Պատրիարք Սրբազան Հօր Նախագահութեամբ Պալեան Ընտանիքի Յիշատակութիւն -
Պատրիարք Սրբազան Հօր Նախագահութեամբ Պալեան Ընտանիքի Յիշատակութիւն
ՀԱՅՃԱՐ»ի նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, կը յիշատակուին յայտնի ճարտարապետներու գերդաստան՝ Պալեան ընտանիքի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 2021, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ Գերեզմանատան մէջ, հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներէն Հրաչ Գըրմըզեան, Կիւլիզար Արթուչի Ատենապետած ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան անդամներն ու հրաւիրեալներ։
Պալեաններու յուշադամբանի մօտ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան, մասնակցեցան նաեւ՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան ու դպիրներ։
Կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ յանուն միութեան ողջոյնի խօսք արտասանեց Կիւլիզար Արթուչ եւ երախտիքով յիշատակեց Ստանպուլի նախորդ քաղաքապետ լուսահոգի Քատիր Թոփպաշը, որ Պալեաններու յուշադամբանին պատրաստութեան փուլին իր կարեւոր ներդրումը բերած էր։ Այս առիթով ներկայացուց ՀԱՅՃԱՐ-ի ներդրումով հրատարակութեան պատրաստուած «BALYANLAR» գիրքը եւ գլխաւորութեամբ հեղինակ Պիւքէ Ուրասին, գրքի պատրաստութեան ներդրում բերած բոլոր անձանց շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ըստ Արթուչի, գիրքը ակադեմական եւ ճարտարապետական շրջանակներէ ներս ընդունելութիւն գտած էր։ Իր խօսքի աւարտին, բարեմաղթանք մը կատարեց եւ ըսաւ, որ Պալեան Ընտանիքի անդամներուն աշխատութիւններէն միոյն գտնուած յարմար հրապարակ մը, Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամներուն նախաձեռնութեամբ վերակոչուի Պալեան Ընտանիքի անունով։
Յաջորդաբար խօսք առաւ, Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին եւ դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Պալեան Ընտանիքի գործունէութեան մասին, որուն որպէս արդիւնքը պատմական Ստանպուլ քաղաքը հարստացած էր բազմաթիւ կոթողային ճարտարաշինութիւններով։ Այս առթիւ, յայտնեց թէ՝ ներկայացուած վերանուանումի փափաքը շատ տեղին էր եւ այս միոյն չգոյութիւնը պակասութիւն որակեց։ Այս առթիւ, խօստացաւ որ կարելին ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ընտանիքը արժանավայել ձեւով յիշատակուի Ստանպուլի մէջ։
Հանդիսութեան հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ յայտնեց, թէ՝ Պալեան Ընտանիքի աշխատութիւնները Հայկական զուտ ճարտարապետութենէ աւելի, նախ եւ առաջ կը ներկայացնէին այս երկրի հողերուն հսկայ պատմութենէն բխած մշակութային համադրութիւնը։ Աւաղ որ, շատեր տեսնելով եւ զմայլելով հանդերձ այս ճարտարաշինութիւններուն, չեն գիտեր, թէ՝ աշխատութեանց հեղինակներն են Պալեան Ընտանիքի անդամները։
Պատրիարք Հայրը, ուրախութեամբ ողջունեց նաեւ Էքրէմ Իմամօղլուի դրական մերձեցումը, հրապարակի մը Պալեան անունով կոչուելու կապակցութեամբ եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար ականատեսը կը դառնանք, որ որոշ շրջանակներէ ներս «Հայ» բառը ատելութիւնը կը խորհրդանշէ։ Սակայն ես կը փափաքիմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Հայ» բառը անցեալի նման ընկալուի այս երկրին պտղատուութեան խորհրդանիշներէն մին։ Որովհետեւ Պալեան Ընտանիքի նման բազում Հայեր, յօգուտ այս երկրին իրենց ծառայութիւնը բերած են»։ Պատրիարք Հայրը, յոյս յայտնեց, որ իր բարեմաղթութիւնը իրականանայ եւ թարմ միտքեր իրենց որակաւոր ծառայութեամբ դառնան երկրին շինիչ տարերը ինչպէս եղած էին անցեալին։
Հանդիսութեան աւարտին, Պալեաններու յուշադամբանի ճարտարապետ Դաւիթ Այնալըի, Ստանպուլի Մշակութային Հիմնարկի Ատենապետ Փէրիհան Եիւճէլի, Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր յանձնուեցան, «BALYANLAR Osmanlı Mimarlığı ve Balyan Arşivi» գրքին երկրորդ եւ առաւել եւս ընդլայնուած հրատարակութենէն օրինակներ։
Bu haber turkiyeermenileripatrikligi kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (turkiyeermenileripatrikligi) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(turkiyeermenileripatrikligi). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com