​Սրբուհի Մարիամ, աղօթէ՛ մեզի համար». Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը Տիրամօր - Հայերէն
15 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Արամազդ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

15 Ağustos 2026  

​Սրբուհի Մարիամ, աղօթէ՛ մեզի համար». Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը Տիրամօր -

​Սրբուհի Մարիամ, աղօթէ՛ մեզի համար». Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը Տիրամօր ​Սրբուհի Մարիամ, աղօթէ՛ մեզի համար». Լեւոն ԺԴ. Պապին աղօթքը Տիրամօր

Սրբազան Քահանայապետը 15 օգոստոսին գլխաւորած Մարեմեան աղօթքի աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյսին «մայրական բարեխօսութիւնը այն համայնքներուն անունով, որոնք մխիթարուելու եւ յուսալ շարունակելու առանձնայատուկ պէտքը ունին»։ Ան յատուկէն աղօթեց պատերազմներէն տառապողներուն եւ հալածուած քրիստոնեաներուն համար։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 15 օգոստոսին` Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Երկինք վերափոխման տօնին օրը, Լեւոն ԺԴ. Պապը Քասթել Կանտոլֆոյի Առաքելական Պալատի մուտքէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած այս տօնին առիթով հաստատեց.

«Մարիամ Ամենասուրբը, երկնքի փառքին մէջ վերափոխուած, Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին համար յոյսի եւ մխիթարութեան նշան է։ Այս պատճառով, այսօր կը փափաքիմ հայցել անոր մայրական բարեխօսութիւնը այն համայնքներուն անունով, որոնք մխիթարուելու եւ յուսալը շարունակելու առանձնայատուկ պէտքը ունին»

«Միտքս են Սուրբ Երկրի եղբայրներն ու քոյրերը, որ գերազանցապէս նաեւ Մարիամի Երկիրն է։ Միտքս են ուքրանացի ժողովուրդը եւ ռուս ժողովուրդը, երկուքն ալ որդիական ջերմեռանդութեամբ կապուած Աստուածամօր։ Միտքս են այն քրիստոնեաները, որոնք խտրականութենէ կամ նոյնիսկ հալածանքէ կը տառապին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաւաստիացնելով նաեւ թէ «այս օրերուն կը շարունակէ աղօթել Քոլոմպիայի բնակչութեան համար, որ կը տառապի երկրաշարժին պատճառով»։

«Կը միանամ այս համայնքներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ կ'ապրին, եւ անոնց հետ միասին կը պաղատիմ. «Սուրբ Մարիամ, աղօթէ՛ մեզի համար» եղաւ Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը որ ապա ողջունեց ։ Քասթել Կանտոլֆոյի հաւատացեալները եւ Իտալիայէն ու այլ երկիրներէն եկած ուխտաւորները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար, ու նաեւ անոնց աղօթքին համար։

«Բոլորիդ կը մաղթեմ կարենալ հանգիստի ժամանակ մը անցընել՝ մարմինն ու հոգին վերաթարմացնելու համար, նաեւ լաւ ընթերցումներով եւ բնութեան հետ շփումով։ Բարի տօն այսօրուան համար եւ ցտեսութիւն վաղը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. հրաժեշտ առնելով բոլոր ներկաներէն։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+