Կեանքէն Հեռացած է Թուրքիոյ Ամենայայտնի Մաշկաբաններէն Յակոբ Կոթողեանը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

13 Şubat 2018  

Կեանքէն Հեռացած է Թուրքիոյ Ամենայայտնի Մաշկաբաններէն Յակոբ Կոթողեանը -

Կեանքէն Հեռացած է Թուրքիոյ Ամենայայտնի Մաշկաբաններէն Յակոբ Կոթողեանը Կեանքէն Հեռացած է Թուրքիոյ Ամենայայտնի Մաշկաբաններէն Յակոբ Կոթողեանը

Թուրքիոյո մէջ, 79 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ ամենայայտնի մաշկաբաններէն մէկը` պոլսահայ Յակոբ Կոթողեանը: Ըստ Ermenihaber.am-` այս մասին, Twitter-ի իր էջին գրած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Սելինա Տողանը:

«Մենք կը սգանք երկրի ամենանշանաւոր մաշկաբաններէն մէկուն` փրոֆէսըր Յակոբ Կոթողեանի, այլ անունով` «անթեւ Յակոբ»-ի կորուստը: Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ: Թող հողը անոր վրայ թեթեւ ըլլայ»,- գրած է Տողանը:

Յակոբ Կոթողեան ծնածէ 1939-ին` Պոլիս: Դպրոցական տարիքին սկսած է աշխատիլ տարբեր արհեստանոցներու մէջ: 1952-ին, արծաթագործական արհեստանոցի մը մէջ աշխատելու ընթացքին՝ անոր աջ թեւը մնացած է հաստոցի տակ: Թեւը կորսնցնելուն հետեւանքով՝ Կոթողեանը ձգած է դպրոցը, բայց մէկ տարի անց վերսկսած է դասերը Գումգափուի Պեզճիյեան հայկական միջնակարգ դպրոցէն ներս:

Աւելի ուշ՝ ուսանած է նաեւ Գալաթայի Կեդրոնական հայկական վարժարանէն ներս, 1957-ին ընդունուած է Պոլսոյ համալսարանի բժշկական բաժանմունք։ Միեւնոյն ժամանակ մասնաւոր դասեր տուած է աւագ դպրոցի աշակերտներուն:

1963-ին, համալսարանը աւարտած է իբրեւ լաւագոյն ուսանող` ստանալով բժիշկի վկայական: 1964-ին, Պոլսոյ Ճերահփաշայի համալսարանի Մաշկաբանութեան ամպիոնէն ներս սկսած է աշխատիլ իբրեւ օգնական: 1969-ին, համալսարանին կողմէ ուղարկուած է Գերմանիա: Չորս ամսուան ընթացքին գերմաներէն սորված է եւ աշխատանքի անցած Համպուրկի Սաարլանտի համալսարանի մաշկաբանական դարմանատան մէջ` անուանի մաշկաբան փրոֆ․ Նէոտլի մօտ: Յաջողութիւններուն շնորհիւ՝ գերմանական համալսարանի պահանջով՝ Գերմանիոյ մէջ անոր մնալու ժամկէտը երկարացուած է եւս մէկ տարիով:

1972-ին վերադարձած է Ճերահփաշայի բժշկական բաժանմունք, աւելի ուշ ստացած է դոցենտի, 1979-ին` փրոֆէսըրի կոչում: Գերմաներէնէն բացի՝ ինքնուրոյն ուսումնասիրած է նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն: Աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ կազմակերպած է դասախօսութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ: Միջազգային շարք մը պարբերականներու մէջ տպագրուած են Կոթողեանի աւելի քան 300 գիտական յօդուածները: Ան նաեւ մաշկային հիւանդութիւններու վերաբերեալ՝ հեղինակած է երկու գիրք:

Աջ թեւը կորսնցնելէ ետք՝ Կոթողեանը շուրջ երկու տարի յամառօրէն մարզուած է` առօրեայ կեանքի եւ մասնագիտական ոլորտի մէջ բոլոր անհրաժեշտ գործողութիւնները մէկ ձեռքով կատարելու համար: Յայտնի է, որ ան գիշերային հերթափոխներ անցուցած է համալսարանէն ներս` մէկ ձեռքով ներարկիչի մէջ դեղը քաշելու եւ հիւանդին ներարկելու փորձեր կատարելու համար, իսկ տան մէջ նոյնը կրկնած է նարինջներուն ջուր ներարկելու միջոցով: Տան մէջ եղած բոլոր հին ու պատռուած լաթերը կարած է` մէկ ձեռքով կարել սորվելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+