10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

11 Temmuz 2018  

10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ -

10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ 10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ

10 ­Յու­լի­սին, 1841-ին, թուր­քե­րը հրկի­զե­ցին Զ­միւռ­նիա քա­ղա­քին հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը։

Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­րեւմտեան ա­փին՝ նա­ւա­հան­գիստ այդ քա­ղա­քը իր ժա­մա­նա­կին մի­ջազ­գա­յին ա­ռեւ­տու­րի ա­մէ­նէն ե­ռուն կեդ­րոն­նե­րէն էր, իր կա­րե­ւո­րու­թեամբ եւ գոր­ծառ­նու­թեանց ծա­ւա­լով միայն ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ կը զի­ջէր։

Իսկ 1841ի վի­ճա­կագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րով՝ Զ­միւռ­նիա­յի 200.000 բնակ­չու­թեան հա­զիւ 43 տո­կո­սը թուրք կամ թրքա­խառն էին։ Ա­ւե­լի քան 45 տո­կո­սը յոյ­ներ ու հա­յեր էին։ ­Կա­յին նաեւ շուրջ 10 տո­կոս հրեա­ներ, ո­րոնց ա­ռեւտ­րա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր կեդ­րո­նաց­ման հռչա­կա­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը դար­ձած էր շեշ­տա­կիօ­րէն եւ­րո­պա­կան դի­մա­գիծ ու­նե­ցող Զ­միւռ­նիան։

Թէեւ հա­յոց պատ­մու­թեան ար­դի շրջա­նի ժա­մա­նա­կագ­րու­թեանց մէջ հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը յի­շա­տա­կո­ւի 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հրդե­հը՝ իբ­րեւ քա­ղա­քի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին դէմ թուր­քե­րու գոր­ծած ա­նարգ ո­ճի­րը, այ­սու­հան­դերձ՝ ցա­նու­ցիր յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րէ ան­դին անց­նող եւ հա­կա­հայ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեան սպա­ռիչ տե­ղե­կագ­րումն ու ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րող սպա­ռիչ գրա­կա­նու­թեան դժո­ւար է հան­դի­պիլ։

Ա­ւե­լի՛ն. անգ­լիա­ցի թէ ա­մե­րի­կա­ցի ճա­նա­պար­հորդ­նե­րու, մի­սիո­նար­նե­րու եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի աշ­խա­տա­կից­նե­րու կող­մէ բա­զում վկա­յու­թիւն­ներ կան 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հրդե­հին մա­սին, նաեւ՝ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին մէջ բռնկած ըլ­լա­լու փաս­տին վե­րա­բե­րեալ։

Նոյ­նիսկ թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը ի­րենք եւս կը վկա­յեն, որ ծանր կո­րուստ­ներ պատ­ճա­ռած է 10 Յու­լիս 1841ին պա­տա­հած հրդե­հը։ ­Բայց թրքա­կան այդ աղ­բիւր­նե­րը բնա­կան ա­ղէ­տի կը վե­րագ­րեն պա­տա­հա­ծը՝ ընդգ­ծե­լով հան­դերձ, որ ա­ւե­լի քան 12.000 բնա­կա­րան­նե­րու հրոյ ճա­րակ քան­դու­մին եւ 20.000 բնա­կի­չի ա­նօ­թե­ւան եւ ան­պատս­պար մնա­լուն պատ­ճառ դար­ձաւ հրդե­հը։

«Հ­րէա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րան»ի է­լեկ-տ­րո­նա­յին կայ­քէ­ջը եւս կը ձայ­նակ­ցի թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րուն՝ ար­ձա­նագրո­ւած վնա­սին ու քան­դու­մին մա­սին միեւ­նոյն տո­ւեալ­նե­րը ներ­կա­յացնե­լով, բայց միա­ժա­մա­նակ նաեւ ձայ­նակ­ցե­լով թրքա­կան այն յե­րիւ­րան­քին եւ պատ­մա­կան նեն­գա­փո­խու­մին, թէ՝ քա­ղա­քի ա­ռա­ւե­լա­բար թրքա­կան եւ հրէա­կան թա­ղա­մա­սե­րը… զոհ գա­ցին բնա­կան այդ ա­ղէ­տին։

Պէտք չէ զար­մա­նալ, որ թրքա­կան եւ հրէա­կան աղ­բիւր­նե­րը այդ­պէս գլխի­վայր շրջո­ւած կը ներ­կա­յաց­նեն 10 ­Յու­լիս 1841ի Զ­միւռ­նիա­յի հրդե­հին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը։ Յատ­կա­պէս թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը յա­տուկ պատ­ճառ ու­նին 1841ի հրդե­հը այդ­պէ՛ս՝ իբ­րեւ ար­կած եւ իբ­րեւ ա­ռա­ւե­լա­բար թուր­քերն ու հրեա­նե­րը պա­տու­հա­սող ա­ղէտ ներ­կա­յաց­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ պե­տա­կան պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծած են ­Սեպ­տեմ­բեր 1922ի Զ­միւռ­նիոյ ­Մեծ Հր­դե­հին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան խե­ղա­թիւ­րու­մը…

