Թուրքիան, Շռայլուած Անպատժելիութեան Յանցանքը եւ Հայկական Հարցին Իրաւութիւնը -
Թուրքիան, Շռայլուած Անպատժելիութեան Յանցանքը եւ Հայկական Հարցին Իրաւութիւնը
Դար մը ամբողջ միջազգային համայնքը Թուրքիոյ հանդէպ ցուցաբերեց անպատժելիութեան քաղաքականութիւն եւ կը շարունակէ նոյն ձեւով: Բնական է, որ Թուրքիան եւ իր նախագահը անհանդուրժելի գտնեն եւ ընդվզին, երբ յիշեցում ըլլայ յանցանքի եւ ոճիրի մասին: Եւ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան կ’որոշէ, թէ Ֆրանսան պիտի վերընտրէ՞, թէ ոչ իր նախագահը:
Փակագիծ. Ֆրանսան եւ ուրիշ երկիրներ կը պատահի՞ որ իրենք իրենց եւ իրարու հարց տան, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիան ինքնիրեն նման ամբարտաւանութեան իրաւունք ձեռք բերած է, կամ ո՞վ եւ որոնք այդ իրաւունքը տուած են իրեն:
Ֆրանսան, առաջին անգամն ըլլալով, իր նախագահի նախաձեռնութեամբ, նշեց արդէն օրէնքով որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցուած հայոց ցեղասպանութեան օր՝ 24 ապրիլը, յայտարարեց հայկական ցեղասպանութեան օր, տարբեր որակ եւ հնչեղութիւն տուաւ ճանաչման: Ի հարկէ, այս որոշումը Ֆրանսայի հայերուն ուղղուած ցաւակցական դասական խօսք չէր, այլ պետութեան կողմէ յիշատակութիւն, որ պատմական ոճիրին կու տար այժմէականութիւն եւ անշրջանցելի քաղաքական նշանակութիւն:
Ի հարկէ, այդ քաղաքականցումը ուրացման եւ ժխտումի թրքական ճապկումներուն կը հակադրուէր, եւ պաշտօնական Անգարան լուռ պիտի չմնար, չմնաց: Ֆրանսան լայն տարածում տալով հայկական ցեղասպանութեան հարցին, զայն արձանագրելով երկրի պատմութեան կարեւոր դէպքերու եւ թուականներու շարքին, բացորոշ կերպով, եւ առանց մսկոտութեան, կը հակադրուէր Թուրքիոյ:
Եւրոմիութեան առանցքային երկիր Ֆրանսայի այս դիրքորոշման հետեւանքը սոսկ աղմուկ չէ: Եւ Թուրքիան գիտէ, որ ան չէ կոչուած դիւրացնելու տասնամեակներէ ի վեր իր հետապնդած Եւրոմիութիւն մուտքի կայսերական երազը:
Եւ նախագահ Էրտողան զայրացած է, եւ հրապարակաւ սպառնացած Ֆրանսայի նախագահին:
Ֆրանսան, եւ ուրիշ երկիրներ ալ, պէտք է առարկայականութեամբ լսեն եւ քննեն Թուրքիոյ նախագահի խօսքը, հանեն հետեւութիւններ:
«Ֆրանսա ապրող 700.000 հայերուն պատգամ յղել քեզ պիտի չփրկէ պարոն Մաքրոն»:
Իր այս արտայայտութեամբ, Էրտողան Ֆրանսայի նախագահը կը վերածէ քուէ որսացող քաղաքական փերեզակի… Էմմանուէլ Մաքրոն, ընդհանրապէս միջազգային համայնքը, Ֆրանսայի քաղաքական աջ եւ ձախ ընտրանին, ըստ արժանւոյն կը գնահատեն արդարութեան եւ իրաւունքի հարցի մը նսեմացումը, զայն բանտարկելով ընտրական տեղական մտմտուքի մէջ: Նեխած ամբոխայնութիւն հոտող յայտարարութիւն մը, որ կեր կը հայթայթէ խաւարամիտ եւ ազգայնամոլ թուրք զանգուածին:
Իսկ այս բիրտ յատարարութեան հիմնաւորումը ծանօթ ժխտումն է, որուն հաւատալու պատրաստ է հայուն հայրենիքը եւ հարստութիւնները բռնագրաւած-կողոպտած զանգուածը: Ժխտումի գիտոսիկ, դատարկ եւ իրենք զիրենք համոզելու կոչուած փաստարկները ծանօթ են, եւ Էրտողան զանոնք կը կրկնէ անվարան, կեր հայթայթելու համար զանգուածին, որպէսզի ան ինքզինք յանցաւոր չզգայ ի լուր այլ տեղ ընդունուած եւ բացայայտուած ճշմարտութեան:
Եթէ հետեւինք թրքական տրամաբանութեան, հայկական ցեղասպանութիւնը առասպել է, պատմական իրողութիւններու եւ փաստերու յիշեցումը՝ կեղծիք: Արդարեւ, եթէ հայկական ցեղասպանութիւնը իրողութիւն եղած ըլլար, այսօր միլիոնաւոր հայեր մնացած չէին ըլլար, ոչ Կովկասի մէջ, ոչ Եւրոպա, ոչ Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներ, Ամերիկաներ, մինչեւ Աւստրալիա:
Էրտողանի, եւ Թուրքիոյ վարիչներու տրամաբանութիւնը եթէ շարունակէին հրեաներու ցեղասպանութիւնը ժխտողները, պիտի ըսէին, որ միլիոնաւոր հրեաներ կան Իսրայէլի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Աւստրալիա, եւ այլուր: Հրեական ցեղասպանութիւնը ժխտողները պատժելու համար օրէնք կայ (Ֆրանսայի մէջ քուէարկուած ծանօթ Կէյսոյի օրէնքը): Անոնք կը դատուին:
