Քահանայապետը «Urbi et Orbi» պատգամին մէջ յիշեց Լեռնային Ղարաբաղը։ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

25 Aralık 2020  

Քահանայապետը «Urbi et Orbi» պատգամին մէջ յիշեց Լեռնային Ղարաբաղը։ -

Քահանայապետը «Urbi et Orbi» պատգամին մէջ յիշեց Լեռնային Ղարաբաղը։ Քահանայապետը «Urbi et Orbi» պատգամին մէջ յիշեց Լեռնային Ղարաբաղը։

«Պատմական այս պահուն, յատկանշուած բնապահպանական ճգնաժամէն ու տնտեսական եւ ընկերային ծանր անհաւասարութիւններէն, որոնք աւելիով ծանրացած են քորոնվիարուսի համաճարակի հետեւանքով, մենք աւելի քան երբեք կարիքը ունինք եղբայրութեան» հաստատեց Սրբազան Պապը ու նշեց թէ «Երկխօսութիւնը միակ ճանապարհն է, որ կը տանի խաղաղութեան եւ հաշտութեան»։Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը՝ 25 դեկտեմբերին, Քահանայապետերը Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին կ՛ուղղեն Ծննդեան պատգամ եւ «Urbi et Orbi» այսինքն Հռոմ քաղաքի եւ համայն աշխարհի ուղղուած առաքելական օրհնութիւնը։

Այս տարի Քովիտ 19 ժահրի համաճարակի պատճառաւ եւ Իտալիայի մէջ անոր տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ որդեգրուած սահմանափակումներու հետեւանքով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը վերոնշեալ պատգամն ու օրհնութիւնը գլխաւորեց ուղիղ եթերի կապով Առաքելական պալատի «Օրհնութիւններու դահլիճէն»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով պատգամին ու կրկնելով Եսայի Մարգարէին խօսքերը «Մանուկ մը ծնաւ, որդի մը տրուեցաւ մեզի»: (Ես 9, 5):

«Մանուկ մը ծնաւ ու ծնունդը միշտ աղբիւր է յոյսի, նորածին կեանքի, ապագայի խոստումի», ըսաւ Սրբազան Պապը ու «այս Մանուկը՝ Յիսուս, ծնաւ մեզի համար» աւելցուց Ան հաստատելով, որ «Ան ծնաւ բոլորի համար անխտիր, առանց բացառութեան, Աստուած զայն պարգեւեց համայն մարդկային ընտանիքին։ Շնորհիւ այդ Մանուկին բոլորս կարող ենք Աստուծոյ դիմել զԱյն կոչելով «Հայր» ու այդ Մանուկին շնորհիւ բոլորս կարող ենք մէկը միւսը կոչել եւ ըլլալ իսկապէս եղբայրներ»։

Կարիքը ունինք եղբայրութեան։

«Պատմական այս պահուն, յատկանշուած բնապահպանական ճգնաժամով ու տնտեսական եւ ընկերային ծանր անհաւասարութիւններով, որոնք աւելիով ծանրացած են քորոնվիարուսի համաճարակի հետեւանքով, մենք աւելի քան երբեք կարիքը ունինք եղբայրութեան։ Եւ Աստուած մեզի այդ եղբայրութիւնը կը նուիրէ մեզի պարգեւելով իր Որդին՝ Յիսուսը, եղբայրութիւն, որ հիմնուած է իսկական սիրոյ վրայ, կարող հանդիպելու միւսին, որ մեզմէ տարբեր է, տարբեր սակայն եղբայր ու քոյր է եւ այս մէկը վաւեր է նաեւ ազգերու եւ ժողովուրդներու փոխյարաբերութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հայցելով, որ Մանուկը մեզ օգնէ, որպէսզի ըլլանք տրամադիր, առատաձեռն, զօրակից մասնաւորապէս աւելի դիւրաբեկ, հիւանդ ու կարիքի մէջ գտնուող մարդոց նկատմամբ։

