​Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Kasım 2020  

​Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայ -

​Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայ ​«Թրքական Հետախուզութիւնը Կը Մասնակցի Ղարաբաղեան Զարգացումներուն. Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզական Ծառայութիւնը Ատիկա Կը Զգայ» Կ՛ըսէ Նարիշքին

Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքին:

«Թրքական հետախուզութիւնը կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն: Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը ատիկա կը զգայ եւ աշխատանքի առանձին տարրեր կը տեսնէ», ըսած է Նարիշքին:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մարտերուն մէջ Սուրիայէն զինեալներու մասնակցութեան վերաբերեալ, նաեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու գործընկեր գաղտնի սպասարկութիւններէն յստակ տուեալներ ստացած է:

Նարիշքինի համաձայն, իր ղեկավարած ծառայութիւնը «յստակ տեղեկութիւններ ունի մարտական գօտիին մէջ ահաբեկիչներու ներկայութեան մասին, ներառեալ Միջին Արեւելքէն ու նախ եւ առաջ Սուրիայէն եկածները»:

«Այս տուեալները մենք կը ստանանք շարք մը երկիրներէ, տարբեր աղբիւրներէ եւ մեր տարբեր գործընկերներէն, Միջին Արեւելքի մէջ գործընկեր ծառայութիւններէն», ըսած է Նարիշքին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+