Հայկական Թուային Գրադարան՝ Vlume-ը Եւ «Գանձերու Կղզին» Հայերէն Ֆիլմաշարը - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

16 Haziran 2020  

Հայկական Թուային Գրադարան՝ Vlume-ը Եւ «Գանձերու Կղզին» Հայերէն Ֆիլմաշարը -

Հայկական Թուային Գրադարան՝ Vlume-ը Եւ «Գանձերու Կղզին» Հայերէն Ֆիլմաշարը Հայկական Թուային Գրադարան՝ Vlume-ը Եւ «Գանձերու Կղզին» Հայերէն Ֆիլմաշարը

Նախ ըսեմ, որ համաճարակի այս օրերուն, երբ բախտաւոր օր մը, կարողացայ մեր տան մէջ ինը տարեկան թոռնիկ՝ Հայկիս ներկայութիւնը, քանի մը ժամերով «վայելել», առաջին իսկ հերթին եւ իբրեւ լաւագոյն զբաղում, միասին քիթ-քիթի դիտեցինք համակարգիչիս վրայ պահ դրած «Գանձերու Կղզին»ի ձայնագիրքի կամ գծագիր եւ խօսուն ժապաւէն-ֆիլմի հայերէն պարբերակը:

Բայց անցնելէ առաջ այս ֆիլմի զանազան մանրամասնութիւններուն, կ’ուզէի անպայման երախտապարտօրէն անդրադառնալ հայկական ամենամեծ թուային գրադարան՝ Vlume-ին:

Կարելի է նաեւ ըսել, որ Vlume-ը թէեւ հայ ընթերցողի աշխարհի մէջ նորութիւն մըն է, բայց եւ այնպէս էական եւ կարեւոր հարթակ մըն է, բոլոր ընթերցասէրներուն:

Հոս է, ուր կարելի է գտնել, ծանօթանալ, լսել կամ ընթերցել հայ եւ օտար գրականութեան գոհարներէն նմուշներ, իրենց արեւելահայերէն եւ արեւմտահաերէն տարբերակներով:

Մէկ խօսքով «Էլ.գիրք» մը, աւելի ճիշդ «ելեկտոնային գիրք» մը, որուն այս օրերուն գիտակ-ցելով իր մեծ ու դրական ներկայութեան, միացած են 10-է աւելի հրատարակչատուներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ներաժեալ «Ռոսլին Փրես»-ը, «Անտարես»-ը, «Համազգային»-ը, «Զանգակ»ը, «Էջ»-ը եւ այլ ուրիշներ:

Այս «տուները», հաւատալով Vlume-ին էականութեան եւ անկէ բխող զանազան գործնական ծառայութիւններուն ու գեղեցիկ ու բարձր նպատակին, կը տրամադրեն իրենց կողմէ հրատարակած հին ու նոր գիրքերն ու հատորները:

Աւելորդ պիտի ըլլայ եւ նոյնիսկ կրկնութիւն՝ այս տողերէն յիշել, մատնաշել եւ խօսիլ կամ ներկայացնել գիրքի եւ մանաւանդ հայ գիրքի առաւելութեան, առաքելութեան, մեծ դերին եւ մեր ինքնութիւնը պահող ազդակներու մասին: Գիտենք: Բոլորս ալ լաւապէս քաջատեղեակ ենք:

Արդ, եթէ իսկապէս գիտենք կամ ծանօթ ենք հայ գիրքի զանազան եւ դրական առանձնայատ-կութիւններուն եւ արժէքին մասին եւ լաւատեղեակ ենք անոր դրական արդիւնքներուն, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր Vlume–ը, որ մեզի՝ ընթերցասէր հայերուս, հայ գիրին ու գրողին ծանօթանալու առիթ կու տայ, կ’ընծայէ եւ կը խրախուսէ տրամադրելով հայերէն բազմազան տեսակաւոր եւ որակաւոր հատորներ, որոնք կը գոհացնեն բոլորիս՝ երեխայ, պատանի եւ կամ տարեց մեր հայ ընթերցողի ճաշակը, կը զարգացնեն հայ միտքը եւ կը վերամշակեն մեր յիշողութիւնները:

Կ’արժէ անգամի մը համար մուտք գործել Vlume-ի հարթակը, որպէսզի հանդիպէինք եւ աւելի մօտէն ծանօթանայինք հայ թէ օտար հեղինակներու յուշերուն, գեղարուեստական, բանաստեղծական, թատերական գործերուն, կատակերգութիւններուն, առեղծուածային ստեղծագործութիւններուն, պատմական, սիրային, կրօնական, մանկապատանեկան, մասնագիտական եւ կենցաղային հեղինակութիւններուն եւ գործերուն, որոնք ամփոփուած են հեղինակներու գործերուն մէջ:

Այսպէս, հոն կը հանդիպինք եւ հետաքրքարական ալ է հանդիպիլ Թումանեանի, Չարեցի, Բակունցի, Եսայեանի եւ կամ Դէմիրճեանի կողքին, Պարոնեանի, Ռ. Սեւակի, Մեծարենցի, Թէքէեանի, Արմէն Անուշի եւ Ռուբէնի մտքի եւ հոգիի ստեղծագործութիւններուն, որոնք հարստացուցած էին եւ են մեր երկճիւղ գրականութիւնը:

Այլ խօսքով՝ հոն արհեստավարժ հայ դերասաններու եւ կատարողներու եւ ասմունքողներու բերաններէն գեղեցկօրէն եւ մաքուր կը հնչեն եւ մեզի կը հրամցուին արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէն հատորները միասին եւ հպարտ:

Սքանչելի գործ, մեծ աշխատանք եւ մեծածախս նախաձեռնութիւն մըն է, Vlume-ի կատարածը, որ ոչ միայն այս օրերուն սկսած է ընդարձակել իր «ընտանիքը», այլ ան արդէն հարազատօրէն մուտք գործած է հարիւրաւոր հայ բնակարաններէն եւ մանաւանդ հայ մարդոց հեռախօսներէն ներս, լոյս եւ գաղափար, յուշ եւ սէր ցանելու, փռելու բոլորին մտքերուն մէջ:

Ուրեմն՝ միայն կարելի է երախտապարտ զգացումներով մօտենալ եւ արտայայտուիլ: Իրապէս, որ պարզ գովասանքի տողեր չեն այս բոլորը: Այս օրերուն յատկապէս, երբ մեր տուներուն մէջ փակուած ենք, ահա այս հարթակը կու գայ բոլորիս տալու համար բարձրորակ, հաճելի եւ գործնական զբաղում-նախաձեռնութիւն, որ է նաեւ մեծ անհրաժեշտութիւն եւ ընտիր հայերէնով պարապելու բարբառող գեղեցիկ միջոց:

Իսկ գալով «Գանձերու Կղզին»ին, որովհետեւ միայն մեծ ու զքանչելի հիացում մը ունիմ, ուստի համաձայն անոր ընկերացող յայտարարութիւն-բացատրութեան կրկնելու գնով կը յիշեցնեմ.-թէ

-«Ռոսլին» հրատարակչութիւնն է, որ կը հրապարակէ հայ իրականութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայերէն խօսող «Գանձերու Կղզին» արկածախնդրական շարժապատկերի ֆիլմաշարը, 26 բաժիններով, որ արտադրութիւնն է Օսամու Տեզակիի։ Այս եզակի նախաձեռնութիւնը, 21րդ դարու Սփիւռքի ոգիին հարազատ, հայերէնի երկու ճիւղերուն՝ արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին գրեթէ հաւասար տեղ կու տայ։ Շնորհիւ եւ շնորհակալութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ յատկապէս սոյն հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի լուրջ եւ գործնական համագործակցութեան եւ ներդրում-քաջալերանքին, այսօր, աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայ պատանիները կրնան Ճիմ Հոքինզի հետ եօթը ծովերը նաւարկել՝ թաղուած գանձի փնտռտուքին մասնակցելու։

