​Հայեր Տիգրանակերտի հիւրերը չեն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

01 Haziran 2018  

​Հայեր Տիգրանակերտի հիւրերը չեն -

​Հայեր Տիգրանակերտի հիւրերը չեն ​Հայեր Տիգրանակերտի հիւրերը չեն

Ան­նա­­խադէպ­­ներ կ՚ապ­­րո­­­ւին Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան պատ­­մութեան մէջ։ 24 Յու­­նիս թո­­ւակա­­նին կա­­յանա­­լիք հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի ընտրու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րէն մին բան­­տի մէջ է։ Բան­­տախցի­­կէն կը տա­­նի ընտրար­­շա­­­ւը։ Փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րուն բան­­տարկու­­թեան դէմ առար­­կութիւ­­նը «խոյս տա­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւն ու­­նի» պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ մեր­­ժո­­­ւեցաւ դա­­տարա­­նի կող­­մէ։

Տե­­միր­­թաշ 2014-ի նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րուն եւս մաս­­նակցած ու մօտ 4 մի­­լիոն ձայ­­ներ հա­­ւաքած էր։ 7 Յու­­նիս 2015-ին իր գլխա­­ւորած ՀՏՓ ձայ­­նե­­­րու 13 տո­­կոսը ստա­­նալով խորհրդա­­րանի մէջ ու­­նե­­­ցաւ 81 պատ­­գա­­­մաւոր։ Իշ­­խող Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում կու­­սակցու­­թիւնը հիմ­­նարկու­­թե­­­նէն ի վեր առա­­ջին ան­­գամ զրկո­­ւեցաւ առան­­ձինն կա­­ռավա­­րու­­թիւն կազ­­մե­­­լու առի­­թէն։

Տե­­միր­­թաշ ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցաւ 4 Նո­­յեմ­­բեր 2016-ին։

Նա­­խագա­­հական թեկ­­նա­­­ծուն «Ակօս»ին հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նեց Էտիր­­նէի բան­­տէն։

Ույկար Կիւլթե­­քին- Ի՞նչ տպա­­ւորու­­թիւն է բան­­տի մէջ պատ­­րաստո­­ւիլ ընտրու­­թեան։ Ի՞նչպէս կանցնի ձեր առօ­­րեան։

Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թաշ- ՀՏՓ կու­­սակցու­­թեան դէմ ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան հա­­մակար­­գի ալ գոր­­ծակցու­­թեամբ կա­­տարող քա­­ղաքա­­կամ գոր­­ծո­­­ղու­­թեան դրդա­­պատ­­ճա­­­ռը 7 Յու­­նիս 2015-ի ընտրու­­թեան յա­­ջողու­­թիւնն է։ Այդ թո­­ւակա­­նէն ցայ­­սօր կու­­սակցու­­թեան բազ­­մա­­­հազար գոր­­ծիչներ ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցան եւ դուրս բե­­րուե­­ցան քա­­ղաքա­­կան մրցակ­­ցութե­­նէն։ Նմա­­նապէս ես եւս քա­­ղաքա­­կան նպա­­տակ­­նե­­­րով պա­­տանդ վեր­­ցո­­­ւած եմ։ Նման պայ­­մաննե­­րու տակ նա­­խագա­­հու­­թեան թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը պա­­տուի եւ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան խնդիր է։ Դա­­տարա­­նին ձեր­­բա­­­կալու­­թեանս հան­­դէպ կա­­յացու­­ցած որո­­շու­­մը ամօ­­թալի խայ­­տա­­­ռակու­­թիւն մըն է որ, եր­­կար տա­­րիներ պի­­տի յի­­շուի Թուրքիոյ քա­­ղաքա­­կան պատ­­մութեան մէջ։ Ի դէմ այդ ամօ­­թի հե­­ղինակ­­նե­­­րուն, մեծ եռան­­դով, ոգե­­ւորու­­թեամբ կաշ­­խա­­­տիմ ընտրար­­շա­­­ւին զօ­­րակ­­ցե­­­լու հա­­մար։ Խիստ խտա­­ցեալ աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը կը պա­­հան­­ջէ բան­­տի զրկանքնե­­րը։

ՈՒ.Կ. – Բան­­տի պայ­­մաննե­­րուն մէջ ձե­­զի յա­­տուկ ճնշումներ կ՞ան։

Ս.Տ. – Ո՛չ, ին­­ծի յա­­տուկ ճնշումներ չկան, Բան­­տը ինքնին ճնշող մի­­ջավայր է ար­­դէն։

ՈՒ.Կ. – Խիստ վի­­ճելի էին 16 Ապ­­րիլ 2016-ի հան­­րա­­­քուէի ար­­դիւնքնե­­րը։ 24 Յու­­նի­­­սի ար­­դիւնքնե­­րուն մա­­սին հա­­ւանա­­կա՞ն է նման զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւններ։

