Պաղեստինցի երիտասարդներուն «խաղաղութեան ողջոյնը Պէյրութին» - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

19 Ağustos 2020  

Պաղեստինցի երիտասարդներուն «խաղաղութեան ողջոյնը Պէյրութին» -

Պաղեստինցի երիտասարդներուն «խաղաղութեան ողջոյնը Պէյրութին» Պաղեստինցի երիտասարդներուն «խաղաղութեան ողջոյնը Պէյրութին»

Պաղեստինցի երիտասարդները աղօթեցին Լիբանանի մէջ պատահած պայթումէն տուժած բնակչութեան համար։Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի զօրակցութիւն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումէն տուժած Լիբանանի բնակչութեան, Պաղեստինի մէջ Քրիստոնեայ Երիտասարդներու ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակը ձեռնարկած է «Երուսաղէմէն խաղաղութեան Ողջոյն Պէրութին» կարգախօսով քարոզարշաւ, որուն ծիրէն ներս շաբաթ 15 օգոստոսէն սկսեալ, սկաուտները, երիտասարդներն ու կամաւորները վարդարաններ բաշխեցին՝ վաճառելու համար տեղական եկեղեցիներուն մէջ։

Վարդարաններու վաճառքի ծրագիրի հասոյթը պիտի տրամադրուի Պէրութի մէջ համապատասխան իշխանութիւններուն, օգնելու համար դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ վերակառուցելու քանդուած շրջանները։ Լատին Պատրիարքութեան երիտասարդներու յատկացուած պաշտօնական դիմատետրէն կարելի է վարդարան գնել։ Այս մասին նշուած է Լատին Պատրարքութեան Երիտասարդներուն յատակացուած կայքէջին վրայ։

Յայտնենք, թէ Պաղեստինցի երիտասարդներուն, Լիբանանի ժողովուրդի ի նպաստ բարեգործական ծրագիրը սկիզբ առաւ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում ապա սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին Սուրբ երկրի կղերը, համայն կրօնաւորներն, կրօնաւորուհիներն ու հաւատացեալները, աղօթեցին Լատին Պատրիարքութեան ու կարիքաւորներու համար խնդրելով Տիրոջ հովանին՝ համաճարակի աւարտին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր հիւանդութիւններու դէմ։







Bu haber radiovaticana kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovaticana) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovaticana). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+