Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

25 Nisan 2018  

Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան -

Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան (1876-1953). ­Հան­ճա­րեղ լե­զո­ւա­բանն ու մե­ծո­գի ­Հա­յը (­Մա­հո­ւան 65ա­մեա­կին ա­ռի­թով)

Հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­ճա­րեղ ծնունդ­նե­րու եւ անկրկ­նե­լի մե­ծու­թիւն­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ իր ե­զա­կի տե­ղը ու­նի լե­զո­ւա­բան ու հա­յա­գէտ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան, որ 1953ի այս օ­րը՝ Ապ­րիլ 16ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ, առ­յա­ւէտ փա­կեց բազ­մա­վաս­տակ ու յոգ­նա­տանջ իր աչ­քե­րը։

Բա­ռին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն ի­մաս­տով գի­տուն եւ ա­կա­դե­մա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւնն է Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան, ո­րուն լե­զո­ւա­գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն միայն թւու­մը բա­ւա­րար է, որ­պէս­զի հայ մար­դը հպար­տու­թեամբ ու պատ­կա­ռան­քով խո­նար­հի Հայ­կեան ­Հան­ճա­րի յոր­դա­հոս այս ճա­ռա­գայ­թու­մին առ­ջեւ։

Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծար­ժէք այս ծնուն­դին հան­դէպ։ ­Հա­զիւ մէկ տա­րե­կան մա­նուկ էր, երբ պայ­ծառ օր մը, մօր գիր­կը պար­տէ­զի մէջ զբօս­նե­լու պա­հուն, կի­զիչ ա­րե­ւուն ճա­ռա­գայթ­նե­րը այ­րե­ցին ա­նոր աչ­քե­րը եւ հիմ­նա­կան վնաս պատ­ճա­ռե­ցին ա­նոր տե­սո­ղու­թեան։ Ինչ­պէս հե­տա­գա­յին պի­տի գրէր իր յու­շե­րուն մէջ, այդ ար­կա­ծին հե­տե­ւան­քով «ամ­բողջ կեանքս միա­կա­նի մնա­ցի»։

Ա­ւե­լի՛ն. Ա­ճա­ռեան տե­ւա­բար ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց նիւ­թա­կան ու կեն­ցա­ղա­յին ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ։ Ապ­րուս­տի հո­գը շա­րու­նակ խան­գա­րեց Ա­ճա­ռեա­նի լիա­ժամ կեդ­րո­նա­ցու­մին՝ գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի վրայ։ ­Մա­զա­պուրծ փրկո­ւե­ցաւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն եւ թա­փա­ռա­կան հա­յու կեանք ապ­րե­ցաւ, մին­չեւ որ 1923ին վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ ­Կար­ծէք այդ բո­լո­րը բա­ւա­րար չէին եւ խորհր­դա­յին խոր­շա­կը եւս, 1937ին, ծանր հա­րո­ւած հաս­ցուց վաթ­սու­նա­մեայ մե­ծար­ժէք հա­յուն։ Ա­ճա­ռեան եր­կու տա­րի են­թար­կո­ւե­ցաւ բան­տա­յին ա­հա­ւոր չար­չա­րանք­նե­րու, որ­պէս­զի խոս­տո­վա­նի «օ­տա­րի գոր­ծա­կալ» ըլ­լա­լու իր «մեղ­քը»…

