կը յիշատակուի: Ատիկա արդէն կը վկայէ այն, ինչ որ աւելի կարեւոր է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան համար` զարգացնել արդէն ձեռք բերուածը կամ ղարաբաղեան այս նիւթն ալ օգտագործել սեփական ռուսատեաց գիծը անգամ մը եւս ընդգծելու համար: Ատիկա ցաւալի է: Ռուսիան երբեք իր ամէնէն մօտ դաշնակիցներուն շահերը պիտի չզոհաբերէ յանուն որոշակի աշխարհաքաղաքական գաղափարներու եւ խաղերու: Մենք ամբողջովին յանձնառու ենք Հայաստանին ու Ազրպէյճանին օգնելու սկսելու բնական կեանք, այդ աշխատանքին մէկ մասը ի հարկէ սահմանազատման հոլովոյթն է: Եւ այսօր մենք եւ մեր գործընկերները հաստատած ենք, որ կը շարունակէ ամբողջովին ուժի մէջ մնալ երեք ղեկավարներու համաձայնութիւնը առ այն, որ յանձնախումբը պիտի ըլլայ երկկողմանի` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը տեսնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ:





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+