Հայաստանի Մէջ՝ Ռոպոթային Առաջին Վիրահատութիւնը Կատարուեցաւ -
Հայաստանի Մէջ՝ Ռոպոթային Առաջին Վիրահատութիւնը Կատարուեցաւ
Հայաստանի մէջ կատարուած է առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը։ Լուրը հաղորդեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեանը, յայտնելով որ ռոպոթային վիրաբուժութիւնը առաջին անգամ կիրարկուած է «ՍլաւՄետ» բժշկական կեդրոնին մէջ։ Կատարուած է միզաբանական ռոպոթային վիրահատութիւն՝ երիկամի մասնահատում։ «Ուրախ ու հպարտ եմ, որ առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը կատարուեցաւ միզաբանութեան ոլորտին մէջ։ Վիրահատութիւնը բարեյաջող աւարտ ունեցաւ», դիտել տուաւ Մուրատեան։ Վիրահատական միջամտութիւնը կատարած է միզաբան Մհեր Մխիթարեան։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com