​Վարդանանց Խորհուրդով «Իմացեալ Մահը Անմահութիւն Է…» Դարերէն Եկող Այժմէական Հաստատում Եւ Պատգամ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

01 Mart 2019  

​Վարդանանց Խորհուրդով «Իմացեալ Մահը Անմահութիւն Է…» Դարերէն Եկող Այժմէական Հաստատում Եւ Պատգամ -

​Վարդանանց Խորհուրդով «Իմացեալ Մահը Անմահութիւն Է…» Դարերէն Եկող Այժմէական Հաստատում Եւ Պատգամ ​Վարդանանց Խորհուրդով «Իմացեալ Մահը Անմահութիւն Է…» Դարերէն Եկող Այժմէական Հաստատում Եւ Պատգամ

Աւարայրի ճակատամարտը փառքով պսակեց ազատատենչ հայ ժողովուրդին պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Ան հայոց ազատամարտի փառաւոր էջերէն մէկն է: Օտարի լուծին դէմ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ իր հոգիի վեհութիւնը եւ հոգեկան կերտուածքի հերոսականութիւնը:

Որքա՜ն գօտեպնդիչ եւ ոգեշնչող է Վարդան Մամիկոնեանի ճառը, որուն մէջ սպարապետը կոչ կ՛ընէ իր զինուորներուն` անձնուէր հայրենասիրութեամբ եւ մարտական անվեհերութեամբ մարտնչելու թշնամիին դէմ. «Ո՛վ իմ քաջ նիզակակիցներս, մանաւանդ որ ձեզմէ շատերը քաջութեամբ ինձմէ աւելի վեր էք եւ հայրենական գահի պատուով` աւելի բարձր. բայց քանի որ ձեր յօժար կամքով զիս ձեզի առաջնորդ եւ զօրագլուխ կարգեցիք, թող իմ խօսքերս ախորժալուր եւ բաղձալի թուին մեծերուդ ու փոքրերուդ ականջներուն: Չերկնչինք եւ չվախնանք հեթանոսներուն բազմութենէն եւ ոչ ալ մեր թիկունքները դարձնենք մահկանացու մարդուն ահռելի սուրին դէմ, որպէսզի եթէ Տէրը յաղթանակը մեզի պարգեւէ, ոչնչացնենք անոնց զօրութիւնը, որպէսզի բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը, իսկ եթէ հասեր է ժամանակը, որպէսզի այս պատերազմին մէջ սուրբ մահով մեր կեանքը աւարտենք, մահը ընդունինք ուրախ սրտով, միայն թէ արիութեան ու քաջութեան մէջ վախկոտութիւն չխառնենք»:

Վարդանի ճառին այս բաժինը նոյնքան հնչեղ է եւ զգաստացնող` արթնցնելու համար հայ ժողովուրդը իր թմբիրէն եւ պայքարելու մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ:

Քրիստոնէական Ամուր Հաւատքը` Պատերազմի Յաջողութեան Կիզակէտ

Վարդանանք հաւատքի մարդիկ էին: Անոնք կը հաւատային Աստուածաշունչի մէջ գրուած կեանքի խօսքերուն, որոնք երաշխիք են յաւիտենական կեանքը ժառանգելու խոստումին: Անոնք Քրիստոսի խօսքերուն հաւատարիմ մնացին, թէ` «Ով որ զիս կամ խօսքերս ընդունիլը ամօթ նկատէ, Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ մեղաւոր այս սերունդին մէջ, Մարդու Որդին ամօթ պիտի նկատէ, երբ գայ իր Հօրը փառքով, սուրբ հրեշտակներուն հետ» (Մարկոս 8:38): Վարդանանք դիւցազուն հերոսները արհամարհեցին ամէն տեսակի վայելք եւ նախընտրեցին մահը, որպէսզի հայ ժողովուրդը փիւնիկի նման յարութիւն առնէ եւ գոյատեւէ:

Հետաքրքրական է ներկայացնել պատերազմին նախորդող վերջին գիշերը, երբ հայկական բանակը իր ժամանակը անցուց եկեղեցական արարողութիւններ կատարելով, չափաւոր ուրախութեան ու զուարճութեան պահեր ունենալով: Անկէ ետք, ամբողջ գիշերը աղօթեցին ու խրախուսիչ քարոզներ ունկնդրեցին, որոնք կ՛ամրապնդէին իրենց հաւատքն ու նահատակութեան ոգին` պատրաստուելու համար մատիրոսութեան պսակին արժանանալու: Ղեւոնդ երէց Վանանդեցին, Յովսէփ կաթողիկոս Հողոցմեցին եւ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան գլխաւոր ճառերն ու քարոզները արտասանեցին, որոնց մէջ կը տեսնենք միայն արդարութիւն, ճշմարտութիւն, հաւատք ու կամք:

Առաւօտ կանուխ ս. պատարագ մատուցուեցաւ, եւ ամբողջ բանակը հաղորդուեցաւ: Ան, որ չէր մկրտուած, արժանի դարձաւ քրիստոնէական մկրտութեան: Բոլորը այսպիսով պատրաստ էին թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ մարմնապէս պատերազմելու, անվախօրէն մեկնելու այս աշխարհէն, մտքի ու հոգիի հանգստութեամբ:

