​Արեւելքի փարոսը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Kasım 2021  

​Արեւելքի փարոսը -

​Արեւելքի փարոսը ​Արեւելքի փարոսը

Արեւմտահայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան, Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանէ ստացած հրաւէրին ընդառաջելով, 5 Նոյեմբերին կը մէկնի Իսրայէլ։ Տէյիրմենճեան, աշխարհական ուսանողներու յաճախած վարժարանէ ներս պիտի դասաւանդէ հայոց լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն դասանիւթերով։

Տէյիրմենճեան Կեդրոնական վարժարանը աւարտելէ ետք ուսանած էր Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան բաժինը։ Թուրքիա վերադառնալով ան պաշտօն ստանձնած էր քաղաքիս Գարակէօզեան եւ Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ Նաեւ խմբագրած էր «Արաս» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած բազմաթիւ հայերէն հատորներ։ Աշխատակցած է նաեւ «Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի հայերէնի դասընթացքներուն իբրեւ ուսուցիչ։

Սեւան Տէյիրնմենճեանի հետ խօսեցանք թէ Երուսաղէմի նոր առաքելութեան եւ թէ Թուրքիոյ հայ համայնքի կրթական հարցերուն շուրջ։

Նախ խօ­­սինք ձեր ու­­սուցչի կո­­չու­­մին մա­­սին։

Բա­­ւական եր­­կար ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող պատ­­մութիւն մըն է այս։ Երե­­ւանի Պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի Հա­­յագի­­տու­­թեան բաժ­­նի շրջա­­նաւարտնե­­րը վկա­­յական կը ստա­­նան իբ­­րեւ լե­­զուա­­գէտ եւ միաժա­­մանակ հա­­յոց լե­­զուի ու գրա­­կանու­­թեան ու­­սուցիչ։ Անոնք կը սեր­­տեն նաեւ ման­­կա­­­վար­­ժութիւն։ Աւար­­տա­­­կան դա­­սարա­­նի ու­­սա­­­նող­­նե­­­րը փոր­­ձա­­­գիտա­­կան առու­­մով կը դա­­սաւան­­դեն նաեւ երկրի վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու մէջ։ Այսպէս ես ալ որոշ ժա­­մանակ դա­­սաւան­­դած եմ Երե­­ւանի դպրոց­­նե­­­րէ ներս։

Թուրքիա վե­­րադառ­­նա­­­լով Գա­­րակէօզեանի մէջ նախ փո­­խանորդ ու­­սուցիչ ըլ­­լա­­­լով աշ­­խա­­­տեցայ։ Ապա դա­­սաւան­­դե­­­ցի Սուրբ Խաչ Դպրե­­վան­­քի մէջ։ Բա­­ւական եր­­կար ժա­­մանակ Թրքա­­հայ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի մէջ հա­­յերէ­­նի գի­­տելիք­­նե­­­րը զար­­գացնե­­լու առու­­մով օժան­­դա­­­կեցի մեր դպրոց­­նե­­­րու ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն կամ ալ ման­­կա­­­վար­­ժա­­­կան ու­­սում ստա­­ցող ապա­­գայի ու­­սուցիչ­­նե­­­րուն։ 2014-2016 թո­­ւական­­նե­­­րուն ու­­սուցչա­­գոր­­ծե­­­ցի Մխի­­թարեան վար­­ժա­­­րանի մէջ։ Բա­­ւակա­­նին դժո­­ւար շրջան մըն էր, քա­­նի որ Թուրքիա ճանչնա­­լով հան­­դերձ Երե­­ւանի Պե­­տական հա­­մալ­­սա­­­րանի վկա­­յակա­­նը, կը դժկա­­մէր հա­­յոց լե­­զուի եւ գրա­­կանու­­թեան նիւ­­թի հա­­մար ու­­սուզիչ նշա­­նակե­­լու։ Կրթու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թիւնը եւ Բարձրա­­գոյն Ուսման Հաս­­տա­­­տու­­թիւնը գնդա­­կը իրա­­րու փո­­խանա­­կելով ար­­գելք հան­­դի­­­սացան հա­­յերէ­­նի ու­­սուցչի նշա­­նակ­­ման։

Երու­­սա­­­ղէմի Թարգման­­չաց վար­­ժա­­­րանէն հրա­­ւէր ստա­­ցաք, այս մա­­սին կրնա՞ք պատ­­մել։