Ան­ձուկ կեան­քի հա­րո­ւած­ներն ու դա­ժա­նու­թիւն­նե­րը, սա­կայն, չկրցան կոտ­րել Ա­ճա­ռեա­նի ա­ռաս­պե­լա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, սկզբուն­քայ­նու­թիւ­նը, մար­դա­սի­րու­թիւ­նը եւ աս­տո­ւա­ծա­վա­խու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ կո­փե­ցին իր մէջ ­Հա­յու Ն­կա­րա­գի­րը, որ ­Փա­րի­զի փո­ղոց­նե­րուն վրայ լրագ­րա­վա­ճա­ռու­թիւն ը­նե­լու գնով՝ ­Սոր­պո­նի եւ ­Լիւք­սեմ­պուր­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րէն լե­զո­ւա­գի­տու­թեան եւ բա­նա­սի­րու­թեան բարձ­րա­գոյն վկա­յա­կան­նե­րու ար­ժա­նա­ցաւ՝ պա­տուոյ բա­ցա­ռիկ յի­շա­տա­կու­թեամբ նաեւ։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րը պատ­ճառ չե­ղաւ, որ Ա­ճա­ռեան ա­տե­լու­թեամբ լե­ցո­ւի թուրք ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Ոչ ալ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ ի­րեն ուղ­ղո­ւած Ե­րե­ւան հաս­տա­տո­ւե­լու եւ պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի լե­զո­ւա­գի­տու­թեան հիմ­նար­կը գլխա­ւո­րե­լու հրա­ւէ­րը ըն­կա­լեց իբ­րեւ կա­շառք, որ­պէս­զի վա­ճառ­քի հա­նէ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի եւ ա­կա­դե­մա­կա­նի իր խիղ­ճը ի սպաս հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը էա­պէս խորհր­դայ­նաց­նե­լու պոլ­շե­ւի­կեան նկրտում­նե­րուն։

Ընդ­հա­կա­ռակն՝ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան մշտա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ հայ ան­կա­շառ մտա­ւո­րա­կա­նի իր ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան՝ ար­թուն պա­հա­կի նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ պա­հա­պան ու պաշտ­պան կանգ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան։

Ա­ճա­ռեան ծնած է 8 ­Մարտ 1876ին, ­Պոլ­սոյ ­Սա­մա­թիա թա­ղա­մա­սը, հա­մեստ հնա­կար­կա­տի յար­կին տակ։ ­Պոլ­սոյ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նէն հա­զիւ շրջա­նա­ւարտ՝ եր­կու տա­րի, 1893-1894, ­Գա­տը­գիւ­ղի «Ա­րա­մեան» դպրո­ցին եւ ­Կար­նոյ «­Սա­նա­սա­րեան» վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ։

1895ին ան­ցաւ Ֆ­րան­սա, ուր մաս­նա­գի­տա­կան իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց ­Փա­րի­զի Սոր­պո­նի եւ Սթ­րազ­պուր­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րու լե­զո­ւա­բա­նա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ հա­յա­գի­տա­կան ճիւ­ղե­րուն մէջ։ Ար­ժա­նա­ւոր ու­սա­նո­ղը ե­ղաւ մե­ծահռ­չակ հա­յա­գէտ­ներ Ա. Մէյ­յէի եւ Հ. ­Հիուպշ­մա­նի։
Հ. Ա­ճա­ռեա­նի վրայ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին իր ծաղ­կու­մը ապ­րող լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ֆրան­սա­կան՝ «ըն­կե­րա­յին ուղ­ղու­թիւն»ը, որ իր շեշ­տա­կի դրոշ­մը դրաւ հայ մեծ լե­զո­ւա­բա­նի հե­տա­գայ աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց վրայ։
1898ին, ա­ւար­տե­լով ու­սու­մը, Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք՝ դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րե­լով յա­ջոր­դա­բար Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նի, ­Շու­շիի, ­Նոր Բա­յա­զէ­տի, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի, ­Թեհ­րա­նի եւ ­Թաւ­րի­զի թե­մա­կան ու ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ։ 1923ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Խորհրդա­յին ­Հա­յաս­տան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի մէջ, մին­չեւ կեան­քին վեր­ջին օ­րե­րը, պաշ­տօ­նա­վա­րեց իբ­րեւ դա­սա­խօս եւ լե­զո­ւա­բա­նու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ։ ­Յետ մա­հու՝ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի ա­նու­նով կնքո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի ­Լե­զո­ւի ­Հիմ­նար­կու­թիւ­նը։ Ու­սա­նո­ղա­կան զար­գաց­ման եւ դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան հա­մար կա­տա­րո­ւած տե­ղա­փո­խու­թիւն­նե­րով յատ­կան­շո­ւող իր կեան­քի ե­ղա­նա­կը մե­ծա­պէս օգ­նեց Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի, որ­պէս­զի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նայ մեր ժո­ղո­վուր­դի ե՛ւ բար­քե­րուն, ե՛ւ բար­բառ­նե­րուն, ե՛ւ մա­տե­նագ­րա­կան հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան։