Սահման չի ճանչցող համաճարկը դիմագրաւել միասնաբար

Թող որ Աստուծոյ Որդին ներշնչէ անոնք՝ որոնք քաղաքական ու կառավարական պատասխանատուութիւններ ունին դիմելու վերանորոգուած միջազգային համագործակցութեան սկսեալ առողջապահական ասպարազէն, որպէսզի բոլորին երաշխաւորուի պատուաստի հասանելիութիւնն ու խնամքը։ Ի տես սահման չի ճանչցող մարտահրաւէրին կարելի չէ պատնէշներ կառուցել։ Ամէնքս նոյն նաւուն վրայ կը գտնուինք։ Ամէն մէկ անձ իմ եղբայրս է։ Իւրաքանչիւրի մէջ կը տեսնեմ Աստուծոյ դէմքին ցոլացումը ու տառապողներուն մէջ կը նշմարեմ Տէրը որ իմ օգնութիւնս կը հայցէ։ Զայն կը տեսնեմ հիւանդ, աղքատ, անգործ, բացառուած, գաղթական ու փախստականին մէջ։

Մանուկ Յիսուսը պաշտպանէ աշխարհի մանուկները

Այն օրուան մէջ երբ Բանն Աստուծոյ կը դառնայ մանուկ, մեր հայեացքը ուղղենք համայն աշխարհի բազմաթիւ մանուկներուն, մասնաւորապէս Իրաքի, Եմենի եւ Սուրիոյ մանուկներուն, որոնք տակաւին կը վճարեն պատերազմին սուղ գինը։ Անոնց դէմքերը թող ցնցէ բարի կամքի մարդոց խիղճը, որպէսզի դիմագրաւուին հակամարտութիւններուն պատճառները ու համարձակօրէն ձգտինք կերտելու խաղաղութեան ապագայ:

Միջին Արեւելք՝ Սուրիա, Իրաք, Լիպիա։

«Թող այս ըլլայ պատեհ ժամանակը նուազեցնելու լարուածութիւնները համայն Միջին Արեւելքի եւ Արևելեան Միջերկրականի մէջ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը Յիսուս Մանուկէն հայցելով որ բուժէ սիրելի սուրիացի ժողովուրդին վէրքերը, որ տասը տարի է ի վեր սպառած է պատերազմէն ու անոր հետեւանքներէն, մխիթարութիւն պարգեւէ Իրաքի ժողովուրդին, ու հաշտութեան գործընթացքի մէջ ներգրաւուած անձերուն, յատկապէս Եզիդիներուն, որոնք պատերազմի տարիներուն ծանրապէս վնասուեցան։ Թող խաղաղութիւն հաստատէ Լիպիայի մէջ ու թոյլ տայ որ սկիզբ առնէ բանակցութիւններու նոր գործընթաց։

Սուրբ Երկիր

Բեթղեհէմէ Մանուկը եղբայրութիւն պարգեւէ այն հողամասին որ ակնատէս եղաւ անոր ծննդեան։ Իսրայէլացիներն ու Պաղեստինցիները վերագտնեն փոխադարձ վստահութիւնը որոնելու համար արդար ու մնայուն խաղաղութիւն երկխօսութեան մը միջոցաւ, որ կարող ըլլայ յաղթահարել բռնութիւնը ու աշխարհին վկայել Եղբայրութեան գեղեցկութիւնը։

Լիբանան

Աստղը որ լուսաւորեց Ծննդեան գիշերը ըլլայ ուղեցոյց եւ քաջալերանք Լիբանանի Ժողովուրդին համար, որպէսզի Միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ չի կորսնցնէ յոյսը։ Խաղաղութեան Իշխանը օգնէ Երկրին Ղեկավարները մէկդի դնելու իրենց մասնաւոր շահերը ու թափանցիկութեեան եւ լրջութեան յանձնառումով այնպէս ընեն, որ Լիբանանը իրականացնէ բարեկարգումներու ճանապարհ մը ու շարունակէ իր ազատութեան եւ խաղաղ համակեցութեան կոչումը։

