Պոլսահայն Ու Պոլսեցին - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

23 Ocak 2018  

Պոլսահայն Ու Պոլսեցին -

Պոլսահայն Ու Պոլսեցին Պոլսահայն Ու Պոլսեցին

Բարդ բառ մըն է «պոլսահայ»ը, կազմուած «պոլիս» եւ «հայ» բառերու շաղկապումով: Կը բնութագրէ պոլսաբնակ հայ ժողովուրդը: Ժողովուրդ՝ որ այս քաղաքին Մեհմետ Բ. կայսեր ձեռամբ արշաւումէն ետք նախ բռնութեամբ, ապա բարեկեցիկ ապրուստի ձգողական ուժով, կրկնակի հարկերը մուծելու միտումով ու պանդուխտի դաժան ճակատագիրով ու վերջապէս Մեծ Եղեռնի սարսափէն փրկուելու մարմաջով ապաստանած է: Գաղտնիք չէ, որ հայուն համար այս քաղաքը եւս ունեցաւ որոշ հարազատութիւն: Վերջապէս սերունդներու տեւողութեամբ գոյացած մշակութային աւանդի մը բնօրրանն էր Պոլիսը: Արդի արեւմտահայերէնը այս քաղաքին մէջ ծաղկած էր: Ո՛չ միայն լեզուն, այլ նաեւ գիտութիւնը, գեղարուեստը, թատրոնը, կարճ խօսքով՝ մշակոյթը այս քաղաքի թաղերուն մէջ զարգացած ու կերտած էր զարթօնքի շրջանի այդ մեծ նուաճումը: Սակայն, այս բոլորը իրենց հետ միասին բերին ուրիշ զարգացում մը եւս, որուն հետեւանքով պոլսեցին գերիշխեց պոլսահայուն: Կարծես տարիներու հոլովոյթին մէջ սկսաւ քայքայուիլ, տարանջատուիլ սկզբնական շրջանի այդ բարդ բառը ու եկան օրեր, երբ պոլսահայը որոշ չափով հեռացաւ այդ սկզբնական շրջանի հայ արմատէն եւ դարձաւ պոլսեցի: Այս ուրացումին մէջ գոյացաւ նաեւ սնոպ այլամերժութիւն մը: Այդ այլամերժութեան մենք ծանօթացանք պոլսեցի-գաւառացի հակադրութեամբ: Նոյն եղանակով, պոլսեցին սկսաւ մերժելու բոլոր այն արժանիքները, որոնք թէեւ յատուկ էին հայուն, բայց խոտոր պոլսահայուն:

Այս խտրականութեան եղանակը նոյնիսկ շարունակեց մինչեւ մեր օրերը: Այսօր, խտրականութեան եղանակը ձեւ փոխած կ՛երեւի այլամերժութիւնը ուղղելով ընկերային ծանր պայմաններու հետեւանքով Իսթանպուլ ապաստանած հայաստանցիներուն:

Գիտակցութեան խնդիր մըն է պարզուածը մեր դիմաց, որը յաղթահարելու համար պարտաւոր ենք գիտակցելու ազգ բառի բնութագրած արժանիքներուն: Եթէ այդ ընթացքին մէջ յաջողութիւն չունենանք բնականաբար պիտի կորսնցնենք հայուն պատկանող առաքելութիւնները: Այդ կորուստը պիտի սկսի (եւ արդէն սկսած է) մայրենի լեզուի ուրացումով: Այստեղ ակնարկուածը մայրենիի տիրապետելու կամ չտիրապետելու խնդիր չէ, այլ ուղղակիօրէն մերժելու, ուրանալու խնդիր: Այսօր մենք մայրենին չգիտցողներէ աւելի գիտնալ չուզողներուն հետ խնդիր ունինք:

Չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, որ այս բոլորը գիտակցութեան բացակայութենէ կը բխի եւ այդ գիտակցութիւնը վերակերտելու գործին մէջ ապարդիւն մնաց, թէ՛ դպրոցը եւ թէ եկեղեցին: Շատեր հայախօսութենէ հեռանալու մէջ կը տեսնեն արդիականացման սուտ երեւոյթ մը:

Նշենք, որ սեփական արժէքներէ հեռանալու կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ կը ներկայանայ աւանդական անուններէ հրաժարելու միջոցաւ: Մարդիկ ազգը բնութագրող անուններու դէմ շրթունքնին ծրելով կը հեգնեն՝ «այս դարուն այդպէս անո՞ւն մնաց տակաւին» ըսելով: Ինչ զարմանալի է, որ այդտեղ յանուն արդիականութեան մերժուած անունը շարունակեր է դարեր ու դարեր եւ յանկարծ վերջին յիսուն տարիներուն ճիշդ ալ մեր նորահաս շփացածներուն կեանքի կոչուած տասնամեակին յանկարծակի կերպով ժամանակավրէպ դարձնէր:

Թերեւս ալ ճիշդ է եւ իրականութեան մէջ մենք ենք, որ չենք կրցած համակերպիլ ժամանակի պահանջարկներուն: Այս ալ վարկած մըն է, որուն վրայ կ՛արժէ խորհիլ:

Ի վերջոյ, միայն պոլսահայը չէ, որ ուս կը թօթուէ իր սեփական արժէքներուն նկատմամբ: Նոյն ընթացքին մէջ է Հայաստանի հայը: Հոն ալ պիտի գտնուին այլասերած միտքեր, որոնք իրենց նորածինները օտարաշունչ անուններով կոչելու պահուն հարց պիտի տան ամենայն միամտութեամբ՝ «միթէ այս դարուն տակաւին այդ տեսակ անո՞ւն մնացեր է»:

Այս բոլորը մտաբերեցինք, երբ կը կարդայինք Արամ արք. Աթէշեանի Հայաստանի թերթերուն տուած հարցազրոյցը: «Համայնքը անհանգիստ է Կարօ Փայլանի ելոյթներէն», ըսած էր սրբազանը: Ճիշդ այդ պատճառաւ է, որ մենք պիտի փորձենք զանազանել պոլսահայը եւ պոլսեցին ըսելու համար, որ պոլսահայը շնորհիւ զինք բնութագրող բարդ բառի «հայ» արմատին երբեք ու երբեք դժգոհ չէ եւ չի կրնար ալ ըլլալ ազգի այս արժանաւոր զաւակին ելոյթներէն: Իսկ բառի «հայ» մասնիկէն ձերբազատուած պոլսեցիները, եթէ վախ ու սարսափի մատնուելով դժգոհ են, այդ ալ թող իրենց խնդիրը ըլլայ:

Բագրատ Էսդուգեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+