Իսկ իր լե­զո­ւա­գի­տա­կան բնա­տուր տա­ղան­դով ու աշ­խա­տու­նա­կու­թեամբ՝ Ա­ճա­ռեան յա­ջո­ղե­ցաւ այդ ամ­բողջ գի­տու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նել իր ժո­ղո­վուր­դին՝ ա­ւե­լի քան 200 գի­տա­կան մե­ծար­ժէք աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րու վաս­տա­կով մը։

Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան հիմ­նա­դի­րը ե­ղաւ հայ լե­զո­ւի պատ­մու­թեան գի­տա­կան մշա­կու­մին եւ, մա­նա­ւա՛նդ, հայ­կա­կան բար­բա­ռա­գի­տու­թեան։

Սոր­պո­նի ու­սա­նո­ղա­կան իր շրջա­նէն սկսեալ, Հ. Ա­ճա­ռեան շեշ­տա­կի հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց հայ լե­զո­ւի կազ­մա­խօ­սա­կան զար­գա­ցու­մը ու­սում­նա­սի­րե­լու, յատ­կա­պէս հա­յոց բար­բառ­նե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց բաղ­դա­տա­կան քննար­կու­մը եւ դա­սա­կար­գու­մը կա­տա­րե­լու աշ­խա­տան­քին նկատ­մամբ։ ­Լե­զո­ւա­բա­նու­թեան իր ա­ւար­տա­ճա­ռը ե­ղաւ, ֆրան­սե­րէ­նով, «­Հայ բար­բառ­նե­րու դա­սա­կար­գու­մը» աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, որ ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սաւ 1909ին։
Հ. Ա­ճա­ռեան գի­տա­կա­նօ­րէն զար­գա­ցուց եւ հիմ­նա­ւո­րեց այն տե­սու­թիւ­նը, որ մին­չեւ հին­գե­րորդ դար հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցած է գլխա­ւոր չորս բար­բառ­ներ միայն, ո­րոնք անն­շան տար­բե­րու­թիւն­նե­րով յատ­կանշո­ւած են։ Այ­նու­հե­տեւ, սա­կայն, մին­չեւ 12րդ ­դար, հայ ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կո­ւած՝ տար­բեր կայս­րու­թիւն­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ բա­ժան-բա­ժան ապ­րե­լու կեան­քին բեր­մամբ, ա­ռա­ջա­ցած են բազ­մա­տաս­նեակ բար­բառ­ներ, ո­րոնք նաեւ հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած են ի­րար­մէ։

Հ. Ա­ճա­ռեա­նի տաս­նա­մեակ­նե­րու այդ հե­տա­զօ­տու­թեանց կո­թո­ղա­կան ար­գա­սի­քը ե­ղաւ «­Հա­յե­րէն ար­մա­տա­կան բա­ռա­րան»ը՝ 1926էն 1935 հրա­տա­րա­կուած իր եօ­թը հա­տոր­նե­րով, ո­րուն մա­սին Փ­րոֆ. ­Մէյ­յէ հպար­տու­թեամբ գրած է, թէ «Ոչ մի լե­զո­ւի հա­մար չկայ այս­քան ճոխ, այս­քան կա­տա­րեալ ստու­գա­բա­նա­կան բա­ռա­րան»։

