​Ուրախ Հալէպը եւ իր ցաւերը - Հայերէն
28 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Սիմ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

28 Temmuz 2021  

​Ուրախ Հալէպը եւ իր ցաւերը -

​Ուրախ Հալէպը եւ իր ցաւերը ​Ուրախ Հալէպը եւ իր ցաւերը

Զարմանալի է հալէպահայը:

Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն Հալէպ այցելողը այն տպաւորութիւնը կը ստանայ, թէ հալէպահայերը աշխարհի ամէնէն ուրախ մարդիկն են, անհոգ, անցաւ եւ անտարտ:

Այս ամիսներուն, երբ արդէն պետական աւարտական քննութիւնները վերջացած կ’ըլլան, մեր դպրոցները պրովէի եւ պաքալորիայի աւարտական իրենց հանդէսները կը պատրաստեն: Հանդէսները կ’ընդգրկեն գեղարուեստական եւ վկայականաց բաշխման բաժիններ:

Այս տարուան բոլոր դպրոցներուն գեղարուեստական բաժինները կը վերաբերէին Արցախեան վերջին պատերազմին, ոմանք շեշտը կը դնէին դաւաճանութեան վրայ, ուրիշներ, միակ յանցաւորը կը նկատէին Թուրքիան, բայց բոլորն ալ կը վստահեցնէին, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ կորուսեալ հողերու վերադարձ…

Այս հանդիսութիւններուն ո՛չ արհամարհելի նուիրատուութիւններ ալ կ’ըլլան: Նուիրատուութիւններ ալ կ’ըլլան նաեւ Սուրիայէն դուրս գտնուող տուեալ վարժարանին շրջանաւարտներու կողմէ. Այս պարագան շատ կարեւոր է սուրիական լիրայի արժեզրկութեան ներկայ պայմաններուն մէջ:

Այս տարի եւս, հանդիսութիւններէն ետք տեղի ունեցան ուրախ խրախճանքներ: Ամէն մէկ դպրոց քաղաքի լաւագոյն ճաշարաններէն մէկուն մէջ հաւաքեց աշակերտներն ու անոնց ծնողները, նաեւ ազգական-բարեկամներ: Ո՛չ մէկուն հոգն էր, թէ որքան կը վճարէր, ոչ մէկը հոգ կ’ընէր, թէ որքան սուղ կ’արժէր նման երեկոյթի մը ընտանեօք ներկայ գտնուիլը:

Ուրախ մարդիկ են հալէպահայերը, նման երեկոյթներուն մինչեւ առտու կը պարեն անոնք, ոեւէ մէկուն մտքէն չ’անցնիր միւսէն շուտ տուն երթալ. քանի դեռ կը նուագեն ու կ’երգեն նուագախումբերը բոլորը կը շարունակեն պարել:

Երբ պարել կ’ըսեմ, շարժիլ հասկցէք. Որովհետեւ պարահրապարակը նեղ կու գայ մեծաթիւ պարողներուն համար: Այս պարագան իր առաւելութիւնն ալ ունի, ոչ մէկը կը նշմարէ պարել գիտնալդ կամ չգիտնալդ:

Պարել չգիտնալդ չեն նշմարեր, բայ ուշի ուշով կ’ուսումնասիրեն, թէ ո՛վ, ի՛նչ հագած է՝ ճաշակաւո՞ր, թէ՞ անճաշակ, նո՞ր կարուած է, թէ՞ ոչ, կա՞րճ է, թէ՞ շատ կարճ…

Մէկ բան նկատելի է, թէ բոլորն ալ քիչ կը խմեն:

Ուրախ, շատ ուրախ երեկոյ մը կ’անցընեն, այդ խրախճանքներուն մասնակիցները, որոնք սակայն յաջորդ օր շատ տխրօրէն պիտի սկսին մտմտալ, թէ ինչպէ՞ս պիտի յաջողին գոցել ընտանեկան առանց այդ ալ միշտ անբաւարար պիւտճէն:

-Մէկ օրուայ թագաւորութիւնն ալ թագաւորութիւն է, կ’ըսեն հալէպահայերէն շատեր:

Ըսելը՝ ըսել, բայց գործնականօրէն երբեք ալ դիւրին չէ ծախսուած գումարին փոխարէնը բերել: Տակաւին ամսուայ սկիզբն է, ամսական աշխատավարձով ապրողները երկար ատեն պիտի չկարենան մարդավարի ուտելիքով սնանիլ. շաբաթներով միս պիտի չմտնէ իրենց տուն (ի՛նչ ընենք, արդէն չէր մտներ), քանի մը ամիս թաքսի պիտի չնստին տան անդամները (վնաս չունի, արդէն վարժուած են քալելով երթեւեկել): Պտուղը՞, պտուղը միշտ ալ չափազանց սուղ է եւ արդէն շատեր պտուղին ի՞նչ ըլլալը շատոնց մոռցեր են: Հապա՞ ելեկտրածին շարժիչներէ գնուող ամփէրները՞, որոնք ամէն շաբաթ աւելի կը սուղնան եւ արդէն պետական ելեկտրականութենէն հարիւր անգամ աւելի սուղ են, եւ արդէն մարդոց մեծ մասը միան մէկ ամփէր կը գնէ շաբաթական վճարելով 8-10 հազար եւ ամէն անգամ կը հայհոյէ թէ՛ պետութեան, թէ՛ շարժիչի տիրոջ:

Այս տարուան ամառը շատ տաք է, իսկ զովանալու միջոց բացարձակապէս չունի Հալէպցին, մանաւանդ գիշերը, երբ ո՛չ ելեկտրածին շարժիչ կայ, ո՛չ ալ ելեկտրականութիւն: Բաց պատուհանները կը ծառայեն միայն մժեղներու տուն մուտքին, նոյնիսկ հոս կը պարտուինք, չենք կրնար քնանալ, ի՞նչ ընենք, ոչինչ, համակերպած ենք, թող այլոց հետ մժեղներն ալ թող մեր արիւնը քամեն…

Ամէն ինչ «կիսայ» է մեր մօտ՝ կիսամութ, կիսածարաւ, կիսաանօթի, կիսաապահով, կիսաուրախ… կիսասուրիացի, կիսասուրիացի ըսի եւ հետեւցուցի որ կիսահայրենատէր, այսինքն ո՛չ Սուրիան մերն է ամբողջովին, ո՛չ ալ Հայաստանը, «կիսահայ» ենք, թէեւ այլ գաղութներէ աւելի լաւ հայերէն կը խօսինք տակաւին, բայց հողեղէն հայրենիքի տէր չենք զգար մենք մեզ, որովհետեւ, նախ, թէեւ Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացի ենք, բայց չխաբենք մեզ, մեծ թիւով սուրիացիներու համար բեռ կը սեպուինք արդէն, թէեւ այսօրուան իշխանութիւնները մեր հանդէպ լաւ վերաբերմունք ունին, թերեւս շատ աւելի լաւ քան սուրիական այլ փոքրամասնութիւններու հանդէպ, եւ երկրորդ, Հայաստանի ալ տէրը չենք, Հայաստանը մեզի համար կը մնայ աւելի շատ հոգեղէն հայրենիք, հակառակ անոր, որ մեզմէ շատեր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին. իրականութիւնը այն է, որ մենք կը սիրենք Հայաստանի մէջ իրաւունքներ ունենալ, իսկ անոր հանդէպ պարտականութիւններ՝ երբե՛ք:

Քիչ մը հեռուները գացինք… այդպէս է, երբ դժգոհ ես, երբ անօթի ես, երբ զաւակներդ կիսաանօթի են, եւ դուն այլեւս ծախելիք բան մը չունիս, իսկ անհաշիւ կարիքներէդ բան չես կրնար հոգալ, երբ ամէն օր ամէն ինչ կը սղի, մտքէդ ամէն գէշ բան կ’անցընես: Ինչպէս լաւ բանի մտածես. բոլոր սուրիահայերը ներկայ նախագահը ընտրեցին, յուսալով որ ամէն ինչ կը փոխուի, դէպի լաւ կ’ընթանայ: Զարմանալի մարդիկ ենք, ինչպէ՞ս կրնանք յուսալ, թէ դէպի լաւ պիտի ընթանայ երկիրը, երբ պետութիւնը ամէն ինչ կորսնցուցած է, երբ մեր ցորենը ընդդիմադիրներու հողերուն վրայ կ’աճի, նոյնը ձիթապտուղն ու բամպակը, նոյնը նաւթը, երբ ամբողջական շրջափակումի մէջ ենք, երբ պետութիւնը ո՛չ մէկ հասոյթ ունի եւ մեծ վաճառականներուն կամ գործատէրերուն հին տետրակները կը բանայ եւ որպէս տուրք անոնցմէ կը պահանջէ հսկայական տուրքեր, որոնց չափը որոշելու համար միլիոնաւոր լիրաներու հասնող կաշառք կը տրուին-կը գանձուին: Յետո՞յ, յետոյ երկիրը կանդամալուծուի, առեւտրականներուն մեծ մասը կը նախընտրէ չ’աշխատիլ: Պետութիւնը գաղթած գործատէրերը կը հրաւիրէ երկիր վերադառնալ, մինչ անոնք կը նախընտրեն Թուրքիա կամ Եգիպտոս մնալ, ուր հարիւրաւոր սուրիացիներ յաջողակ գործատէրեր են… անոնք տակաւին չեն վստահիր Սուրիոյ ապահովական վիճակին եւ պետութեան վարած տնտեսական քաղաքականութեան:

Պետութիւնը գրեթէ սնանկացած է, անճար: Հակառակ ասոր, քանի մը օր առաջ 50% աւելցուց պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերը, որ իրականութեան մէջ գրեթէ բան պիտի չփոխէ, որովհետեւ մեր անհրաժեշտ ծախսերուն համար պէտք ունինք աշխատավարձի առնուազն հնգապատիկին: Տակաւին չենք գիտեր, թէ այս յաւելումը կը վերաբերի՞ հայկական հաստատութիւններուն մէջ աշխատողներուն, այսինքն մեր դպրոցներու պաշտօնեաները յաւելում պիտի ստանա՞ն:

Արդար ըլլալու համար պէտք է արձանագրել, որ մեր դպրոցներու պատասխանատուները անելանելի վիճակի մը մէջ կը գտնուին. Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ մեր ուսուցիչներուն աշխատավարձերը շատ հեռու են անոնց ընտանիքներուն արժանապատիւ կեանք մը ապահովելէ.

-Նիւթական միջոցներ չունինք, միայն դուրսէն եկող օգնութիւններով կը պահենք դպրոցը,- կ’ըսեն կրթական պատասխանատուները ու կ’աւելցնեն.- Ուսուցիչները պէտք է հասկնան:

Ուսուցիչները կը հասկնան, շատ լաւ կը հասկնան, բայց հասկնալը իրենց զաւակներուն նոր հագուստ չի կրնար գնել…

Յունիս- Յուլիս ամիսներու սուտլիկ ուրախութիւնները խաբուսիկ են, ամէն մէկ ընտանիք իր կոտրած տաշտակին առջեւ պիտի շարունակէ ապրիլ, նշանուածները անընդհատ պիտի յետաձգեն իրենց ամուսնութիւնը.

-Պսակուող չկայ.- կը բողոքէր վերջերս բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մին:

Երանելի օրերուն, կը յիշէ՞ք, ամրան պսակի հարիւրաւոր ծէսեր կը կատարուէին, ամիսներով հերթի կը կենային պսակուողները, խրախճանքի համար բարձրակարգ բոլոր ճաշարանները ամիսներ առաջ գրաւուած կ’ըլլային:

-Ծնունդներն ալ շատ քիչ են,-ցաւով կ’աւելցնէր այլ կրօնական մը:

Ամբողջ տարուայ ընթացքին, աշխարհ եկող հալէպահայ մանուկներուն թիւը մի քանի տասնեակը չ’անցնիր: Օրինակ, 2016-ին ՝ 150 հայ մանուկներ ծնած էին, 2017-ին՝ 110, 2018-ին՝ 90, 2019-ին եւ 2020-ին միասին՝ կարծեմ 150…

Համալսարանական ուսանողները քիչ թէ շատ տանելի վիճակ մը ունին, մանաւանդ անոնք, որոնք ձրիաբար կ’ուսանին, նշեմ որ, մեծ թիւով հայ համալսարանականներ զգալի կրթանպաստներ կը ստանան, միայն Հ.Բ.Ը.Միութիւնը հարիւրէ աւելի հալէպահայ ուսանողներու հայ ուսուցիչի աշխատավարձի չափով կրթանպաստ կը շնորհէ: Հոս ալ խնդիր մը կայ, ձախողած ուսանողները կրթանպաստ չեն ստանար, իսկ արական սեռի պարագային իրենք-իրենց ձախողցնող ուսանողներուն թիւը քիչ չէ՝. տղաքը դիտմամբ կը ձախողին՝ յետաձգելու համար զինուորական ծառայութիւնը, կամ մինչեւ, որ յաջողին երկրէն դուրս ճամբորդութիւն մը դասաւորել:

Ու կեանքը կը շարունակուի…

Ուրախ Հալէպը իր ցաւերով կը շարունակէ ապրիլ,

Կամ

Մեծ ցաւերով Հալէպը կը շարունակէ ապրիլ իր փոքր ուրախութիւններով…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 26 Յուլիս 2021





Bu haber civilnet kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (civilnet) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(civilnet). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+