Պոլսոյ 16 Հայկական Դպրոցները Այս Տարի Ունին Միայն 556 Նոր Աշակերտ -
Պոլսոյ 16 Հայկական Դպրոցները Այս Տարի Ունին Միայն 556 Նոր Աշակերտ
Թուրքիոյ տարածքին սկսաւ նոր ուսումնական տարին, իրենց աշխատանքին սկսան նաեւ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարանները:
ինչպէս կը հաղորդէ «Ակօս»-ի թղթակից Իշխան Էրտինչ` նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցները ունեցած են միայն 556 նոր աշակերտ, որոնցմէ 348-ը տարրական եւ միջին դպրոցներու, 208-ը` աւագ դպրոցի աշակերտներ: Այս թիւը մօտ է անցեալ տարուան տուեալներուն, աշակերտներու թիւի աճ չէ արձանագրուած։
Ընդհանուր առմամբ, այս ուսումնական տարին Պոլսոյ 16 հայկական դպրոցներու աշակերտներու ամբողջական թիւը կազմած է 2.992 երեխայ` 710 աւագ դպրոցի եւ 2.282 տարրական ու միջնակարգ դպրոցներու սաներ:
Տարրական եւ միջնակարգ վարժարաններէն ամենաքիչ թիւով աշակերտներ ընդունած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող Եսայեան վարժարանը` ընդամէնը 3 առաջին դասարանի աշակերտ: Մենաշատը՝ հայաշատ Շիշլի շրջանի Գարակէոզեան վարժարանը, որ ունեցած է 47 նոր աշակերտ, Գարագէոզեանէն ետք Պաքըրքէոյ շրջանի Դադեան եւ հայաշատ Սամաթիա թաղամասի Սահակեան – Նունեան վարժարանները` համապատասխանաբար 43 եւ 40 նոր աշակերտով:
Պատմական Գումգափը թաղամասի` Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կից գտնուող Պեզճեան դպրոցը, որ կը համարուի Պոլոյ հայկական Մայր վարժարանը, այս տարի ունեցած է 30 առաջին դասարանի աշակերտ:
Աւագ դպրոցներու շարքին ամենաշատ նոր աշակերտներ ունեցած է Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող «Կեդրոնական» աւագ դպրոցը` 55 նոր աշակերտ: Եսայեան վարժարանի աւագ դպրոցի բաժինը ընդունած է 48 նոր աշակերտ, անոր կը յաջորդեն հայաշատ Փանգալթըի Մխիթարեան դպրոցը իր 40 նոր աշակերտով, ինչպէս նաեւ Սահակեան – Նունեան վարժարանի աւագ դպրոցի բաժինը իր 37 նոր աշակերտով:
«Թերթ»-ը կը նշէ, որ Պոլսոյ մէջ գործող 16 հայկական վարժարաններէն 13-ը մասնաւոր են, 3-ն ալ համայնքի ընդհանուր սեփականութիւնը կը համարուին: Այս դպրոցներ կրնան յաճախել միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ:
Թուրքիոյ հայկական վարժարաններուն մեծ մասը կը գոյատեւէ համայնքի տարբեր բարերարներու նուիրատուութիւններու հաշուին, ատոր զուգահեռ` դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի: Ատոր հիմնական պատճառը Կ. Պոլսոյ հայ համայնքի արտագաղթը եւ վարժարաններու ուսման բարձր վարձավճարներն են (Պոլսոյ հայկական վարժարաններու ուսման վարձերը կը կազմեն տարեկան միջինը 3000 տոլար):
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com