Նոյն­քան կո­թո­ղա­կան ի­րա­գոր­ծում ե­ղաւ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «­Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րի բա­ռա­րան»ը՝ իր հինգ հա­տոր­նե­րով, ուր հայ մա­տե­նա­գիր­նե­րու եւ ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ եւ այլ լե­զու­նե­րով անձ­նա­նուն­նե­րու հետ բաղ­դա­տա­կան քննար­կու­մով՝ Ա­ճա­ռեան սպա­ռիչ հա­մա­տե­ղու­մը եւ հիմ­նա­ւո­րու­մը կա­տա­րեց հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րուն։

Հայ լե­զո­ւա­բա­նին եւ բա­նա­սէ­րին կո­թո­ղա­կան վաս­տա­կին եր­րորդ կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւ­նը նո­ւա­ճեց Հ. Ա­ճա­ռեա­նի «­Լիա­կա­տար քե­րա­կա­նու­թիւն հա­յոց լե­զո­ւի՝ հա­մե­մա­տու­թեամբ 562 լե­զու­նե­րի» տա­սը հա­տոր­նոց աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րուն միայն «­Նե­րա­ծու­թիւն»ը եւ ե­րեք հա­տոր­նե­րը լոյս տե­սած են։

Ան­կախ իր թո­ղած գի­տա­կան մե­ծա­հա­րուստ ժա­ռան­գու­թե­նէն, Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան իր մտա­ծո­ղու­թեամբ եւ բա­րո­յա­կան կեր­պա­րով մարմ­նա­ւո­րեց ­Մեծ ­Հա­յու ան­խառն ­Տի­պա­րը։ Ա­րեւմ­տա­հայն ու ա­րե­ւե­լա­հա­յը, ազ­գայ­նա­կանն ու մար­դա­սէ­րը, աս­տո­ւա­ծա­վա­խու­թիւնն ու ըն­տա­նի­քի ան­սահ­ման սէ­րը, ան­խոնջ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւնն ու կեան­քի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու հա­յե­ցի հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը, գի­տա­կան ան­շա­հախնդ­րու­թիւ­նը եւ ար­ժէք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քը միա­ձու­լո­ւե­ցան Ա­ճա­ռեա­նի մէջ եւ կեն­դա­նի ա­ռաս­պե­լի վե­րա­ծե­ցին զինք։
Յու­շա­տետ­րի է­ջը կրնայ սպա­ռել սոսկ թւու­մը Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի եր­կու հա­րիւ­րը անց­նող գի­տա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թեանց։ Ա­նոնց շար­քին նոյն­քան կո­թո­ղա­կան տեղ կը գրա­ւեն հա­յե­րէն լե­զո­ւի կազ­մա­խօ­սա­կան եւ պատ­մա­կան ընդ­հա­նուր հո­լո­վոյ­թին, ինչ­պէս նաեւ ուղ­ղագ­րա­կան եւ քե­րա­կա­նա­կան ա­ռան­ձին խնդիր­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած բազ­մա­հա­տո­րա­նոց աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը։ Այդ­պի­սին են «­Հա­յոց լե­զո­ւի պատ­մու­թիւն» երկ­հա­տո­րեա­կը, «Մ. Մաշ­տոց եւ գրե­րու գիւ­տի պատ­մու­թեան աղ­բիւր­ներն ու ա­նոնց քննու­թիւ­նը» եւ «­Հա­յոց գրե­րը» ծա­ւա­լուն աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք գի­տա­կան լոյ­սի տակ կը բե­րեն հո­գեմ­տա­ւոր մեր հարս­տու­թեան հա­րա­զատ ա­կունք­նե­րը։
Խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ դիւ­րին չե­ղան Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի կեանքն ու աշ­խա­տան­քը, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­սա­կան հարս­տու­թեան խո­րա­գոյն պաշ­տա­մուն­քով ապ­րող ու սնա­նող մեծ լե­զո­ւա­բա­նին եւ բա­նա­սէ­րին առ­ջեւ վար­չա­կար­գա­յին շատ խո­չըն­դոտ­ներ յա­րու­ցո­ւե­ցան։ ­Յատ­կա­պէս Ա­բե­ղեա­նա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մին ու պար­տադ­րու­մին դէմ բուռն ընդ­դի­մու­թեան դրօ­շա­կի­րը դառ­նա­լով՝ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան նաեւ իր կեան­քը վտան­գի տակ դրաւ, յա­նուն հայ լե­զո­ւի քե­րա­կա­նու­թեան եւ ուղ­ղագ­րու­թեան ա­նա­ղարտ պահ­պան­ման ծա­ռա­նա­լով պոլ­շե­ւի­կեան ­Չա­րի­քին դէմ։