Ի դէպ, միջազգային հանրութիւնը եւ կազմակերպութիւնները ինչպէ՞ս լուռ եւ անտարբեր կը մնան լսելով թրքական ժխտումը եւ այդ ժխտումը արդարացնող պատճառաբանութիւնները:
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, անոր բազմատեսակ յանձնախումբերը գիտեն ճշմարտութիւնը, կը լսեն այս բոլորը, բայց անխօս կը մնան արձանի պէս, նոյնիսկ ինքնարդարացման փորձ չեն ըներ: Պիտի գա՞յ աստեղային պահը, որ գէթ ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր ժողովին հանդէս գան հայկական ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ժխտման եւ ուրացման դատապարտութեան բանաձեւով, եւ բարոյական պարգեւէն անդին անցնելով՝ վերականգնեն արդարութիւն եւ իրաւունք:
Շեղում մը ընենք հայկական հարցէն եւ մենք մեզի ու աշխարհին ուղղենք հետեւեալ պարզ հարցումը. ինչո՞ւ աշխարհի մը եղած են եւ կը շարունակուին անարդարութիւնները եւ պատերազմները: Պատճառները ենթադրուածին չափ ալ բազմաթիւ չեն, մանաւանդ երբ գիտենք, որ մարդիկ, անհատներ, կազմակերպութիւններ, երկիրներ, անվարան խօսած են եւ կը խօսին արդարութեան մասին, ամենուրեք եղած են եւ կան դատարաններ, օրէնքներ, աստուածային եւ մարդկային: Անցեալին եւ այսօր, անհատական եւ հաւաքական եսերը, ընդհանրացումով կարելի է բանաձեւել գաղափարաբանական եւ շրջանային ռազմավարական նկատումներով: Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը, երէկ պաղ պատերազմի օրերուն եւ այսօր «Իսլամական Պետութեան» վտանգին եւ հետեւանքներուն պատճառով, Եւրոպան, Ամերիկան եւ Ռուսիան միշտ ճապկումներու դիմած են, ինչ որ յանգած է Հայկական Հարցի եւ հայոց ցեղասպանութեան անտեսման: Ինքզինք քաղաքակիրթ համարող աշխարհը, եւ անոր արտայայտութեան բեմը հանդիսացող Մ․Ա․Կ․-ը, մինչեւ ե՞րբ կրնան կոյր եւ խուլ ձեւանալով կորսնցնել իրենց բարոյական հեղինակութիւնը:
Այս պէտք է ըսել՝ անտեսելով նշուած գաղափարաբանական եւ շրջանային ռազմավարական նկատումները: Եւրոմիութիւնը կ’ամբարոյանայ, եթէ Թուրքիան ընդունի իր կազմին մէջ, եթէ ան Հայկական Հարցի լուծման օրակարգով հանդէս չգայ եւ արդարութիւն չընէ հայ ժողովուրդին:
Այս մասին խօսող քաղաքական գործիչներ եղած են եւ կան: Ինչ որ ըսած է ֆրանսացի Ժան Ժոռէս, այսօր ալ կը պահէ իր ամբողջական բարոյական կշիռը եւ աշխարհի քաղաքական մսկոտութեան, չըսելու համար՝ անբարոյութեան դէմ ուղղուած ծանօթ ամբաստանութիւնը. «Մենք հասած ենք այն ժամանակը, ուր մարդկութիւնը այլեւս չի կրնար ապրիլ իր մառանին մէջ ունենալով սպաննուած ժողովուրդի մը դիակը»:
Ժան Ժոռէսի խօսքը այսօր ալ դամոկլեան սուր է կախուած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գլխուն: Ցեղասպանութենէն ճողպրած հայրենահանուածներու սերունդներուն կը սպառնայ ինքնութեան կորուստ հետեւաբար ազգի տեսանկիւնէ համրանքի կորուստ, որուն վրայ կը բարդուի ՄԱԿի անդամ պետութեան անդամ երկրի մը կողմէ անդամ երկիր մը խեղդամահ ընելու կոչուած շրջափակումը: Եւ հարց կարելի է տալ, թէ այսօր մարդկութիւնը ինչպէ՞ս կ’ապրի այսքան ոճիր պահելով իր մեծանուն ժողովներու չբացուող թղթածրարներուն մէջ:
Թուրքիան եւ իր նախագահը զայրացած են Ֆրանսայի դէմ: Ենթադրե՞նք, որ ուրիշներ, վախնալով այդ զայրոյթէն, կը շարունակեն մնալ Ժան Ժոռէսի նկարագրութեան սահմաններուն մէջ:
Այս պահուն մեզի կը մնայ յաղթանակի դափնի չհամարել «ճանաչում»ները, եւ ինչպէս ֆրանսացիները կ’ըսեն՝ կէտը դնել i տառին վրայ (mettre le point sur les i):
Խօսիլ Հայկական Հարցին մասին որպէս ամբողջութիւն:
Մեր Պետութիւնը լիիրաւ անդամ է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com