Ս.Տ.- Այս մա­­սին բո­­լոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը, կա­­մաւոր­­ներ եւ իրա­­ւագէտ­­ներ պար­­տա­­­ւոր են կան­­խա­­­միջոց­­ներ ստեղ­­ծե­­­լու։ Եթէ զա­­նազան կու­­սակցու­­թիւննե­­րէ 5 կամ 6 հսկիչ­­նե­­­րու կող­­մէ հսկո­­ւած ընտրա­­­տարած­­քի մը մէջ ժո­­ղովուրդի քո­ւէնե­­րը կը գող­­ցո­­­ւին, այս ոչ թէ գո­­ղերու ճար­­պի­­­կու­­թիւնը կ՚ապա­­ցու­­ցէ, այլ հսկող­­նե­­­րու ան­­ճա­­­րակու­­թիւնը։ Չհասկցա՛յ, մեր քո­­ւէնե­­րը իշ­­խող կու­­սակցու­­թի՞ւնը պի­­տի պաշտպա­­նէ։ Հե­­տեւա­­բար բո­­լորը պէտք է իր քո­­ւէնե­­րուն պաշտպան ըլ­­լայ եւ ընտրու­­թեան աւար­­տին ալ պատ­­րո­­­ւակ­­ներ չներ­­կա­­­յաց­­նէն։

ՈՒ. Կ. – Կը սպա­­սէիք այսքան կա­­նուխ ընտրու­­թիւն մը։ Հան­­րա­­­պետա­­կան դա­­շին­­քը ին­­չո՞ւ այսքան աճա­­պարեց։

Ս.Տ. – Կ՚ակնկա­­լէինք թէ ընտրու­­թիւնը կը կա­­տարո­­ւի Սեպ­­տեմբեր կամ Հոկ­­տեմբեր ամիս­­նե­­­րուն։ Կ՛երե­­ւի տնտե­­սական ճգնա­­ժամը զի­­րենք պար­­տադրեց աւե­­լի կա­­նուխ թո­­ւակա­­նի մը։ Հա­­կառակ պա­­րագա­­յին երկրի տնտե­­սու­­թիւնը կրնար կոր­­ծա­­­նիլ։ Այդ վտան­­գը տա­­կաւին ալ առ­­կայ է։ Ար­­դա­­­րու­­թիւն եւ Զար­­գա­­­ցում ու Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում կու­­սակցու­­թիւննե­­րուն մէկ­­տե­­­ղու­­մով գո­­յացած Հան­­րա­­­պետա­­կան Դա­­շին­­քը կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւնով կ՚ու­­զէ ճգնա­­ժամին ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը նո­­ւազա­­գոյն մա­­կար­­դա­­­կի իջեց­­նել։

ՈՒ. Կ. – Ընտրու­­թե­­­նէ ետք ի՞նչ կակնկա­­լէք։ Իշ­­խող կու­­սակցու­­թիւնը եթէ կորսնցնէ խորհրդա­­րանի մէջ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը, նոր կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւն մը հա­­ւանա­­կա՞ն է։

Ս. Տ. – Ամէն ինչ կա­­րելի է։ Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան ու­­ժե­­­րը միշտ պատ­­րաստ ըլ­­լա­­­լու են քա­­ղաքա­­կան պայ­­քա­­­րի նոր հանգրո­­ւան­­նե­­­րուն։ Նոր կան­­խա­­­հաս ընտրու­­թիւնն ալ չի կրնար փրկել դէ­­պի ան­­կումի գա­­ցող ԱԶԿ-ն։ Էր­­տո­­­ղանի իշ­­խա­­­նու­­թեան պար­­տութիւ­­նը ան­­խուսա­­փելի է։ Բաւ է որ մենք ամուր կառ­­չինք պայ­­քա­­­րին եւ յոյս ներշնչենք ժո­­ղովուրդին։

ՈՒ. Կ. – Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդավար­­կան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ցան­­կե­­­րուն մէջ աջ­­քի կիյ­­նան ձա­­խակող­­մեան անուններ։ Դուք նա­­խապէս տե­­սած էի՞ք ցան­­կե­­­րը։ Առա­­ջարկներ ու­­նե­­­ցա՞ք։ Մե­­տիայի շրջա­­փակու­­մով հան­­դերձ 7 Յու­­նի­­­սեան տրա­­մադ­­րութիւն մը կը նկա­­տէ՞ք։