Երբ ան­հեր­քե­լի եւ ան­վի­ճե­լի ա­պա­ցոյց­նե­րով տե­ղե­կագ­րո­ւած 1922ի Հր­դե­հը ո­րո­շած են աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նել իբ­րեւ յոյ­նե­րու եւ հա­յե­րու ձե­ռամբ գոր­ծո­ւած հրձի­գու­թիւն՝ այ­լեւս ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս զար­մա­նալ, որ 10 ­Յու­լիս 1841ին Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը թուր­քե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն իբ­րեւ բնա­կան ա­ղէտ, այդ ալ իբ­րեւ ա­ռա­ւե­լա­բար թրքա­կան եւ… հրէա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն վնաս հաս­ցու­ցած պա­տու­հա­սի։

Ե­թէ յոյ­նե­րու պա­րա­գա­յին թե­րեւս կա­րե­լի է բա­ցատ­րու­թիւն գտնել, թէ ա­նոնք ին­չո՛ւ անհ­րա­ժեշտ չա­փով լու­սար­ձա­կի տակ չեն առ­ներ 1841ի հրդե­հը, ո­րուն յու­նա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն պատ­ճա­ռած վնա­սը այն­քան ալ յի­շար­ժան չէ ե­ղած, նոյ­նը կա­րե­լի չէ ը­սել, սա­կայն, հա­յե­րուս պա­րա­գա­յին։ Ար­դա­րա­ցում չի կրնար ու­նե­նալ, օ­րի­նակ, ­Հայ­կա­կան Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­գի­տա­րա­նը, որ «Իզ­միր» ա­նու­նին տակ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Զ­միւռ­նիոյ հա­յե­րու պատ­մա­կա­նը, ա­ռանց յի­շա­տա­կե­լու 1841ի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը։ Ոչ ալ բա­ցատ­րու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ 2002ի ­Նո­յեմ­բե­րին ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քին կող­մէ Զ­միւռ­նիա­յին նո­ւի­րո­ւած սե­մի­նա­րին թոյ­լատ­րած նոյն­պի­սի ան­տե­սու­մը. հա­կա­ռակ սե­մի­նա­րի յար­գար­ժան եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր զե­կու­ցա­բեր­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան զե­կոյց­նե­րուն, մա­նա­ւանդ 1922ի Ող­բեր­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ սպա­ռիչ տո­ւեալ­նե­րուն, ոչ մէկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցած է 1841ի հրդե­հը։

Հայ­կա­կան ­Հար­ցի եւ ­Հա­յոց դէմ գոր­ծո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը թրքա­կան խե­ղա­թիւ­րում­նե­րուն դէմ պաշտ­պա­նե­լու ի­րա­զեկ­ման եւ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան բա­ցա­յայտ­ման ընդ­հա­նուր պայ­քա­րի ծի­րին մէջ, կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի պէտք է առ­նել, տե­ղե­կագ­րել եւ ըստ ար­ժան­ւոյն քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տալ նաեւ 1841ին թուր­քե­րու ձե­ռամբ Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի հրկի­զու­մին։

Յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կա­նի ա­ռու­մով պէտք է բա­ցա­յայ­տել, թէ թուր­քե­րը ին­չո՛ւ դի­մե­ցին Զ­միւռ­նիա­յի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սը հրկի­զե­լու քայ­լին։
Ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կա­րե­ւոր է։

1839ին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Թան­զի­մա­թը (բա­րե­նո­րո­գում­ներ), որ ա­տե­նի Եւ­րո­պա­յի «հի­ւանդ մար­դու»ն­ ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նը դան­դա­ղեց­նե­լու յու­սա­հա­տա­կան քայլ մըն էր։ ­Սուլ­թանն ու իր պա­լա­տա­կան­նե­րը, յատ­կա­պէս ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ հո­գա­տա­րու­թեան ներ­քոյ, ա­կա­մայ հա­մա­կեր­պե­ցան ­Թան­զի­մա­թի բա­րե­կար­գում­նե­րուն, ո­րոնք բո­լոր օս­ման­ցի­նե­րու մի­ջեւ, ա­ռանց կրօն­քի եւ ազ­գի խտրու­թեան, օ­րէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւն եւ ինչ­քի ի­րա­ւունք ու ա­պա­հո­վու­թիւն կը խոս­տա­նա­յին։ ­Սուլ­թա­նա­կան եւ իշ­խա­նա­ւո­րա­կան նմա­նօ­րի­նակ հա­մա­կեր­պու­մի պատ­րաստ չէին, սա­կայն, ոչ միայն թուրք ու քիւրտ ամ­բո­խա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ հայ եւ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ յա­ջո­ղած ար­հես­տա­ւոր­նե­րու մրցա­կից թուր­քե­րը։ ­Յատ­կա­պէս ­Պոլ­սոյ եւ Զ­միւռ­նիա­յի նման վա­ճա­ռա­կա­նա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան եւ ար­հես­տա­ւո­րա­կան մեծ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ, օ­րէն­քի առ­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թիւ­նը լրջօ­րէն կը սպառ­նար սանձ դնե­լու թրքա­կան օ­րի­նա­զան­ցում­նե­րուն՝ հա­մե­մա­տա­բար ա­զատ ու ի­րա­ւա­հա­ւա­սար մրցա­պայ­քա­րի պայ­ման­ներ ա­ռա­ջաց­նե­լով։
Կա­րե­լի չէ բա­ցա­ռել, հե­տե­ւա­բար, որ 1841ի Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը կրնար հե­տե­ւան­քը ըլ­լալ թրքա­կան այ­դօ­րի­նակ հա­կազ­դե­ցու­թեան՝ ­Թան­զի­մա­թի հռչա­կու­մին։

