Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Համաձայն` Սելիմ Այյաշ Սպաննած Է Ռաֆիք Հարիրին -
Միջազգային Դատական Ատեանին Վճիռին Համաձայն` Սելիմ Այյաշ Սպաննած Է Ռաֆիք Հարիրին
Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ Լա Հէյի մէջ գումարեց զոյգ նիստեր, որոնց աւարտին հաստատեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննած է Սելիմ Այյաշը:
15 տարուան հետաքննութենէ, դատավարութիւններէ եւ աշխատանքէ ետք, Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը, որուն համար Լիբանան շուրջ 1 միլիառ տոլարի գումար ներդրեց, մէկուկէս տասնամեակ ետք եկաւ նոյն տեղեկութիւնները կրկնելու եւ նոյն կասկածելիներուն եւ ամբաստանեալներուն մասին խօսելու` հաստատելով, որ շօշափելի փաստեր ընդհանրապէս չկան:
Ըստ Միջազգային դատական ատեանին, Սելիմ Ժամիլ Այյաշ յանցաւոր է, որովհետեւ ան մեղսակից է դաւադրութեան եւ մասնակից Հարիրիի միտումնաւոր սպանութեան` օգտագործելով պայթուցիկ նիւթեր եւ ուղղակի թիրախ դարձնելով Ռաֆիք Հարիրին եւ 21 քաղաքայիններ, ինչպէս նաեւ մահափորձի ենթարկելով 126 ուրիշներ:
Ատեանը ընդգծեց, որ Այյաշ ուղղակիօրէն կապ ունէր Հըզպալլայի հետ:
Միջազգային դատական ատեանին համաձայն, Հասան Մերհի, Հիւսէյն Օնայսի եւ Ասատ Հասան Սապրա իրենց ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւններէն անմեղ են, «իսկ յանցագործ Մուսթաֆա Պատրէտտին, որ Հըզպալլայի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ, ստանձնած էր Հարիրիի շարժումներուն հետեւելու եւ յարձակումը համադրելու պարտականութիւնը: Սակայն Միջազգային դատական ատեանը չի կրնար եզրակացնել, թէ Պատրէտտին յղացած է Ռաֆիք Հարիրին սպաննելու միտքն ու ծրագիրը», նշուեցաւ ատեանին կողմէ:
Նշենք, որ Միջազգային դատական ատեանը զոյգ նիստերուն ընթացքին ներկայացուց տուեալներ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած էին իր աշխատանքին:
Այդ ծիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանը հաստատեց, որ չկան յստակ փաստեր, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը պատասխանատու է այդ սպանութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններ գոյութիւն ունէին:
Դատարանը ընդգծեց, որ օրին Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ համար Հարիրիի սպանութիւնը շահեր կրնար ապահովել, սակայն ոչ մէկ փաստ կայ, որ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը կամ Սուրիան ծրագրած են Հարիրիի ահաբեկումը:
Լիբանանի յատուկ միջազգային դատարանը 21 սեպտեմբերին պիտի յայտարարէ Ռաֆիք Հարիրին սպաննողին պատիժը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանի առաջին եւ երկրորդ նիստերուն, իր հօրը` Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան վճիռը լսելէ ետք յայտնեց, որ Հարիրի ընտանիքը կ՛ընդունի Միջազգային դատական ատեանին վճիռը եւ կը փափաքի արդարութիւնը գործադրել:
«Ոչ մէկ զիջում հօրս թափած արեան իմաստով: Ռաֆիք Հարիրիի դէմ գործուած անարգ ոճիրին համար փողոց իջած լիբանանցիներուն ցասումը ճշմարտութիւն է, արդարութիւնը այսօր ճշմարտութիւն դարձաւ, տակաւին կը մնայ սպասել արդարութեան գործադրութեան իրականութիւն դառնալուն», ըսաւ ան:
Հարիրի յայտնեց, որ իր հօրը սպանութեան գծով բացայայտուած ճշմարտութիւնն ու պարտադրուած արդարութիւնը հիմք է` իմանալու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւն բերելու այդ պայթումին զոհ գացած բոլոր անմեղներուն եւ բոլոր անոնց, որոնց բնակարաններն ու աշխատանոցները քանդուեցան:
«Հոս կ՛ուզեմ հաստատել, որ Պէյրութի իրաւունքէն չենք զիջիր: Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին շնորհիւ, առաջին անգամ ըլլալով կարելի եղաւ լիբանանցիներուն ներկայացնել ճշմարտութիւնը եւ առաջին անգամ ըլլալով արդարութիւնը պարտադրուեցաւ: Այս պահուն կարեւորութիւնը այն է, որ բոլոր ոճրագործները եւ ոճիրը ծրագրողները պէտք է իմանան, որ քաղաքական սպանութիւնները անպատիժ ձգելու ժամանակաշրջանը աւարտած է», ըսաւ Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի չհանգչին` մինչեւ պատիժին գործադրութիւնը:
«Այսօր Հըզպալլա պէտք է զիջի, որովհետեւ յստակ դարձաւ, որ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ցանցը կազմակերպուած է անոր անդամներուն կողմէ: Կը վերահաստատեմ, որ պիտի չհանգչիմ, մինչեւ որ յանցագործները արդարութեան յանձնուին:
Նշենք, որ առաջին նիստէն ետք Հարիրի յայտնած էր, թէ ոճրագործները պաշտպանող կողմը պատասխանատու է` շեշտելով, որ կը պահանջուի ոճրագործները յանձնել:
Ան ընդգծեց, որ Միջազգային դատական ատեանը փաստեց, որ իր աշխատանքը քաղաքականացած չէ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութեան հարցով արդարութեան պարտադրումը կը համապատասխանէ այս ահաւոր ոճիրին ծալքերը բացայայտելու բոլորին փափաքին:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը ըլլայ առիթ մը վերյիշելու` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան կոչերը:
Հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ յոյս յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը կ՛ըլլայ անցք մը` արդարութեան գործադրութեան եւ կայունութեան հաստատումին, «ինչպէս կ՛երազէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին, որպէսզի հայրենիքը իր ներկայ տագնապէն հզօր եւ միասնական դուրս գայ», ըսաւ ան:
Լա Հէյի մէջ վճիռը հնչելէ ետք, Ռաֆիք Հարիրիի քոյրը` Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի` ընկերակցութեամբ Մուսթաքպալի ղեկավարութեան եւ հետեւորդներու ընդարձակ պատուիրակութեան մը, ուղղուեցաւ Մոհամետ Ամին մզկիթ` այցելելու համար իր եղբօր դամբարանը:
Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է ընդառաջէ Միջազգային դատական ատեանի վճիռին եւ յանձնէ Սելիմ Այյաշը, եթէ ան տակաւին ողջ է:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com