Թուրքիոյ Առաջին Արհեստավարժ Բռնցքամարտիկը Եղած է Կարպիս Զաքարեանը -
Թուրքիոյ Առաջին Արհեստավարժ Բռնցքամարտիկը Եղած է Կարպիս Զաքարեանը
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, Պիթլիսի մէջ ծնած ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանի մասին պատմող «Ո՞ւր ես, Կարօ՛» գիրքին շնորհանդէսը:
Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի` շնորհանդէսին ներկայ եղած են գիրիքին հեղինակ Էմինա Թեմելը, Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) անդամ, խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, ինչպէս նաեւ անձամբ Զաքարեան եւ շարք մը այլ մարդիկ:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է , թէ ինչպէս Զաքարեան իր մարզական ասպարէզի ընթացքին հասած է մեծ յաջողութիւններու: Բացի այդ՝ անդրադարձ կը կատարուի անոր անձնական կեանքին: Մասնաւորապէս հեղինակը ընթերցողին կը ներկայացնէ Զաքարեանի եւ Էրսիլիա անունով իտալացի աղջկայ մը սիրոյ պատմութիւնը, որ, սակայն, երջանիկ աւարտ չէ ունեցած:
Ինչպէս նաեւ անդրադարձ կը կատարուի Թուրքիոյ պատմութեան սեւ էջերէն մէկուն` 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ յունական ու հայկական համայնքներու վրայ թրքական իշխանութիւններու թոյլտուութեամբ կազմակերպուած վայրենաբարոյ յարձակումներուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com