Նահատակութիւնը Գերագոյն Զոհաբերութիւն` Հայ Ժողովուրդի Գոյատեւման Բագինին

Արդեօ՞ք Վարդանանք չէին կրնար յանձնուիլ ու չնահատակուիլ եւ հրաժարիլ հայութենէն ու քրիստոնէական կրօնէն: Ինչո՞ւ անոնք յանձն առին նահատակուիլ ու մարտիրոսանալ: Մի՞թէ անձնական կեանքը աւելի կարեւոր չէր հաւաքական կեանքէն: Սակայն երբ լաւ սերտենք Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի պատմիչները, կը վկայենք, որ իրենց որդեգրած հաւատքի հաստատումն ու հիմնաւորումը «Իմացեալ մահը անմահութիւն է» խօսքի սահմաններէն դուրս իսկական դրսեւորում է, որ հիմք կազմեց Աւարայրի պատերազմի սեւեռակէտին:

Վարդանանց Խորհուրդը Մարտահրաւէր` Իւրաքանչիւր Հայորդիի

451, մայիս 26… Շաբաթ օր լուսցող առաւօտը, Հոգեգալուստի տօնին շաբթուան մէջ: Պահ մը երեւակայենք այդ օրուան առաւօտը, որ պիտի ճշդէր մեր ազգի ու եկեղեցւոյ անմիջական եւ գուցէ վերջնական ապագան, եւ հետեւցնենք, թէ ի՛նչ իրավիճակ գոյութիւն ունէր մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ:

Ամէն մարդ տուն ու տեղ թողած, կնոջ ու զաւկի հրաժեշտ տուած, մօր ու հօր օրհնութիւնը ստացած` ահաւասիկ կը փութայ հասնելու Աւարայրի դաշտ, Տղմուտ գետի ափ, Վասպուրական մեր նախնեաց գաւառ, որ կը գտնուի ներկայ Պարսկաստանի հարաւ-արեւելքը, Մեծն Վարդան հայոց սպարապետի բանակին մաս կազմելու, հայ ազգն ու քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու ընդդէմ հեթանոսութեան:

Թշնամիին զօրքին թիւը կը գերակշռէր հայկական բանակին երկու հարիւր հազարէ աւելի զօրք` ընդդէմ մօտաւորապէս վաթսուն հազարի… սակայն հայուն համար ե՞րբ թիւը անհրաժեշտութիւն եղած էր ու եղած է: Հայը միայն իր որակով ու ոգիով կրնայ թուագրուիլ, հայը իր շնորհով ու տիրական ներկայութեամբ միայն կրնայ թուագրուիլ, հայը իր հաւատքի զօրութեամբ ու ազգային գիտակցութեամբ միայն կրնայ թուագրուիլ, հայը իր կամքով ու տարած աշխատանքով միայն կրնայ թուագրուիլ:

Եղան դաւաճաններ, ինչպէս` Վասակ Սիւնին, որոնք չեն կրնար որոշել ազգի մը ապագան: Դաւաճանները կը մնան միայն պատմութեան սեւ էջերուն մէջ: Անոնք երբեք չեն տկարացներ մեր ազգային ու կրօնական երթը, այլ միայն կրնան մրոտել պատմութեան էջերը: Դաւաճանները իրենք զիրենք կը ծախեն այնպիսի աժանութեամբ, որ իրենց արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընելով` կը յենին միայն նիւթական արժէքներու, վաղանցուկ իրականութիւններու, ինքնախաբէութեան: Դաւաճանները կը մնան վախկոտ, արդարութեան թշնամի եւ իրականութիւնը եղծող անհոգի էութիւններ:

Վարդանանց նահատակութեան խորհուրդին տարողութիւնը իր մէջ բազմաթիւ պատգամներ կը բովանդակէ: Անոնք իրենց նահատակութեամբ պատերազմեցան արդարութեան եւ ճշմարտութեան ի խնդիր: Այս պատերազմին յստակ կը տեսնենք հայ ժողովուրդի կրօնական ու ազգային միութեան խորախորհուրդ պատգամը, որ այնքա՛ն այժմէական է այսօր: Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց սուրբերու թափած թանկագին արիւնով կասեցուցեաւ հայ ժողովուրդին ձուլումը: Այսօր մենք որպէս քրիստոնեաներ եւ հայորդիներ` ի՞նչ քայլեր կ՛որդեգրենք մեր ինքնութիւնը պահելու, ինչպէ՞ս կ՛արժեւորենք մեր քրիստոնէական կեանքը, ինչպէ՞ս հոսանքն ի վեր կը թիավարենք համաշխարհայնացման ապազգային երեւոյթին դէմ:

Վարդանանք նահատակուեցան, որպէսզի մենք ապրինք, գոյատեւենք: Միայն տօնել եւ հպարտանալը բաւարար չեն հայ ազգին ու եկեղեցւոյ գոյատեւումը ապահովելու: Վարդանանց արժանի ժառանգորդները կը դառնանք, երբ լիովին կը գիտակցինք մեր ինքնութեան, քրիստոնէական ուսուցումներուն հաւատարիմ կը մնանք, հայրենիքն ու հայապահպանումը գերիվեր ու առաջնահերթ կը սեպենք, հայ լեզուն անաղարտ կը պահենք եւ բծախնդրութեամբ կը վարուինք մեր արժէքներուն հետ, որոնք ի գին մեծ զոհողութիւններու` փոխանցուած են սերունդէ սերունդ եւ հասած են մեզի որպէս աւանդ եւ մասունք:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+