Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան (1866-1950). ­Նո­րա­հաս Սե­րունդ­նե­րուն Հա­յե­ցիու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նա­ս - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

17 Şubat 2018  

Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան (1866-1950). ­Նո­րա­հաս Սե­րունդ­նե­րուն Հա­յե­ցիու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նա­ս -

Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան (1866-1950). ­Նո­րա­հաս Սե­րունդ­նե­րուն Հա­յե­ցիու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նա­ս Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան (1866-1950). ­Նո­րա­հաս Սե­րունդ­նե­րուն Հա­յե­ցիու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նա­սի­րու­թիւն Ջամ­բող Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան Դաս­տիա­րա­կը

Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ու մարդ­կա­յին-բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րու հու­նա­ւոր­ման մէջ, գլխա­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցած հիմ­նա­դիր­նե­րու շար­քին, իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը կը գրա­ւէ մե­ծա­նուն հայ ման­կա­վարժ ու փայ­լուն մտա­ւո­րա­կան ­Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան, որ 16 ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը, 1950ին, ­Պոլ­սոյ մէջ հրա­ժեշտ տո­ւաւ մեր աշ­խար­հին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի այս ա­կա­նա­ւոր գոր­ծի­չը մեծ ա­ւանդ ու­նի քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բին ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան ապ­րած զար­թօն­քին մէջ՝ սերն­դա­կեր­տու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հու­նա­ւո­րե­լով ա­զատ մար­դու եւ ա­զա­տագ­րեալ հա­յու մշակ­ման տես­լա­կա­նով։
Մին­չեւ այ­սօր այժ­մէա­կան իր հնչե­ղու­թիւ­նը կը պահ­պա­նէ Յ. ­Հինդ­լեա­նի պատ­գա­մը.-
«Ա­զա­տու­թիւնն ա­մէ­նէն մեծ բա­րիքն է մար­դուն հա­մար, ե­թէ գի­տէ զայն գոր­ծա­ծել։ Իսկ երբ ա­զա­տու­թիւնն ըն­դու­նող ժո­ղո­վուր­դը տղայ է եւ խա­ղա­լիկ մը կը կար­ծէ զայն, այն ա­տեն ա­զա­տու­թիւնն ա­մէ­նէն ձա­խող ար­դիւնք­նե­րը կրնայ ու­նե­նալ։ Վ­կայ է պատ­մու­թիւ­նը։
«Ա­զա­տու­թիւնն ան­կար­գա­պա­հու­թիւն եւ ա­նիշ­խա­նու­թիւն չէ։ Ա­զա­տու­թիւնն ինք­նա­կամ հպա­տա­կու­թիւնն է օ­րէն­քին, որ զմեզ կը պահ­պա­նէ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ներ­սի­դին մրա­փող բար­բա­րո­սու­թեան դէմ։ Լր­ջու­թեամբ, ան­կեղ­ծու­թեամբ, հան­դար­տու­թեամբ աշ­խա­տակ­ցիլ քա­ղա­քակրթու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան, ա­հա՛ Ա­զա­տու­թիւ­նը։ ­Հես­տել (չհնա­զան­դիլ) օ­րէնք­նե­րուն, պո­ռա­լով-պոռչ­տե­լով, կիր­քե­րու անձ­նա­տուր ըլ­լա­լով, ա­հա՛ բար­բա­րո­սու­թիւ­նը, ա­հա՛ ա­նիշ­խա­նու­թիւ­նը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ար­տաք­սում չէ. ընդ­հա­կա­ռա­կը, որ­քան ա­ւե­լի ա­զատ ըլ­լայ մարդ՝ այն­քա՛ն ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ու­նի։ ­Քիչ մը մտա­ծել կը բա­ւէ՝ հա­մո­զո­ւե­լու հա­մար այս ճշմար­տու­թեան»։
Մար­դու եւ ­Հա­յու ա­զա­տու­թեան ու հա­սա­րա­կա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան այս­պի­սի՛ խոր եւ ի­րա՛ւ ըն­կա­լու­մով ու պատ­կե­րա­ցու­մով ապ­րե­ցաւ եւ գոր­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ զա­ւակ­նե­րէն ­Յով­հան­նէս Թ. Հինդ­լեան, ո­րուն մա­հո­ւան 68րդ ­տա­րե­լի­ցը կ­’ո­գե­կո­չենք 16 Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րը։
