10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ -
10 Յուլիս 1841. Զմիւռնիայի Հայկական Թաղամասին Հրկիզումը՝ Թուրքերու Ձեռամբ
10 Յուլիսին, 1841-ին, թուրքերը հրկիզեցին Զմիւռնիա քաղաքին հայկական թաղամասը։
Օսմանեան Կայսրութեան արեւմտեան ափին՝ նաւահանգիստ այդ քաղաքը իր ժամանակին միջազգային առեւտուրի ամէնէն եռուն կեդրոններէն էր, իր կարեւորութեամբ եւ գործառնութեանց ծաւալով միայն Կոստանդնուպոլսոյ կը զիջէր։
Իսկ 1841ի վիճակագրական տուեալներով՝ Զմիւռնիայի 200.000 բնակչութեան հազիւ 43 տոկոսը թուրք կամ թրքախառն էին։ Աւելի քան 45 տոկոսը յոյներ ու հայեր էին։ Կային նաեւ շուրջ 10 տոկոս հրեաներ, որոնց առեւտրական եւ հոգեմտաւոր կեդրոնացման հռչակաւոր կեդրոններէն մէկը դարձած էր շեշտակիօրէն եւրոպական դիմագիծ ունեցող Զմիւռնիան։
Թէեւ հայոց պատմութեան արդի շրջանի ժամանակագրութեանց մէջ հետեւողականօրէն կը յիշատակուի 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հրդեհը՝ իբրեւ քաղաքի հայկական թաղամասին դէմ թուրքերու գործած անարգ ոճիրը, այսուհանդերձ՝ ցանուցիր յիշատակութիւններէ անդին անցնող եւ հակահայ այդ յանցագործութեան սպառիչ տեղեկագրումն ու արժեւորումը կատարող սպառիչ գրականութեան դժուար է հանդիպիլ։
Աւելի՛ն. անգլիացի թէ ամերիկացի ճանապարհորդներու, միսիոնարներու եւ դիւանագիտական կազմի աշխատակիցներու կողմէ բազում վկայութիւններ կան 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիոյ հրդեհին մասին, նաեւ՝ հայկական թաղամասին մէջ բռնկած ըլլալու փաստին վերաբերեալ։
Նոյնիսկ թրքական աղբիւրները իրենք եւս կը վկայեն, որ ծանր կորուստներ պատճառած է 10 Յուլիս 1841ին պատահած հրդեհը։ Բայց թրքական այդ աղբիւրները բնական աղէտի կը վերագրեն պատահածը՝ ընդգծելով հանդերձ, որ աւելի քան 12.000 բնակարաններու հրոյ ճարակ քանդումին եւ 20.000 բնակիչի անօթեւան եւ անպատսպար մնալուն պատճառ դարձաւ հրդեհը։
«Հրէական Հանրագիտարան»ի էլեկ-տրոնային կայքէջը եւս կը ձայնակցի թրքական աղբիւրներուն՝ արձանագրուած վնասին ու քանդումին մասին միեւնոյն տուեալները ներկայացնելով, բայց միաժամանակ նաեւ ձայնակցելով թրքական այն յերիւրանքին եւ պատմական նենգափոխումին, թէ՝ քաղաքի առաւելաբար թրքական եւ հրէական թաղամասերը… զոհ գացին բնական այդ աղէտին։
Պէտք չէ զարմանալ, որ թրքական եւ հրէական աղբիւրները այդպէս գլխիվայր շրջուած կը ներկայացնեն 10 Յուլիս 1841ի Զմիւռնիայի հրդեհին պատմական ճշմարտութիւնը։ Յատկապէս թրքական աղբիւրները յատուկ պատճառ ունին 1841ի հրդեհը այդպէ՛ս՝ իբրեւ արկած եւ իբրեւ առաւելաբար թուրքերն ու հրեաները պատուհասող աղէտ ներկայացնելու, որովհետեւ պետական պաշտօնական քաղաքականութեան վերածած են Սեպտեմբեր 1922ի Զմիւռնիոյ Մեծ Հրդեհին պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրումը…
Երբ անհերքելի եւ անվիճելի ապացոյցներով տեղեկագրուած 1922ի Հրդեհը որոշած են աշխարհին ներկայացնել իբրեւ յոյներու եւ հայերու ձեռամբ գործուած հրձիգութիւն՝ այլեւս ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս զարմանալ, որ 10 Յուլիս 1841ին Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը թուրքերը կը ներկայացնեն իբրեւ բնական աղէտ, այդ ալ իբրեւ առաւելաբար թրքական եւ… հրէական թաղամասերուն վնաս հասցուցած պատուհասի։
Եթէ յոյներու պարագային թերեւս կարելի է բացատրութիւն գտնել, թէ անոնք ինչո՛ւ անհրաժեշտ չափով լուսարձակի տակ չեն առներ 1841ի հրդեհը, որուն յունական թաղամասերուն պատճառած վնասը այնքան ալ յիշարժան չէ եղած, նոյնը կարելի չէ ըսել, սակայն, հայերուս պարագային։ Արդարացում չի կրնար ունենալ, օրինակ, Հայկական Սովետական Հանրագիտարանը, որ «Իզմիր» անունին տակ ներկայացուցած է Զմիւռնիոյ հայերու պատմականը, առանց յիշատակելու 1841ի հայկական թաղամասին հրկիզումը։ Ոչ ալ բացատրութիւն կրնայ ունենալ 2002ի Նոյեմբերին Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքին կողմէ Զմիւռնիային նուիրուած սեմինարին թոյլատրած նոյնպիսի անտեսումը. հակառակ սեմինարի յարգարժան եւ հեղինակաւոր զեկուցաբերներու մասնագիտական զեկոյցներուն, մանաւանդ 1922ի Ողբերգութեան վերաբերեալ սպառիչ տուեալներուն, ոչ մէկ յիշատակութեան արժանացած է 1841ի հրդեհը։
