​Մարիամ՝ հոգիով եւ մարմնով բարձրացաւ երկինք - Հայերէն
15 Ağustos 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Նավասարդ / Օր : Արամազդ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

15 Ağustos 2026  

​Մարիամ՝ հոգիով եւ մարմնով բարձրացաւ երկինք -

​Մարիամ՝ հոգիով եւ մարմնով բարձրացաւ երկինք ​Մարիամ՝ հոգիով եւ մարմնով բարձրացաւ երկինք

Վերափոխման տօնը կը յիշեցնէ մեզի, որ Մարիամ, իր կեանքի աւարտին, հոգիով եւ մարմնով երկինք վերափոխուեցաւ եւ միացաւ իր աստուածային Որդւոյն։ Այս առանձնաշնորհումը կապուած է նաեւ անոր Անարատ Յղութեան հետ. Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ Մարիամ անարատ յղացուած էր եւ, իր կեանքի աւարտին, իր մարմինը փտութեան չմատնուեցաւ։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն մէկն է։ Այս տօնին կը յիշատակուի Ս. Կոյս Մարիամի ննջումը եւ երկինք վերափոխումը։ Քրիստոնէական Արեւելքի մէջ այն արդէն Զ. դարէն կը տօնուէր «Ս. Կոյսի Ննջում» անունով։

Վերափոխման տօնը կը յիշեցնէ մեզի, որ Մարիամ, իր կեանքի աւարտին, հոգիով եւ մարմնով երկինք վերափոխուեցաւ եւ միացաւ իր աստուածային Որդւոյն։ Այս առանձնաշնորհումը կապուած է նաեւ անոր Անարատ Յղութեան հետ. Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ Մարիամ անարատ յղացուած էր եւ, իր կեանքի աւարտին, իր մարմինը փտութեան չմատնուեցաւ։

Այս խորհուրդները ամբողջութեամբ մարդկային խելքով չենք կրնար հասկնալ, սակայն անոնց կը հաւատանք Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան եւ վարդապետութեան հիման վրայ։

Մարիամ Աննայի եւ Յովակիմի դուստրն էր։ Ան իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ եւ խոնարհութեամբ։ Լուռ կերպով ընկերակցեցաւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, մինչեւ անոր խաչելութիւնը, մահը եւ Յարութիւնը։ Տիրոջ Համբարձումէն ետք, աւանդութեան համաձայն, ան ապրեցաւ Յովհաննէս Առաքեալի խնամքին տակ եւ ապա վերափոխուեցաւ երկինք։

Հայ Եկեղեցին Մարիամը կը պատուէ իբրեւ Աստուածածին, Աստուծոյ Մայր, Շնորհքով լեցուն եւ կիներուն մէջ Օրհնեալ։ Ան, իր սրբութեամբ եւ անաղարտութեամբ, դարձած է քրիստոնէական Եկեղեցւոյ սիրելի Մայրը եւ բարեխօսը հաւատացեալներուն։

Վերափոխման տօնին Հայ Եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որուն կը յաջորդէ խաղողօրհնէքը։ Խաղողը օրհնելով՝ հաւատացեալները տարուան բերքի առաջին պտուղները Աստուծոյ կը նուիրեն։ Այս արարողութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքը. «Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը»։

Տօնը յատուկ տեղ ունի նաեւ Զմմառու Միաբանութեան կեանքին մէջ, որ կը գտնուի Ս. Աստուածածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Դարեր շարունակ Հայ Եկեղեցին Ս. Կոյսին նուիրած է գեղեցիկ շարականներ, տաղեր եւ աղօթքներ՝ արտայայտելով իր խոր սէրն ու ակնածանքը։

Վերափոխման տօնը մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայութիւնը, սրբութիւնը եւ յոյսը կ'առաջնորդեն դէպի յաւիտենական կեանք։






Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+