Յ. ­Հինդ­լեան ար­դէն հաս­տա­տո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն էր 1918ին, երբ միա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի նոյն­քան ար­ժա­նա­ւոր մե­ծե­րէն ­Շա­ւարշ Ք­րի­սեա­նի եւ Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեա­նի հետ՝ հոյլ մը նո­ւի­րեալ­նե­րու անձն­դիր ջան­քե­րով հիմ­նադ­րե­լու հա­մար Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իբ­րեւ միա­ժա­մա­նակ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն։ Ա­նոնց նպա­տակն էր ի մի բե­րել եւ, ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րա­յին-բա­րո­յա­կան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րու դրօ­շին տակ, ընդ­հա­նուր եւ մէկ մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ հա­մախմ­բել մինչ այդ ­Պոլ­սոյ թէ հա­յաշ­խար­հի տա­րած­քին ա­ռա­ջա­ցած հայ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան միու­թիւն­նե­րը։
Այդ ա­ռու­մով՝ հա­րիւ­րա­մեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յո­բե­լի­նա­կան տա­րին նշե­լու եւ մե­ծա­րե­լու կը ծա­ռա­յէ, միա­ժա­մա­նակ, ա­նոր գա­ղա­փա­րա­խօս հիմ­նա­դի­րին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան այս է­ջը։
Հինդ­լեան ծնած էր 1866ին՝ ­Պո­լիս։ ­Նո­րա­հաս­տատ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նի անդ­րա­նիկ եւ շնոր­հա­լի սա­նե­րէն էր, որ կա­նու­խէն նե­տո­ւե­ցաւ ման­կա­վար­ժա­կան աս­պա­րէզ՝ իր ժա­մա­նա­կի ազ­գա­յին ա­մէ­նէն յա­ռա­ջա­դէմ գա­ղա­փար­նե­րով սե­րունդ հասց­նե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։
Նո­րա­հաս սե­րուն­դը ազ­գա­յին ո­գիով եւ գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան վսե­մա­գոյն ար­ժէք­նե­րով դաս­տիա­րա­կե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւած մեծ ման­կա­վար­ժը, 5 Հոկ­տեմ­բեր 1909ին, 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ հաս­տա­տո­ւած հա­մե­մա­տա­բար ա­զատ գոր­ծու­նէու­թեան պայ­ման­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով, ­Գա­լուստ ­Մա­լա­թեա­նի հետ գոր­ծակ­ցա­բար հի­մը դրաւ ­Պոլ­սոյ հա­յոց «­Նոր Դպ­րոց» վար­ժա­րա­նին, ո­րուն կո­չումն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հինդ­լեան ա­ռի­թով մը տա­րա­զած է հե­տե­ւեալ պարզ, այ­լեւ խո­րի­մաստ խորհր­դա­ծու­թեամբ.-
«­Գի­տա­կան միտք, որ­քա՜ն հա­զո­ւա­գիւտ բան մըն է ան տա­կա­ւին մար­դոց մէջ։ Որ­քա՜ն յա­ճախ շպարն իբր ի­րա­կա­նու­թիւն, ձեւն իբր հիմ, խօսքն իբր գործ կ­’ըն­դու­նինք։ Որ­քա՜ն յա­ճախ կը բռնո­ւինք շող­շո­ղուն, կա­խար­դիչ տրա­մա­սա­ցու­թիւն­նե­րու ոստ­ղէն…։ Ա­ռանց շատ հե­ռու­ներն եր­թա­լու, հա­շո­ւենք ան­գամ մը, թէ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան վե­րա­հաս­տա­տու­թե­նէն ի վեր որ­քա՜ն ան­գամ­ներ սխա­լե­ցանք, խա­բո­ւե­ցանք եւ տու­ժե­ցինք, մի­միայն գի­տա­կան մտքի պա­կա­սու­թեամբ, այ­սինքն՝ մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ մեր կիր­քե­րուն անձ­նա­տուր ե­ղանք տղու մը պէս, փո­խա­նակ մեր զգա­ցում­նե­րը բա­նա­կա­նու­թեան հա­կակշ­ռին են­թար­կե­լու. մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ դրա­կան պա­րա­գա­նե­րը միայն ու­զե­ցինք տես­նել, փո­խա­նակ հա­շո­ւի առ­նե­լու ժխտա­կան պա­րա­գա­ներն ալ. մի­միայն ա­նոր հա­մար, որ կեղծն ան­կեղ­ծէն զա­նա­զա­նե­լու չափ յստա­կա­տես չկրցանք ըլ­լալ…»
Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան ար­դա­րօ­րէն Ու­սուց­չա­պետ հռչա­կո­ւե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն կող­մէ։ Եւ պա­տա­հա­կան չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան իր յա­ռա­ջա­տար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լով՝ ­Հինդ­լեա­նի ներդ­րու­մը մեծ ե­ղաւ նո­րաս­տեղծ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը «­Բարձ­րա­ցիր՝ Բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նով զի­նե­լու գոր­ծին մէջ։
Ե­թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին ի­րա­ւամբ դար­ձաւ նո­րա­հաս մեր սե­րունդ­նե­րուն մար­դա­կեր­տու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի գլխա­ւոր հնոց­նե­րէն մէ­կը, բա­ցատ­րու­թիւ­նը պէտք է փնտռել ­Հինդ­լեա­նի պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեամբ գա­ղա­փա­րա­կիր­նե­րու հաս­տա­տած հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րուն եւ սկզբունք­նե­րուն մէջ։ Ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծի­չի Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան կեր­պա­րը սնա­նե­ցաւ եւ միս ու ոս­կոր կա­պեց ­Հինդ­լեան­նե­րու պատ­գամ­նե­րով, ո­րոնց շար­քին, օ­րի­նակ՝
«­Խօ­սած ըլ­լա­լու հա­մար խօ­սիլ… Այս հի­ւան­դու­թիւ­նը ու­րիշ ձեւ մ­’ալ ու­նի։ Ո­րով­հե­տեւ պէտք է, որ ան­պատ­ճառ խօ­սինք, չենք անդ­րա­դառ­նար նա­խա­պէս՝ մեր ը­սե­լի­քին վրայ, հսկո­ղու­թիւն ի գործ չենք դներ մեր ու­ղե­ղին վրայ, որ աշ­խար­հիս ա­մէ­նէն չա­րաճ­ճի բանն է. տղու մը պէս ա­զատ մուտք կու տանք մեր գան­կին մէջ՝ ա­մէն տե­սակ գա­ղա­փար­նե­րու։ ­Մին­չեւ հոս վնաս չկայ ժո­ղո­վին հա­մար, բայց գէշն հոն է, որ մեր գան­կին մէջ ա­նոնց մուտք տա­լէ վերջ՝ ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ ալ ա­զատ մուտք կու տանք ա­նոնց, ինչ որ ա­նի­րա­ւու­թիւն մըն է, բռնա­բա­րու­թիւն մըն է հան­դէպ ­Ժո­ղո­վին։ ­Ժո­ղովն ի­րա­ւունք ու­նի պա­հան­ջե­լու, որ մեր ը­սած­նե­րը տրա­մա­բա­նա­կան ըլ­լան նախ, եւ յե­տոյ՝ տրա­մա­բա­նօ­րէն առն­չու­թիւն ու­նե­նան քննե­լի խնդրոյն հետ։ Որ­չա՜փ ի­րա­ւունք ու­նի ­Ռը­նան, երբ կ­’ը­սէ.- «Ա­մէն ինչ ա­ռատ է, բա­ցի ողջմ­տու­թե­նէն»։ Եւ որ­չափ սի­րե­լի են մեզ մեր այն (ազ­գա­յին) ե­րես­փո­խան­նե­րը, ո­րոնց մէջ ո­րոշ կեր­պով կը տես­նո­ւի այդ չքնաղ բա­րե­մաս­նու­թիւ­նը։ ­Բայց որ­քա՜ն ա­ւե­լի սի­րե­լի պի­տի ըլ­լա­յին ա­նոնք մեզ, ե­թէ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ է­ֆէն­տիին պէս՝ ի­րենց ողջմ­տու­թեան միաց­նէին խօս­քե­րու սեղ­մու­թիւ­նը։ Ունկն­դիր ե­րես­փո­խան­նե­րը դպրո­ցա­կան­ներ չեն վեր­ջա­պէս, եւ ա­տե­նա­բան ե­րես­փո­խան­նե­րը տե­սակ մը թշնա­մանք ը­րած կ­’ըլ­լան ա­նոնց՝ ան­հար­կի եւ ան­վեր­ջա­նա­լի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով եւ կրկնու­թիւն­նե­րով եր­կա­րե­լով ի­րենց պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը»։