Հայկական Հարցի եւ Հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը թրքական խեղաթիւրումներուն դէմ պաշտպանելու իրազեկման եւ պատմական ճշմարտութեան բացայայտման ընդհանուր պայքարի ծիրին մէջ, կարեւորութեամբ նկատի պէտք է առնել, տեղեկագրել եւ ըստ արժանւոյն քաղաքական գնահատական տալ նաեւ 1841ին թուրքերու ձեռամբ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասի հրկիզումին։
Յատկապէս քաղաքական գնահատականի առումով պէտք է բացայայտել, թէ թուրքերը ինչո՛ւ դիմեցին Զմիւռնիայի հայկական թաղամասը հրկիզելու քայլին։
Ժամանակաշրջանը կարեւոր է։
1839ին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հռչակուեցաւ Թանզիմաթը (բարենորոգումներ), որ ատենի Եւրոպայի «հիւանդ մարդու»ն անփառունակ վախճանը դանդաղեցնելու յուսահատական քայլ մըն էր։ Սուլթանն ու իր պալատականները, յատկապէս Մեծն Բրիտանիոյ հոգատարութեան ներքոյ, ակամայ համակերպեցան Թանզիմաթի բարեկարգումներուն, որոնք բոլոր օսմանցիներու միջեւ, առանց կրօնքի եւ ազգի խտրութեան, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն եւ ինչքի իրաւունք ու ապահովութիւն կը խոստանային։ Սուլթանական եւ իշխանաւորական նմանօրինակ համակերպումի պատրաստ չէին, սակայն, ոչ միայն թուրք ու քիւրտ ամբոխային տրամաբանութիւնը, այլեւ ու մանաւանդ հայ եւ յոյն վաճառականներու եւ յաջողած արհեստաւորներու մրցակից թուրքերը։ Յատկապէս Պոլսոյ եւ Զմիւռնիայի նման վաճառականական, առեւտրական եւ արհեստաւորական մեծ կեդրոններուն մէջ, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը լրջօրէն կը սպառնար սանձ դնելու թրքական օրինազանցումներուն՝ համեմատաբար ազատ ու իրաւահաւասար մրցապայքարի պայմաններ առաջացնելով։
Կարելի չէ բացառել, հետեւաբար, որ 1841ի Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը կրնար հետեւանքը ըլլալ թրքական այդօրինակ հակազդեցութեան՝ Թանզիմաթի հռչակումին։
1841ը նաեւ յունական ապստամբութեանց տարեգրութեան մէջ յիշատակելի թուական է։ Թէեւ օսմանեան բանակը կարողացաւ ճզմել յունական ապստամբութիւնը, բայց ազատագրական պայքարի ալիքը Յունաստանէն կը տարածուէր նաեւ դէպի հիւսիս՝ դէպի Պալքաններ, որոնց ըմբոստացման խլրտումները եւ, մանաւանդ, դէպի Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գաւառներ տարածումը իրենց սաղմին մէջ խեղդելու առումով՝ կանխազգուշական ազդարարութիւն մը պիտի ըլլար Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումը։
Ամէն պարագայի, հայ պատմաբաններու ճիտին պարտքն է ճշմարտութեան լուսաբանումը։
Մանաւանդ որ 1841ին Զմիւռնիոյ հայութիւնը կը գտնուէր իր զարգացման բարձրակէտին՝ իբրեւ կարեւոր կեդրոններէն մէկը թէ՛ հայ մշակոյթի ծաղկումին, թէ՛ հայ գործարար եւ ձեռներէց խաւի յաջողութեանց։
Մինչեւ 1260ական թուականները կ’երկարին Զմիւռնիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ հայկական հոգեմտաւոր կոթողներու վերաբերեալ յիշատակութիւնները։ Իսկ Շահ Աբբաս Առաջինի հրահանգած բռնագաղթէն ետք, 1605ին, աւելի քան հազար հայ ընտանիքներ, Նախիջեւանէն, Երեւանէն եւ Ղարաբաղէն գաղթած են դէպի Զմիւռնիա։ Նաեւ 18րդ դարավերջին, Աղա Մեհմէտ Խանի արշաւանքէն յետոյ, Աշտարակէն, Օշականէն եւ յարակից շրջաններէն աւելի քան 300 հայ ընտանիքներ գաղթած ու հաստատուած են Զմիւռնիա։ Նորեկ հայերու այդ հոսքը, գործարարութեան եւ ձեռներէցութեան մրցակից նոր ուժի առաջացումով, բնականաբար պիտի մտահոգէր Զմիւռնիոյ հին բնակիչները։ Բայց այս վերջիններէն միայն եւ յատկապէս թուրքը կրնար մտածել, որ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասին հրկիզումով ի վիճակի պիտի ըլլար դիմադրելու հայերու… մրցունակութեան։
Վերջին հաշուով՝ 10 Յուլիս 1841ի հայկական թաղամասի հրկիզումով, Զմիւռնիան ապրեցաւ ահաւոր նախերգանքը ութսուն տարի յետոյ իրեն վերապահուած մեծ ողբերգութեան՝ Սեպտեմբեր 1922ի Քեմալական Թուրքիոյ բարբարոսութեան, որ չբաւարարուեցաւ միայն քաղաքի հրկիզումով, այլեւ հազարաւորներով անպաշտպան յոյն եւ հայ բնակչութիւնը ուղղակի ծով թափեց ու ջրամոյն սպանդի ենթարկեց։
Ն. Պէրպէրեան
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com