​Աշխարհի 26 երկիրներուն մէջ հալածանքները կը խեղդեն կրօնական ազատութիւնը։ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

20 Nisan 2021  

​Աշխարհի 26 երկիրներուն մէջ հալածանքները կը խեղդեն կրօնական ազատութիւնը։ -

​Աշխարհի 26 երկիրներուն մէջ հալածանքները կը խեղդեն կրօնական ազատութիւնը։ ​Աշխարհի 26 երկիրներուն մէջ հալածանքները կը խեղդեն կրօնական ազատութիւնը։

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն հիմնարկին հրապարակած փաստաթուղթին համաձայն, կրօնական ազատութեան հիմնարար իրաւունքը, 2018 -2020 տարիներու ընթացքին, չէ յարգուած 196 երկիրներէ 62-ին մէջ։

Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Քահանայապետական հիմնարկը հրապարակեց իր 15-րդ տեղեկագիրը հայող 2021-ին աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան, որուն մէջ ընդգծուած է` թէ երեք երկիրներու վրայ մէկուն մէջ կ՛արձանագրուին կրօնական ազատութեան դէմ լուրջ ոտնձգութիւններ։

Վերոնշեալ փաստաթուղթին համաձայն, որուն ներկայացումը կատարուեցաւ այսօր` 20 ապրիլ 2021-ին, Հռոմի ու աշխարհի այլ մեծ քաղաքներու մէջ, կրօնական ազատութեան այս հիմնարար իրաւունքը չէ յարգուած 196 երկիներէ 62-ին մէջ, 2018 -2020 տարիներու ընթացքին։

26 երկիրներուն մէջ կրօնական ծանր հալածանք

«Այդ երկիրներէն 26-ին մէջ մարդիկը կը տառապին հալածանքներէ» յայտնեց Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն քահանայապետական հիմնարկի Իտալիոյ մասնաճիւղի տնօրէն` Տիար Ալեսսանտրօ Մոնթետուրօ, դիտել տալով, որ առաջին անգամ ըլլալով ցանկին մէջ ներառուեցան այլ 9 երկիրներ, որոնցմէ եօթն մաս կը կազմեն Ափրիկեան ցամաքամասին (Պուրքինա Ֆազօ, Քամերուն, Չատ, Քոմորէ, Քոնկօ, Մալի եւ Մոզամպիքը) եւ երկուքը Ասիական ցամաքամասին (Մալեզիա եւ Սրիլանքան)։

Այս հալածանքներու Հիմնական պատճառը Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ աստիճանական արմատականացումն է, յատկապէս ենթասահարական և արևելեան շրջաններուն մէջ, որտեղ ծայրայեղական խմբաւորումներու ներկայութիւնը զգալիօրէն աւելացած է» կը հաստատէ միշտ Տիար Մոնթետուրօ։

Թուային արուեստագիտութեան չարաշահումը

Տեղեկագիրը ապա քննարկած է նոր երեւոյթ մը` այն է թուային արուեստագիտութեան չարաշահումը, որուն շարքին «cyber networks»ը, որ աւելիով տարածուած է Չինաստանի մէջ թէեւ օգտագործուած է նաեւ ժիհատիսթներու կողմէ։

Աշխարհի բնակութեան 67 առ հարիւրը այսօր կ՛ապրի երկիրներու մէջ ուր կ՛իրագործուին կրօնի ազատութեան իրաւունքի խախտումներ ու այդ ցանկին առաջին տեղերը կը գրաւեն Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Փաքիստանը։

«Քաղաքավար հալածանքի» երեւոյթը

Արեւմուտքի մէջ ապա տարածուած է «քաղաքավար հալածանքի» երեւոյթը ինչպէս կը յայտնէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, նկարագրելու համար նոր մշակութային միտումներու և խղճի ազատութեան անհատական ​​իրաւունքներու միջեւ հակասութիւնը, ուր փորձ կը կատարուի կրօնը սահմանափակել միայն աղօթատեղիներու շրջագիծէն ներս:

Տեղեկագիրին մէջ կարող չէին պակսիլ նաեւ Քովիտ19 ժահրին ազդեցութիւնները կրօնական ազատութեան իրաւունքին վրայ։ Մի քանի երկիրներու մէջ արդարեւ, որոնց շարքին Փաքիստանն ու հնդկաստանը, կրօնական փոքրամաս հասարակութիւնները զերծ մնացին մարդասիրական օգնութիւններէ, եւ որոշ խումբեր մեղադրուեցան որպէս համաճարակի տարածման դերակատարներ։ Համաճարակը օգտագործուեցաւ որպէս պատրուակ` աւելիով սրացնելու խտրականութիւնը որոշ կրօնական խումբերու նկատմամբ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+