Շեշ­տը դնե­լով «ա­ռողջ մարմ­նի մէջ ա­ռողջ միտք» մշա­կե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ՝ ­Հինդ­լեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան պաշ­տա­մուն­քը դար­ձու­ցին կի­զա­կէ­տը ի­րենց հիմ­նադ­րած հա­մա­հայ­կա­կան շար­ժու­մին։ ­Տա­կա­ւին նոր կազ­մո­ւած՝ յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­ղար­կե­ցին Ե­րե­ւան, որ­պէս­զի նո­րա­հաս­տատ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ան­հրա­ժեշտ հա­մա­կար­գու­մը ա­ռա­ջաց­նեն։ Եւ այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Այդ ճամ­բով նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ. մարմ­նա­ւո­րեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն ու­ղե­կից այն շար­ժու­մը, որ դէ­պի հայ լե­զուն եւ հայ մշա­կոյ­թը, դէ­պի հայ­կա­կան աս­պե­տու­թիւնն ու Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նը լա­րեց սիրտն ու միտ­քը, բա­զուկն ու քայ­լե­րը հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն՝ ի ­Հա­յաս­տան թէ սփիւռս աշ­խար­հի։
Քե­մա­լա­կա­նու­թեան «յաղ­թար­շաւ»էն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թեան երկ­րորդ տա­րագ­րու­թե­նէն ետք, Յ. ­Հինդ­լեան դուրս չե­կաւ ­Պո­լի­սէն եւ մին­չեւ մահ, իր հիմ­նադ­րած Պոլ­սոյ «­Նոր Դպրոց»ով, հա­ւա­տա­րիմ մնաց իր պաշ­տած ար­ժէք­նե­րով սե­րունդ հասց­նե­լու ա­ռա­քե­լու­թեան։
Մար­դա­կեր­տու­մի եւ ­Հա­յա­կեր­տու­մի իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնն ու պատ­գա­մը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս խտաց­նող՝ «Ար­դա­րակ­շիռ Ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը» խո­րագ­րով Յ. ­Հինդ­լեա­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թե­նէն քա­ղո­ւած հե­տա­գայ խորհր­դա­ծու­թեամբ կ­’ար­ժէ եզ­րա­փա­կել մե­ծար­ժէք ­Հա­յուն ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այս է­ջը.-
«Ազ­գին ներ­կայ ճգնա­ժա­մին մէջ, ի­րա­ւունք չու­նինք ի­մաս­տա­սի­րա­կան-ըն­կե­րա­յին ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ յան­դուգն տե­սու­թիւն­նե­րով զբա­ղե­լու, եւ ժո­ղո­վուր­դին ար­դէն գրգռո­ւած ե­րե­ւա­կա­յու­թիւնն ա՛լ ա­ւե­լի գրգռե­լու։ Ազ­գա­սի­րու­թիւնն ի­րո­ղու­թիւն մ­’է, եւ կա­րե­ւոր ե­ղող բանն է ոչն­չաց­նել այն նա­խա­պա­շա­րում­ներն ո­րոնք, մա­կա­բոյծ­նե­րու պէս փա­կած ազ­գա­սի­րու­թեան, ա­նոր ա­րիւ­նը կը քա­մեն։ Ն­պա­տակս է մէկ եր­կու խօս­քով ցոյց տալ այդ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րէն մէկ քա­նին եւ ցայ­տեց­նել ար­դա­րակ­շիռ ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը։
«­Շա­տե­րու հա­մար ազ­գա­սի­րու­թիւնն ու­րիշ բան չէ, բայց ե­թէ խօլ կիրք մը, եւ շատ մը խո­հա­կան, այ­սինքն ճշմա­րիտ ազ­գա­սէր­ներ, ո­րոնք ջղագր­գի­ռի յա­տուկ շար­ժու­ձե­ւե­րով ու խօս­քե­րով չեն ար­տա­յայ­տեր ի­րենց ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, Ազ­գին շա­հե­րուն հան­դէպ ան­տար­բեր­ներ կը նկա­տո­ւին, իսկ ե­թէ Ազ­գին թե­րու­թիւն­նե­րը քննա­դա­տեն ա­նոնք, ազ­գա­տեաց­ներ կը հա­մա­րո­ւին։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ դրու­տեաց կայ­թե­րու եւ հիաց­ման կ­’ար­ժա­նան ա­նոնք, ո­րոնց ազ­գա­սի­րու­թիւնն ի յայտ կու գայ մաս­նա­ւոր ջղագրգ­ռու­թեամբ եւ թե­րակ­շիռ լա­ւա­տե­սու­թեամբ կամ յո­ռե­տե­սու­թեամբ։
«Արդ, ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը, ճշմա­րիտ, ար­դիւ­նա­ւոր ազ­գա­սի­րու­թիւնն ա­ւե­լի բա­նա­կա­նու­թիւն է քան զգա­ցում, այ­սինքն զգա­ցում մ­’է, որ այն ա­տեն միայն կ­’ըլ­լայ օգ­տա­կար՝ երբ բա­նա­կա­նու­թե­նէն կը կա­ռա­վա­րո­ւի»։

Ն­ման ՊԱՏԳԱ­Մի տէր ԴԱՍՏԻԱՐԱԿն է ­Յով­հան­նէս Թ. ­Հինդ­լեան։
Նազարէթ Պէրպէրեան




Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+