Իմ Երու­­սա­­­ղէմի ոդի­­սակա­­նը կը սկսի 1995 թո­­ւակա­­նին։ Այդ իմ առա­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թիւնն էր Սուրբ Քա­­ղաք, Մես­­րոպ Սրբա­­զանի ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ։ Յա­­ջորդ տա­­րի դար­­ձեալ այ­­ցե­­­լեցի։ Ապա 2012 եւ 2013 թո­­ւական­­նե­­­րուն կրկին ան­­գամներ։ Իմ բո­­լոր այ­­ցե­­­լու­­թիւններս կա­­յացան Սուրբ Ծննդեան օրե­­րուն։ Երու­­սա­­­ղէմ իւ­­րա­­­յատուկ տպա­­ւորու­­թիւննե­­րու տե­­ղի տո­­ւող քա­­ղաք մըն է։ Կար­­ծես կանգ կ՚առ­­նէ ժա­­մանա­­կի հոս­­քը։ Կը թո­­ւայ թէ պատ­­մութեան մէջ կ՚ապ­­րիս։ Կեան­­քը գո­­նէ հա­­յոց թա­­ղամա­­սի կամ վան­­քի մէջ, բո­­լորո­­վին տար­­բեր կշռոյթ կը ստա­­նայ։ Վան­­քը ինքնին հա­­յոց թա­­ղամա­­սի մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը ընդգրկող միջ­­նա­­­բերդ մըն է։ Բնա­­կարան­­նե­­­րով, մէ­­կէ աւե­­լի եկե­­ղեցի­­ներով, գրա­­դարա­­նով, դպրո­­ցով ու թան­­գա­­­րանով կար­­ծես թէ քա­­ղաքին մէջ քա­­ղաք մը ըլ­­լար։ Եթէ նկա­­տի ու­­նե­­­նանք իբ­­րեւ Իս­­րա­­­յէլի մայ­­րա­­­քաղաք Երու­­սա­­­ղէմը, անոր մէջ աւե­­լի փոքր տա­­րած­­քով հա­­յոց թա­­ղամա­­սը եւ անոր ալ կո­­րիզը կազ­­մող, դար­­պասնե­­րը ժա­­մը 23.00-ին փա­­կուող վա­­նական հա­­մալի­­րը։

Երու­­սա­­­ղէմի հա­­յոց թա­­ղամա­­սի մէջ մին հո­­գեւոր եւ միւ­­սը աշ­­խարհա­­կան եր­­կու դպրոց­­ներ կը գոր­­ծեն։ Ես ու­­սուցչի պաշ­­տօն ստանձնած եմ 1869-ին հիմ­­նո­­­ւած, ապա Եղի­­շէ Դու­­րեանի պատ­­րիար­­քութեան օրով վե­­րակա­­ռու­­ցո­­­ւած, աշ­­խարհա­­կան աշա­­կերտնե­­րու յա­­ճախած Թարգման­­չաց վար­­ժա­­­րանի մէջ։ Որ­­քան գի­­տեմ Երո­­ւաս­­ղէ­­­մի մէջ ան­­ցեալին կը տի­­րէր անգլիական վար­­չա­­­կարգ։ Ար­­դա­­­րեւ Թարգման­­չացն ալ անգլիական թե­­քու­­մով դպրոց մըն է, ուր դա­­սապա­­հերը կ՚անցնին անգլե­­րէնով։ Դպրո­­ցի մէջ ու­­սում կը ստա­­նան բա­­ցի հա­­յերէ, քրիս­­տո­­­նեայ արաբ­­ներ եւ այլ ազ­­գութիւննե­­րէ քրիս­­տո­­­նեաներ։

Առա­­ջին ան­­գամ 2013-ին ու­­սուցչա­­գոր­­ծե­­­լու հրա­­ւէր ստա­­ցած էի։ Աւե­­լի ետք ալ այդ նիւ­­թը մերթ ընդ մերթ ար­­ծարծուեցաւ, բայց վերջնա­­կան որո­­շում մը չկա­­յացաւ։ Այս ան­­գամ ուղղա­­կի դպրո­­ցի տնօ­­րէնն էր որ լուրջ առա­­ջար­­կով մը դի­­մեց եւ ես ալ դրա­­կան պա­­տաս­­խա­­­նեցի։ Ան­­շուշտ որ այս որո­­շումս դիւ­­րացնո­­ղը կնոջս, ըն­­տա­­­նիքիս զօ­­րակ­­ցութիւնն էր։ Առան­­ցին պի­­տի եր­­թամ։ Կինս Մե­­լիս եւ դուստրս Վա­­նենի Պո­­լիս պի­­տի մնան։ Բո­­լորս ալ ան­­հա­­­տական զո­­հողու­­թիւններ կը կա­­տարենք։

