​Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

25 Kasım 2018  

​Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմա -

​Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմա ​Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմանութիւնը

Հայաստանի մէջ հրատարակուած է գերմանաբնակ թուրք մտաւորական Տողան Աքհանլըի «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» գիրքի (թրք․ «Kıyamet Günü Yargıçları”) հայերէն թարգմանութիւնը: Գրքի թարգմանիչը եւ մեկենասն է Սոնա Զաքարեանը: Ան լոյս տեսած է «Նոյեան տապան» հրատարակչութեան կողմէ: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` վկայակոչելով Սոնա Զաքարեանի ֆէյսպուքեան էջը:

Աղբիւրին համաձայն` սոյն գիրքի թրքերէն տարբերակը հրատարակուած էր 1999-ին Պոլսոյ մէջ, «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ: 1998-1999 թուականներուն թրքերէն լոյս տեսած էր անոր «Անհետացած ծովերը» ընդհանուր վերնագիրով եռագրութիւնը, որ կը ներառէ «Ծովուն սպասելով», «Կակաչներու դաշտը», «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» ստեղծագործութիւնները:

Նշենք, որ Տողան Աքհանլը ծնած է 1957-ին ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Շաւշաթ գաւառին մէջ: 1985-1987 թուականներուն ան իր ձախակողմեան հայեացքներուն պատճառով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է որպէս ընդդիմադիր եւ կտտանքներու ենթարկուծ թրքական բանտին մէջ: 1992-ին արտագաղթած է Գերմանիա եւ մինչ օրս կ՛ապրի Քէոլն:

Աքհանլըի վէպերը Թուրքիոյ մէջ ընդգրկուած են լաւագոյններու շարքին: 2005-ին անոր հեղինակած «Տիրամօր վերջին երազը» վէպը արժանացած է «Հիւրիեթ»-ի 2009-ի մրցանակին: 2005-ին թուրք գրաքննադատները անոր այս գիրքը դասած են 10 լաւագոյն վէպերու շարքին:

Աքհանլըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ իր քաղաքական հայեացքներու պատճառով երկար տարիներ չէր կրցած այցելել Թուրքիա: Ան 2005-ին եղած է Հայաստան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+