Ծաղկազարդ -
Ծաղկազարդ
Մեծ Պահոց վերջին Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ: Ծաղկազարդի Կիրակի օրուան Աւետարանը կը բովանդակէ Քրիստոսի կեանքին առնչուած շարք մը դէպքեր` Ղազարոսի յարութիւնը, Իր հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ, ժողովրդական խանդավառ ընդունելութիւնը` «Ովսաննա՜, օրհնութիւն ի բարձունս, օրհնեալ որ գաս յանուն Տեառն» եւ Տաճարի մաքրութիւնը: Յիսուս հանդիսաւոր կերպով, աւանակի վրայ նստած մուտք կը գործէ Երուսաղէմ: Ժողովուրդը խանդավառօրէն կը դիմաւորէ զԻնք` ձիթենիի եւ արմաւենիի ոստերով, զգեստները ճանապարհին վրայ կը փռէ, որպէսզի Յիսուս անոնց վրայէն անցնի, եւ կ'աղաղակէ. «Ովսաննա՜, օրհնութիւն անոր, որ կու գայ Տիրոջ անունով»: Յիսուս կը մտնէ տաճար եւ խարազանով տաճարը կը մաքրէ լումայափոխ եւ աղաւնավաճառ մարդոցմէ, ժողովուրդին հասկցնելու համար, որ տաճարը Աստուծոյ տունն է եւ միայն աղօթքի տուն պիտի ըլլայ: Այս է Ծաղկազարդի Կիրակիին աւետարանական իմաստը: Ծաղկազարդի Կիրակին եկեղեցիները կը զարդարուին արմաւենիի ճիւղերով եւ ձիթենիի ոստերով, աւելի իմաստալից եւ պատկերալից դարձնելու համար Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը: Ծաղկազարդի նախօրեակին` Շաբաթ օրը կը կատարուի նախատօնակ, կը բացուի խորանին վարագոյրը եւ յաջորդ օրը ժամերգութենէն ետք բաց վարագոյրով կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ: Ծաղկազարդի առաւօտուն ձիթենիի ճիւղերը կ'օրհնուին եւ ժողովուրդին կը բաժնուին: Ծաղկազարդի Կիրակի օրուան շարականը կը գովերգէ Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ: Կը յիշատակուի նաեւ Ղազարոսի յարութիւնը: Ծաղկազարդի օրը եկեղեցւոյ մէջ նաեւ մանուկներու օրհնութեան կարգ կը կատարուի.....
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com