Որ­­քան ալ աշ­­խարհա­­կան­­նե­­­րու դպրոց մը ըլ­­լայ, գի­­տենք թէ Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքէ ներս կրօն­­քը կա­­րեւոր դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նի առօ­­րեայի վրայ։ Հա­­մակեր­­պի­­­լը դժո­­ւար պի­­տի չըլ­­լա՞յ։

Թէ­­կուզ կար­­ճա­­­տեւ, ան­­ցեալին ալ եղած եմ Երու­­սա­­­ղէմ։ Ծննդա­­վայ­­րէ, հա­­րազատ ըն­­տա­­­նիքէ հե­­ռու մնա­­լու որոշ փոր­­ձա­­­ռու­­թիւն մը ու­­նիմ թէեւ, բայց այդ փոր­­ձա­­­ռոթիւ­­նը Հա­­յաս­­տան էր, այլ ոչ թէ Երու­­սա­­­ղէմ։ Ճիշդ է որ կ՛եր­­թամ ինքն իր մէջ ամ­­փո­­­փուած հա­­սարա­­կու­­թեան մը մէջ։ Թէեւ հոն ալ որոշ չա­­փով կայ աշ­­խարհա­­կան կեն­­ցաղ մը, բայց ան­­բաղդա­­տելի է Պոլ­­սոյ կամ Երե­­ւանի հետ։ Բայց չեմ կար­­ծեր թէ հա­­մակերպման խնդիր ապ­­րիմ։ Վեր­­ջա­­­պէս օրը գրե­­լով կամ ըն­­թերցե­­լով անցնո­­ղիս հա­­մար նպաս­­տա­­­ւոր պի­­տի ըլ­­լայ մի­­ջավայ­­րի խա­­ղաղ մթնո­­լոր­­տը։ Հա­­րուստ գրա­­դարան մը կայ եւ ես հա­­յոց պատ­­մութեան եւ գրա­­կանու­­թեան առու­­մով սեր­­տե­­­լու բա­­ւակա­­նին նիւ­­թեր պի­­տի ու­­նե­­­նամ։

Օրի­­նակի հա­­մար ԺԹ դա­­րուն Զմիւռնիայէն Երու­­սա­­­ղէմ եկած ու­­սուցիչ մըն էր Տիգ­­րան Սա­­ւալա­­նեան։ Հոն կա­­րեւոր ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ կա­­տարած եւ գրի առած է Երու­­սա­­­ղէմի պատ­­մութիւ­­նը։ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի պաշ­­տօ­­­նաթերթ «Սիոն»ի հիմ­­նա­­­դիրն է։ Հայ գրա­­կանու­­թեան կա­­րեւոր դէմ­­քե­­­րէն Յա­­կոբ Օշա­­կան եւս օրի­­նակ մըն է։ Հա­­մարեա իր բո­­լոր գրա­­կան գոր­­ծե­­­րը Երուտսա­­ղէմի մէջ հե­­ղինա­­կած է։ 1922-ին Պո­­լիսէն հե­­ռանա­­լով եկած է Սուրբ Քա­­ղաք եւ հոն ու­­սուցչա­­գոր­­ծած։ Հե­­տեւա­­բար կրնանք են­­թադրել թէ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար յար­­մար վայր մըն է։ Ան­­շուշտ որ ես զիս չեմ դա­­սեր Սա­­ւալա­­նեանի կամ Օշա­­կանի շար­­քին, բայց կը կար­­ծեմ թէ մի­­ջավայ­­րի ըն­­ձե­­­ռած խա­­ղաղու­­թեան մէջ ես ալ իմ կար­­գին որոշ ծրա­­գիր­­ներ պի­­տի կա­­րենամ իրա­­կանաց­­նել։

Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան շրջնին Պո­­լիսէն կամ Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նէն բազ­­մա­­­թիւ հա­­յեր իբ­­րեւ ու­­սուցիչ ծա­­ռայած են զա­­նազան եր­­կիրներ։ Այլ խօս­­քով այս հո­­ղերը ու­­սուցիչ ար­­տադրած ու ար­­տա­­­հանած են։ Այդ շրջա­­նին թէ բնակ­­չութիւ­­նը աւե­­լի բազ­­մա­­­մարդ էր եւ թէ հա­­յոց ուսման մա­­կար­­դա­­­կը աւե­­լի բարձր։ Ար­­դա­­­րեւ վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն ընդհան­­րա­­­պէս չենք հան­­դի­­­պիր նման երե­­ւոյթնե­­րու։

Եթէ չեմ սխա­­լիր դուք եր­­կար տա­­րինե­­րէ վերջ Երու­­սա­­­ղէմ նման առա­­քելու­­թեամբ գա­­ցող առա­­ջին ու­­սուցիչն էք։

Խոս­­տո­­­վանիմ թէ խնդրին այս երե­­սակը չէի մտա­­բերաց։ Ճիշդ է որ ան­­ցեալին նման դէպ­­քեր յա­­ճախա­­կի էին։ Եթէ յա­­տուկ ակ­­նարկենք Երու­­սա­­­ղէմին, յի­­շենք որ այն ալ Օս­­մա­­­նեան երկրին մաս կը կազ­­մէր։ Շատ սերտ էին Պոլ­­սոյ ու Երու­­սա­­­ղէմի յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։ Օրի­­նակ Մես­­րոպ Նշա­­նեան կամ Եղի­­շէ Դու­­րեան Պո­­լիսէն եր­­թա­­­լով Երու­­սա­­­ղէմի պատ­­րիարք դար­­ձան։ Զի­­րենք այդ պաշ­­տօ­­­նին վրայ վա­­ւերաց­­նողն ալ Իս­­թանպու­­լի խորհրդա­­րանն էր։ Հե­­տեւա­­բար այդ տա­­րինե­­րուն Երու­­սա­­­ղէմ ար­­տերկիր չէր հա­­մարո­­ւեր։

Այս հրա­­ւէրին ին­­ծի հաս­­նե­­­լուն մէջ կը կար­­ծեմ թէ հայ­­կա­­­կան սփիւռքի կա­­րեւո­­րագոյն կեդ­­րոննե­­րու՝ Լի­­բանա­­նի եւ Սու­­րիոյ Իս­­րա­­­յէլի հետ հա­­կադ­­րութիւ­­նը գոր­­ծօն եղած է։ Ապա թէ ոչ Պէյ­­րութի կամ Հա­­լէպի մէջ շատ կա­­րող պաշ­­տօ­­­նակից­­ներ կան, բայց պայ­­մաննե­­րը անոնց Իս­­րա­­­յէլի մէջ աշ­­խա­­­տելուն ձեռնտու չէ։ Արեւմտեան եր­­կիրնե­­րու, օրի­­նակի հա­­մար Ֆրան­­սա­­­յի դպրոց­­նե­­­րը, թէ Հա­­լէպէն եւ թէ Պէյ­­րութեն ու­­սուցիչ­­ներ կը հրա­­ւիրեն։ Նոյ­­նը ըսել կա­­րելի է ԱՄՆ կամ Գա­­նատա­­յի դպրոց­­նե­­­րուն հա­­մար։ Նշեմ որ մար­­դիկ առ­­հա­­­սարակ դէ­­պի արեւմտեան եր­­կիրներ եր­­թա­­­լու ձգտում ու­­նին։ Արե­­ւելեան երկրի մը մէջ մնալ շա­­րու­­նա­­­կել, նոյ­­նիսկ ալ աւե­­լի արե­­ւելք եր­­թա­­­լու երե­­ւոյ­­թը ան­­սո­­­վոր է։ Իս­­րա­­­յէլ թէեւ Մի­­ջին Արե­­ւելեան եր­­կիր մըն է, բայց տնտե­­սական եւ ըն­­կե­­­րային յատ­­կութիւննե­­րով բա­­ւակա­­նին կը տար­­բե­­­րի տա­­րած­­քաշրջա­­նի այլ եր­­կիրնե­­րէն։ Նաեւ պար­­տինք յի­­շել թէ Երու­­սա­­­ղէմի հա­­յու­­թիւնը կա­­րեւոր ձեռքբե­­րումներ ու­­նի իր բնօր­­րա­­­նի մէջ։ Չեմ ու­­զեր այդ բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծել բայց Երու­­սա­­­ղէմ ծա­­ռայե­­լը «ազ­­գա­­­յին» նա­­խապա­­տուու­­թիւն մըն է։