Ա­ռանց չա­փա­զան­ցու­թեան կա­րե­լի է մե­ծա­տա­ռով գրել, որ 65 տա­րի ա­ռաջ՝ Ապ­րիլ 16ին մեզ­մէ առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցած Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նը ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րին յա­ւերժ ճա­ճան­չող լե­զո­ւա­բա­նա­կան լոյսն է։

Սե­րունդ­նե­րու ակ­նա­ծան­քին ար­ժա­նի է յատ­կա­պէս մե­ծո­գի ­Հա­յու օ­րի­նա­կե­լի այն կեր­պա­րը, որ Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան կեր­տեց ու յա­ւեր­ժա­ցուց իր կեան­քով ու գոր­ծով։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ան­հուն պաշ­տա­մուն­քը Ա­ճա­ռեան վե­րա­ծեց կեն­սա­կեր­պի՝ բնա­տուր իր շնորհ­ներն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ան­սա­կարկ նո­ւի­րա­բե­րե­լով ոչ միայն ­Մայ­րե­նիի ա­նա­ղարտ պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման, այ­լեւ հա­յոց ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման բազ­մա­չար­չար եր­թին առ­ջեւ ո­գե­ղէն հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լու, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան աղ­բիւր­ներ յայտ­նա­բե­րե­լու մեծ ա­ռա­քե­լու­թեան։

Ա­ճա­ռեան հա­ւա­տաց, որ «­Միտ­քը սնունդ է. մտա­ծել՝ նշա­նա­կում է սնո­ւել»։ Այդ հա­ւատ­քով ալ ի­մաս­տա­ւո­րեց եւ բեղմ­նա­ւո­րեց ի­րեն բա­ժին հա­նո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կը։ ­Լե­զո­ւա­գի­տա­կան ու բա­նա­սի­րա­կան իր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րուն ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­լով մէկ­տեղ՝ բնաւ չմե­կու­սա­ցաւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին հա­նո­ւած Ար­հա­ւիր­քի կեան­քէն։ Իսկ իր ապ­րած ժա­մա­նա­կը հա­լա­ծան­քի ու ծա­ռա­ցու­մի, հա­յաջն­ջու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի, ան­կու­մի եւ թռիչ­քի բախ­տո­րոշ դա­րաշր­ջան մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Ա­ճա­ռեան բա­ցա­ռա­պէս մտքի եւ գի­տու­թեան մարդ ե­ղաւ, բայց միա­ժա­մա­նակ ա­մէն բա­նէ վեր պա­հեց հա­յոց բազ­մա­չար­չար պատ­մու­թե­նէն իր յայտ­նա­գոր­ծած ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան սրբու­թիւն­նե­րը։ Որ­քան հա­լա­ծո­ւե­ցաւ, այն­քան բա­րու­թեամբ տէր կանգ­նե­ցաւ ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­րին եւ ան­վա­րան պատ­գա­մեց սե­րունդ­նե­րուն, թէ՝ «Ան­մեղ­նե­րի ող­բեր­գու­թիւ­նը սկիզբ է առ­նում մե­ղա­ւոր­նե­րի մե­ղա­ւո­րու­թիւ­նից: ­Սա­կայն մե­ղա­ւոր­նե­րի մե­ղա­ւո­րու­թիւ­նը եր­բեք չի ար­դա­րաց­նում ան­մեղ­նե­րի ող­բեր­գու­թիւ­նը»։




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+