«Գանձերու Կղզին» մէջտեղ կու գայ Սփիւռքի ճգնաժամային հանգրուանին։ Ո՞վ կրնայ ժխտել, թէ սփիւռքեան համայնքները լեզուի պահպանման դժուարին պայքարի մէջ են։ Մեր կարծիքով, պատանի եւ երիտասարդ սերունդը հայերէնին կառչած պահելու գլխաւոր լուծումը կը կայանայ որակաւոր զբաղում ապահովելուն մէջ. զբաղում, որ ունի գրական լուրջ հիմք։ Մանուկները պէտք է զուարճութիւն ունենան, սակայն նոյն ժամանակ առիթ ունենան բարդ մտածողութեան, զգացական պահերու եւ նիւթերու հանդիպելու։ «Գանձերու Կղզի»ին հայերէնով նոր արտադրութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ այս բոլորը, նոյն ատեն հոյակապ գնահատականով եւ գեղեցիկ շարժանկարներով։

«Գանձերու Կղզին»ի թարգմանութեան մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ ճիւղերը շատ բնական կերպով կը հոսին։ «Ռոսլին»ի եւ «Թեքնոլինկուիսթիքս»ի խումբերէն իւրաքանչիւր անհատ, որ ներդրում կատարեց «Գանձերու Կղզին»ը մէջտեղ բերելու գործին, իր ետին սիրոյ անջնջելի հետքեր թողուց»։

Իմ կարգիս նաեւ աւելցնեմ, որ «Գանձերու Կղզին» արդէն Vlume-ի մէջ է, նոր ինքնակառոյց հարթակ մը՝ աշխարհի չորս ծագերուն հայերէն խօսող հաւաքականութեան համար։ Ու այս մէկը իբրեւ նոր ֆիլմաշար, թուայնացած հազարաւոր ժամերու ձայնային գիրքերու կողքին կ’աւելնայ եւ կու տայ նոր շունչ ու դասաւորում եւ որակ «աննախադէպ համայնքային զգացումներով եւ բացառիկ մաքրութեամբ ձայնային բովանդակութեամբ» հարստացնելով հայկական այս հարթակը:

«Գանձերու Կղզի»ին հայերէնով այս նոր արտադրութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ այս բոլորը, նոյն ատեն հոյակապ գնահատականով եւ գեղեցիկ շարժանկարներով։ Հերոսները իրենց տեղական խօսելաձեւով կը գործեն հոն, իրենց հնչելաձեւով եւ ոճով, քաջալերելով մեր մատղաշ սերունդը, որ միաձուլուի հայերէնի տեսակաւորութեան մէջ։

Արդ, նաեւ անհրաժեշտ կը նկատեմ աւելցնելու քանի մը ծանօթ եւ հարազատ անուններ, որոնց շնորհիւ եւ քրտինքով լոյս աշխարհ եկած էր «Գանձերու Կղզին»: Այսպէս սոյն արտադրութեան ղեկավարն է ինծի շատ ծանօթ եւ Հալէպի Ազգ. Ք. Եփփէ Ճեմարանի աշկերտուհիներէս՝ Պերճուհի Աւետեանը: Դերակատարներէն բարի կը յիշեմ արհետավարժ դերասան եւ դարձեալ ինծի ծանօթ Զարեհ Փայասլեանը: Նիւթը արեւմտահայերէնի վերածած է՝ Նանոր Միքայելեանը, իսկ թէեւ այս ֆիլմաշարի հայերէն տարբերակը հնարաւոր դարձած է Գ. Կիւլպէնկեան ֆոնտի շնորհիւ եւ արտադրութիւնը Roslin Press LLC-ին, բայց բաշխման բացարձակ իրաւատէրն է Vlume Inc., որուն համար կրկին ու կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնենք, իբրեւ մեծ ծնողք, ուսուցիչ կամ իբրեւ ընթասէր պարզ հայ մարդ:

Vlume Inc., նաեւ բոլորի նման ունի ծառայութեան յատուկ պայմաններ, վճարովի եւ անվճար:

Փորձեցէ՛ք, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի համոզուիք:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել հետեւեալ կայքէջերը․

www.vlume.com

www.vlume.com/download/android

www.vlume.com/download/ios

www.youtube.com/watch?v=sc17W5B5p0E

www.youtube.com/watch?v=htEWUHcM6X4






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+