​Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ լոյս կը տեսնէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

10 Mayıs 2020  

​Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ լոյս կը տեսնէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի -

​Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ լոյս կը տեսնէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի ​Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակին առթիւ լոյս կը տեսնէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» հատորը

100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» 128 էջնոց հատորը կը պարունակէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ամենայայտնի արտայայտութիւններն ու հմայիչ լուսանկարները։

«Այն տառապանքը, զոր ան ապրեցաւ ինքզինք ամբողջովին վստահելով Տիրոջը, զայն դարբնեց եւ անոր մէջ աւելի զօրեղ դարձուց քրիստոնէական հաւատքը, որուն դաստիարակուած էր ընտանիքին մէջ»։ Այսպէսով «ան եղաւ բազմաթիւ երիտասարդներու համար արտակարգ դաստիարակ մը, որոնք երիտասարդ քահանային միջոցաւ ծանօթացան հաւատքի գործնական ճանապարհին, որ վկայուած էր եւ ապրուած կեանքի ամէն մէկ պահի ընթացքին»։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը նկարագրէ իր նախորդ քահանայապետերէն մին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, որուն ծննդեան 100 ամեակին առթիւ՝ 18 մայիս 2020-ին, Վատիկանի հրատարակչատունը ի լոյս կ՛ընծայէ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ - 100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» վերնագրով հատոր մը, նուիրուած երջանկայիշատակ Քարոլ Վոյթիլա Քահանայապետին, եւ որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը։

«100 տարի։ Խօսքեր եւ լուսանկարներ» 128 էջնոց հատորը կը պարունակէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ամենայայտնի արտայայտութիւններն ու հմայիչ լուսանկարները։

Անոնք կը ներկայացնեն Լեհ Քահանայապետին Քահանայապետութեան պատմութիւնը, սկսեալ այդ 16 հոկտեմբեր 1978-էն, անոր Քահանայապետ ընտրութեան օրէն, մինչեւ «առ Հայր» վերադարձը՝ 2 ապրիլ 2005-ին։ Հատորը որ կը հրապարակուի իտալերէն եւ անգլերէն լեզուներով, կը վայելէ Սուրբ Աթոռի մօտ Լեհաստանի դեսպանութեան հովանաւորութիւնը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը պարզ բառերով, որոնք յատկապէս ուղղուած են երիտասարդներուն, կը յիշէ Մեծ Սուրբ Քահանայապետն ու անոր պատմութեան մէջ ունեցած դերակատարութիւնը։

«Ան եղաւ հաւատքի մեծ վկայ մը, աղօթքի մեծ մարդ մը եւ մեծ յեղաշրջումներու ու փոփոխութիւններու ժամանակ Եկեղեցւոյ համար եղաւ վստահելի առաջնորդ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը, ակնարկելով նաեւ Սուրբ Քահանայապետին Տիրամօր նկատմամբ ունեցած յատուկ կապին, որ կազմեց նաեւ անոր Քահանայապետութեան կարգախօսը «Ամբողջովին քեզ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը խօսի նաեւ Քարոլ Վոյթիլայի կեանքի տառապանքներու մասին, սկսեալ անձնական տառապանքէն, որ սակայն անքակտելի կերպով կապուած է իր ազգին ու հայրենիքին՝ Լեհաստանի ցաւերուն։

«Վաղ հասակին որբ մնացած իր մօրմէն, ան կ՛ապրի նաեւ իր սիրելի եղբօր ապա հօր մահուան ողբերգութիւնը։ Երբ Քրաքովիայի նորընծայարան կը մտնէ ան արդեն կորսնցուցած էր իր բոլոր մտերիմ սիրելիները եւ իր կեանքը կ՛ապրի Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ ամբողջական նուիրուածութեամբ, ժամանակի մը ընթացքին, երբ անոր բարեկամներէն շատեր իրենց կեանքը կորսնցուցին պատերազմի պատճառաւ» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով նաեւ՝ որ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը տառապանքը ապրեցաւ նաեւ որպէս Քահանայապետ՝ երբ 1981ին թիրախ դարձաւ մահափորձի մը... իր արիւնը դափելով Եկեղեցւոյ համար ու մեզի վկայելով որ նոյնիսկ հիւանդութեան ամենադժուար պահուն, որ բաժնեկցուած է մարդեղացած ու մեր փրկութեան համար խաչուած Աստուծոյ հետ, կարելի է ըլլալ երջանիկ եւ կարող ենք մնալ մենք զմեզ»։





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+