1841ը նաեւ յու­նա­կան ապս­տամ­բու­թեանց տա­րեգ­րու­թեան մէջ յի­շա­տա­կե­լի թո­ւա­կան է։ ­Թէեւ օս­մա­նեան բա­նա­կը կա­րո­ղա­ցաւ ճզմել յու­նա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը, բայց ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ա­լի­քը ­Յու­նաս­տա­նէն կը տա­րա­ծո­ւէր նաեւ դէ­պի հիւ­սիս՝ դէ­պի ­Պալ­քան­ներ, ո­րոնց ըմ­բոս­տաց­ման խլրտում­նե­րը եւ, մա­նա­ւանդ, դէ­պի Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ներ­քին գա­ւառ­ներ տա­րա­ծու­մը ի­րենց սաղ­մին մէջ խեղ­դե­լու ա­ռու­մով՝ կան­խազ­գու­շա­կան ազ­դա­րա­րու­թիւն մը պի­տի ըլ­լար Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մը։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, հայ պատ­մա­բան­նե­րու ճի­տին պարտքն է ճշմար­տու­թեան լու­սա­բա­նու­մը։

Մա­նա­ւանդ որ 1841ին Զ­միւռ­նիոյ հա­յու­թիւ­նը կը գտնո­ւէր իր զար­գաց­ման բարձ­րա­կէ­տին՝ իբ­րեւ կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը թէ՛ հայ մշա­կոյ­թի ծաղ­կու­մին, թէ՛ հայ գոր­ծա­րար եւ ձեռ­նե­րէց խա­ւի յա­ջո­ղու­թեանց։

Մին­չեւ 1260ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը կ­’եր­կա­րին Զ­միւռ­նիոյ մէջ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ հայ­կա­կան հո­գեմտա­ւոր կո­թող­նե­րու վե­րա­բե­րեալ յի­շա­տա­կու­թիւն­նե­րը։ Իսկ ­Շահ Աբ­բաս Ա­ռա­ջի­նի հրա­հան­գած բռնա­գաղ­թէն ետք, 1605ին, ա­ւե­լի քան հա­զար հայ ըն­տա­նիք­ներ, Նա­խի­ջե­ւա­նէն, Ե­րե­ւա­նէն եւ ­Ղա­րա­բա­ղէն գաղ­թած են դէ­պի Զ­միւռ­նիա։ ­Նաեւ 18րդ դա­րա­վեր­ջին, Ա­ղա ­Մեհ­մէտ Խա­նի ար­շա­ւան­քէն յե­տոյ, Աշ­տա­րա­կէն, Օ­շա­կա­նէն եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րէն ա­ւե­լի քան 300 հայ ըն­տա­նիք­ներ գաղ­թած ու հաս­տա­տո­ւած են Զ­միւռ­նիա։ ­Նո­րեկ հա­յե­րու այդ հոս­քը, գոր­ծա­րա­րու­թեան եւ ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան մրցա­կից նոր ու­ժի ա­ռա­ջա­ցու­մով, բնա­կա­նա­բար պի­տի մտա­հո­գէր Զ­միւռ­նիոյ հին բնա­կիչ­նե­րը։ ­Բայց այս վեր­ջին­նե­րէն միայն եւ յատ­կա­պէս թուր­քը կրնար մտա­ծել, որ Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սին հրկի­զու­մով ի վի­ճա­կի պի­տի ըլ­լար դի­մադ­րե­լու հա­յե­րու… մրցու­նա­կու­թեան։

Վեր­ջին հա­շո­ւով՝ 10 ­Յու­լիս 1841ի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սի հրկի­զու­մով, Զ­միւռ­նիան ապ­րե­ցաւ ա­հա­ւոր նա­խեր­գան­քը ութ­սուն տա­րի յե­տոյ ի­րեն վե­րա­պա­հո­ւած մեծ ող­բեր­գու­թեան՝ Սեպ­տեմ­բեր 1922ի ­Քե­մա­լա­կան ­Թուր­քիոյ բար­բա­րո­սու­թեան, որ չբա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ միայն քա­ղա­քի հրկի­զու­մով, այ­լեւ հա­զա­րա­ւոր­նե­րով ան­պաշտ­պան յոյն եւ հայ բնակ­չու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի ծով թա­փեց ու ջրա­մոյն սպան­դի են­թար­կեց։

Ն. Պէրպէրեան






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+