Լեռնային Ղարաբաղ։

“Ամենաբարձրեալի Որդին թիկունք կանգնի միջազգային հասարակութեան եւ ներգրաւուած Երկիրներու յանձնառութեան, շարունակելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարը, ու այն նաեւ Ուկրանիայի արևելեան շրջաններու մէջ, եւ խթանելու երկխօսութիւնը՝ որ միակ ճանապարհն է, որ կը տանի դէպի խաղաղութիւն և հաշտութիւն։”

Ափրիկէի համար խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն։

Աստուածային Մանուկը մեղմացնէ Պուրքինա Ֆազոյի, Մալիի, Նիճերի ժողովուրդներուն ցաւերը, որոնք զինեալ բախումներու հետեւանքով եւ համաճարակի եւ այլ բնական աղէտներու պատճառաւ թիրախ են մարդասիրական ճգնաժամի։ Թող դադրեցնէ բռնութիւնները Եթովպիայի մէջ ու մխիթարութիւն պարգեւէ Մոզամբիկի հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Քապօ Տելկատոյի բնակչութեան, թող խրախուէ Հարաւային Սուտանի, Նիճերիայի և Քամերունի ղեկավարները շարունակելու համար ձեռնարկուած եղբայրութեան և երկխօսութեան ճանապարհը:

Ամերիկայի տարածաշրջան եւ Ասիական ցամաքամասը

«Հօր յաւիտենական Բանը ըլլայ յոյսի աղբիւր Ամերիկեան ցամաքամասին, որ յատուկ կերպով թիրախ է քորոնավիրուսին, որ սրացուցած է նաեւ կաշառակերութեան եւ թմրեցուցիչի վաճառքի պատճառած տառապանքները», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յիշելով յատկապէս Չիլին եւ Վենեզուելլան, հուսկ ակնարկելով Ֆիլիփինեան կղզեխումբի ու Վիեթնամի մէջ բնական աղէտներուն հայցելով Երկնքի թագաւորին պաշտպանութիւնը։

Սրբազան Պապը հուսկ յատուկէն յիշեց նաեւ Ռոհինճա ցեղախումբը մաղթելով՝ որ Յիսուս որ ծնաւ աղքատ աղքատներուն մէջ անոնց պարգեւէ յոյսը։

Ցաւն ու չարը վերջին խօսքը չունին

«Մանուկ մը ծնաւ մեզի համար» Ան եկաւ մեզ փրկելու։ Ան մեզի կը հռչակէ որ ցաւն ու չարը չունին վերջին խօսքը։ Բռնութիւններուն եւ անարդարութիւններուն յանձնուիլը պիտի նշանակէ մերժել Ծննդեան յոյսն ու ուրախութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամի աւարտին յատուկէն յիշեց բոլոր անոնք՝ որոնք թոյլ չեն տար ճնշուիլ անբարենպաստ իրադարձութիւններէն ու կը գործեն յոյս, մխիթարանք եւ օգնութիւն տանելով տառապողներուն։

Ընտանիքը Օրրան եղբայրութեան, խաղաղութեան ու սիրոյ

«Յիսուս ծնաւ մսուրի մէջ, բայց պարուրուած Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի սիրով։ Այս պահուս միտքս կը յղեմ բոլոր ընտանիքներուն», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը։ Բոլորի համար Ծնունդը առիթ է վերագտնելու ընտանիքը, որպէս կեանքի եւ հաւատքի օրրան, ընկալող սիրող վայր մը, վայր երկխօսութեան, ներումի, եղբայրական զօրակցութեան եւ բաժնեկցուած ուրախութեան, աղբիւր խաղաղութեան համայն մարդկութեան համար։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈԻՐԲ ԾՆՈԻՆԴ Բոլորի՜դ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+