Ս. Տ. – Ի դէմ թե­­րու­­թիւննե­­րու կամ ան­­բա­­­ւարա­­րու­­թիւննե­­րու առ­­կա­­­յու­­թեան, մեր կու­­սակցու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յանայ ամեն­­բազմե­­րանգ եւ յու­­սադրիչ ցան­­կով։ Նա­­խապէս տե­­սած էի ցան­­կը, որուն հա­­մար մի­­ջամ­­տութիւն մը չու­­նե­­­ցայ։ Եւ ար­­դէն ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան սկզբունքնե­­րու առու­­մով ճիշդ ալ չէր ըլ­­լար նման մի­­ջամ­­տութիւ­­նը։ Ոչ անուննե­­րու բայց ըն­­կա­­­լումնե­­րու առու­­մով ցուցմունքներ ու­­նե­­­ցայ։ Յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թեմ մեր բո­­լոր թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ զուրկ եմ դուրսի տրա­­մադ­­րութիւ­­նը զգա­­լէ, բայց լսումներ կան 7 Յու­­նի­­­սի հո­­գեբա­­նու­­թեան զարթնու­­մի մա­­սին։ Յու­­սամ որ այդպէս ալ ըլ­­լայ։

ՈՒ. Կ. – Հա­­ւանա­­կան է նաեւ որ Էր­­տո­­­ղան նա­­խագահ ընտրո­­ւի եւ իշ­­խող կու­­սակցու­­թիւնն ալ խորհրդա­­րանի մէջ ապա­­հովէ ձայ­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը։ Նման զար­­գա­­­ցու­­մի դի­­մաց ի՞նչ հե­­ռան­­կարներ ու­­նիք։

Ս. Տ. – Ինչ որ ալ ըլ­­լայ ընտրու­­թեան ար­­դիւնքը, մենք առանց քայլ մը իսկ նա­­հան­­ջե­­­լու կը շա­­րու­­նա­­­կենք մեր քա­­ղաքա­­կան պայ­­քա­­­րը։

ՈՒ.Կ.- Որ­­պէս վեր­­ջին հար­­ցում կու­­սակցու­­թիւնը Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը առա­­ջար­­կեց Տի­­յար­­պե­­­քիրէն։ Դուք ինչպէ՞ս կը գնա­­հատէք հայ պատ­­գա­­­մաւո­­րի մը Տի­­յար­­պե­­­քիրի թեկ­­նա­­­ծու ըլ­­լա­­­լը։

Ս. Տ.- Կա­­րօն Տի­­յար­­պե­­­քիրին, Տի­­յար­­պե­­­քիրն ալ Կա­­րօին շատ կը վա­­յելեն։ Քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նը ան­­ցեալին ու­­նե­­­ցած է բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին յատ­­կութիւն։ Այդ դի­­մագի­­ծը պահ­­պա­­­նուած է մին­­չեւ հան­­րա­­­պետու­­թեան առա­­ջին տա­­րինե­­րը։ 1915-ի Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն ետք քա­­ղաքի այդ յատ­­կութիւ­­նը ցի­­րու­­ցան եղաւ։ Մին­­չեւ 1980-ական տա­­րեթի­­ւեր Տի­­յար­­պե­­­քիրի Սուր թա­­ղամա­­սին մէջ հայ ըն­­տա­­­նիք­­ներ կ՚ապ­­րէին։ Ես իմ ման­­կութեան տա­­րինե­­րէս ան­­գամ կը յի­­շեմ այս երե­­ւոյ­­թը։ Բայց 80-ական, 90-ական տա­­րեթի­­ւերու ճնշու­­մի եւ տան­­ջանքնե­­րու մի­­ջավայ­­րին մէջ այդ վեր­­ջին հա­­յերն ալ ստի­­պուե­­ցան իրենց հայ­­րե­­­նի քա­­ղաքը լքե­­լու։ Սա ինքնին ող­­բերգու­­թիւն մըն էր։ Հա­­յեր Տի­­յար­­պե­­­քիրի հիւ­­րե­­­րը չէ այլ տե­­ղացի­­ներն էին։ Կա­­րօի Տի­­յար­­պե­­­քիրի պատ­­գա­­­մաւոր ըլ­­լա­­­լը այդ վշտոտ պատ­­մութեան փո­խան­ցո­ւած խիստ իմաս­տա­լի պա­տաս­խան մըն է։ Վստահ եմ որ Տի­յար­պե­քիրի ժո­ղովուրդը այս պատ­մա­կան գի­տակ­ցութիւ­նով գրկա­բաց պի­տի ըն­դունի Կա­րօին։ Իսկ Կա­րօ ար­դէն Տի­յար­պե­քիրի օտար մէ­կը չէ։ Կը հա­ւատամ, որ տեղ­ւոյն երի­տասար­դութեան հետ շատ լաւ յա­րաբե­րու­թիւններ պի­տի ու­նե­նայ եւ լա­ւագոյն կեր­պով պի­տի ներ­կա­յաց­նէ իր կու­սակցու­թիւնը։ Յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրեն։








Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+