Հա­­մալ­­սա­­­րանի վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն դա­­սաւան­­դե­­­ցիք Հա­­յաս­­տա­­­նի աշա­­կեր­­տութեան։ Ապա Պոլ­­սոյ վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րը եւ հի­­մայ ալ Երու­­սա­­­ղէմ։ Բնա­­կանա­­բար բո­­լորն ալ ու­­նին իրենց ուսման ծրա­­գիր­­նե­­­րը։ Ինչպէ՞ս պի­­տի կողմնո­­րոշո­­ւիք։

Նախ նշեմ թէ Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքը հա­­յախօս է։ Տան մէջ կամ փո­­ղոցը իրենց ան­­մի­­­ջական հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը հա­­յերէն է։ Հե­­տեւա­­բար դպրո­­ցի մէջ ոչ թէ հա­­յերէն պի­­տի սո­­վորեն, այլ պի­­տի զար­­գացնեն իրենց գի­­տելիք­­նե­­­րը։ Այս առու­­մով պատ­­կե­­­րը բա­­ւական տար­­բեր է Պոլ­­սոյ դպրոց­­նե­­­րէն, ուր ու­­սուցի­­չը կը փոր­­ձէ օտար լե­­զու մը սոր­­վեցնե­­լու նման հա­­յախօ­­սու­­թիւն հաս­­տա­­­տել։ Բնա­­կանա­­բար դա­­սագիր­­քերն ալ տար­­բեր են։ Կը սեր­­տեն Յա­­կոբ Չո­­լաքեանի «Ան­­դաստան»ը։ Ամէն պա­­րագա­­յի իւ­­րա­­­քան­­չիւր ու­­սուցիչ կը զար­­գացնէ նաեւ իր ուսման ծրա­­գիրը։ Հա­­ւանա­­բար ես ալ նոյ­­նը պի­­տի ընեմ ու ձե­­ւաւո­­րեմ իմ ուսման ծրա­­գիրը։

Երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րանի մէջ «Թան­­գա­­­րան»էն օգ­­տո­­­ւած էինք։ Կարճ պատ­­մո­­­ւածքնե­­րով դա­­սագիրք մըն էր։ Մեր նա­­խորդ ու յա­­ջորդ սե­­րունդներն ալ նոյն գիր­­քը կը կար­­դան։ Ին­­չո՞ւ ու­­րիշ գիրք չու­­նինք։

Ճիշդ է, ես ալ «Թան­­գա­­­րան» կար­­դա­­­ցած եմ։ Կար­­ծեմ թէ նոր դա­­սագիր­­քի մը վա­­ւերաց­­ման դժո­­ւարու­­թե­­­նէն կը խրտչին։ Դիւ­­րին չէ նոր դա­­սագիրք մը պատ­­րաստել։ Թե­­րեւս այս նիւ­­թին վրայ ալ աշ­­խա­­­տիմ, քա­­նի որ մտքիս մէջ որոշ ծրա­­գիր մը ձե­­ւաւո­­րուած է ար­­դէն։ Թէ Պո­­լիս եւ թէ Երու­­սա­­­ղէմ ու­­նին կա­­րեւոր աւան­­դութիւն մը։ Յի­­շած էինք Յա­­կոբ Օշա­­կանի անու­­նը։ Պար­­տինք նշել նաեւ Վահ­­րամ Մա­­ւեանը։ Երու­­սա­­­ղէմի Պատ­­րիարքնե­­րէն Եղի­­շէ Դու­­րեան, Թոր­­քոմ Քու­­շա­­­կեան եւ այս ցան­­կը կա­­րելի է եր­­կա­­­րել։ Բո­­լորն ալ կա­­րեւոր հետք թո­­ղած են հայ գրա­­կանու­­թեան մէջ։ Աշա­­կերտնե­­րը պէտք է իմա­­նան այս անուննե­­րը։ Տե­­ղակա­­նու­­թիւնը կա­­րեւոր է։ Ան­­շուշտ ու­­րիշ տե­­ղերու գրող­­ներն ալ պի­­տի ճանչնանք, բայց կա­­րեւոր է մեր ապ­­րած քա­­ղաք­­նե­­­րու վրայ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծածնե­­րու հետ հա­­ղոր­­դո­­­ւիլը։


ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com






Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+