​Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւն. Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրելու Մօտ Է - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

07 Kasım 2020  

​Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւն. Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրելու Մօտ Է -

​Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւն. Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրելու Մօտ Է ​Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւն. Պայտըն Յաղթանակ Արձանագրելու Մօտ Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն Փենսիլվանիոյ մէջ քուէներու 98 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք կը թուի մօտ ըլլալ յաղթանակի: Պայտըն մինչեւ հիմա նախագահ ընտրուելու համար պէտք եղած 270 կէտերէն 253 կէտ ապահոված է, իսկ անոր մրցակիցը` գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ` 213: Փենսիլվանիա նահանգը 20 կէտ ունի, եւ այդտեղ յաղթանակ արձանագրելով քսան կէտերը ապահովելու պարագային Պայտըն ընտրութեան մէջ յաղթանակ պիտի արձանագրէ` անկախ մնացեալ նահանգներու մէջ արդիւնքներէն:

Պայտըն նաեւ Ճորճիա նահանգին մէջ քուէներու 99 առ հարիւրին հաշուարկէն ետք չնչին առաւելութիւն ձեռք ձգած է: Նոյնն է պարագան Նեւատա եւ Արիզոնա նահանգներուն: Անկախ Փենսիլվանիա նահանգի արդիւնքէն, վերջին երեք նահանգներէն երկուքին մէջ եւս յաղթանակը բաւարար պիտի ըլլայ, որ ան ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրէ:

Կը նախատեսուի, որ ընտրութեան մասնակցութիւնը 66,9 առ հարիւր ըլլայ, ինչ որ անցնող 120 տարուան ընթացքին բարձրագոյնն է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+