​Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Պաշտօնական Բացում - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

19 Eylül 2017  

​Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Պաշտօնական Բացում -

​Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Պաշտօնական Բացում ​Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Պաշտօնական Բացում

«Կարէն Դեմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ երէկ` 18 սեպտեմբերին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին, որուն բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, խօսք առին Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Ժողովին կը մասնակցին Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ աւելի քան 1500 մասնակիցներ` 70 երկիրներէ:

Նախարար Յակոբեան` ողջունելով մասնակիցները, տեղեկացուց. «Մեծ պատուիրակութիւններ եկած են Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն եւ Արցախէն: Համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, տարբեր երկիրներու նախարարներ, երեսփոխաններ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ: Համոզուած եմ` ձեր գործնական դիրքորոշումներով, իրատեսական հարցադրումներով պիտի հարստացնենք Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը եւ պիտի նպաստենք ատոր զարգացման», յայտնեց ան:

Այնուհետեւ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` հաստատելով, որ, զգալի է սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնն ու ներդրումը Արցախի եւ Հայաստանի կեանքին մէջ` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին հայութիւնը կը գտնուի տարբեր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման: «Հակառակ բազում դժուարութիւններուն, Հայաստանի պետութիւնը համայն հայութեան պատուարն է եւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման երաշխաւորը: Այսօր ժամանակն է, որ դառն փորձութիւններու ծանրութիւնը կրած մեր երկիրն ու ժողովուրդը կարենան հաստատ քայլերով ընթանալ վերելքի ուղիով, որ կը պահանջէ ուժերու ու կարողութիւններու ամբողջական կեդրոնացում ու համախմբում: … Հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ` հայրենիքին եւ ազգին հանդէպ կը կրենք նոյն պատասխանատուութիւնը: Զինուորն ու ծառան ենք հայրենիքին: Ասիկա պիտի ըլլայ մեր նշանաբանը: Հայրենիքը մենք պիտի սիրենք այն պարզ պատճառով, որ մերն է, մեր հայրերուն արեամբ ու քրտինքով նուիրագործուած եւ մեզի աւանդուած է: Հայրենիքով զօրեղ է իւրաքանչիւրը` իբրեւ ազգի զաւակ, իբրեւ կրողն ու շարունակողը հայրենեաց ժառանգութեան, իսկ զօրութիւնը հայրենիքի մեր ժողովուրդն է` ի հայրենիս եւ ի սփիւռս միասնաբար», ըսաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկեց այս համաժողովը օգտագործել իբրեւ Հայաստան-սփիւռք ռազմավարական երկխօսութեան հարթակ, ուր միասնականութեան եւ բազմակարծութեան ոգիով տեղի ունեցող քննարկումներուն միջոցով ծնունդ պիտի առնեն ապագայի նոր գործողութիւններու ծրագիրներ` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի գաղութներու զարգացման ու հզօրացման համար:

Ըստ անոր, այսօր Հայաստան աւելի ուժեղ է սփիւռքի աւանդական կառոյցներու` միջազգային մակարդակի վրայ տարած աշխատանքներով: Ան շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ անոր կառուցողական ջանքերը ներգրաւելու հրամայականը` յատուկ կերպով գնահատելով սփիւռքի նուիրեալներու ջանքերով Հայաստանի մէջ մասնագիտական փորձաշրջաններ, երիտասարդական հաւաքներու կարելիութիւններ ընձեռող կազմակերպութիւնները: «Մենք պէտք է հարստացնենք մեր կեանքը` թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, թէ՛ սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ` երիտասարդներուն համար, իրե՛նց իսկ ուժերով»:

Հայաստանի նախագահը հաստատեց, որ մեր պապերէն մեզի ժառանգ մնացած միասնականութեան պատգամը երբեք չի նշանակեր միակարծութիւն կամ մեծամասնութեան կարծիքը անհատի միտքին նկատմամբ գերադասելու անհրաժեշտութիւն: «Թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ մենք կ’ողջունենք եւ կը գնահատենք բազմակարծութիւնը, ինչ որ կարեւոր պայման է նորը ստեղծելու համար», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան կոչը պէտք չէ դիտուի իբրեւ ինքնուրոյնութեան հականիշ: «Ընդհակառակն` համագործակցաբար, ուս-ուսի տուած եւ միայն տարբեր մօտեցումներու համադրմամբ մենք կրնանք հասնիլ արդիւնաւէտ լուծումներու: Մեր ուժը մեր բազմակարծութեան մէջ է», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Ս. Սարգսեան դիտել տուաւ, որ սփիւռքի բոլոր շերտերուն հետ փոխադարձ ներգրաւուածութիւնը քաջալերելը, սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աջակցիլը, արտակարգ իրավիճակներու մէջ եղող հայրենակիցներուն կարելի եղածին չափ օգնութիւն տրամադրելը եղած են պետութեան քաղաքականութեան առանցքը: Նախագահը նաեւ հաստատեց, որ անկախութեան 26 տարիներուն սփիւռքի գործարարները բազում նուիրատուութիւններով եւ բարեսիրական նախաձեռնութիւններով նեցուկ կանգնած են Հայաստանին եւ Արցախին:

Ան անդրադարձաւ Հայաստանի ժողովրդագրական ներկայ պատկերին եւ արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթին, որոնք հետեւանք են քառորդ դարու առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ գործօններու: «Յառաջիկայ բոլոր տարիներուն մեր քայլերը պիտի ուղղուին Հայաստանի մէջ բնակչութեան բնական աճը աւելցնելու: Մենք կը յայտարարենք, որ մեր նպատակն է, որ Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ մենք դժուար թէ այդ նպատակին կարենանք հասնիլ միայն ծնելիութեան մակարդակը աւելցնելով, մարդոց կեանքը երկարելու պայմաններ ստեղծելով եւ ժողովրդագրական պատկերը բարելաւող միւս քայլերով` թէեւ այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն պիտի քալենք: Ուստի, մեր նպատակադրումը կ՛ենթադրէ գալիք 25 տարիներուն ընթացքին դէպի Հայաստան ներգաղթի լուրջ ցուցանիշներու ձեռքբերում»:

Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ նաեւ արցախեան քառօրեայ պատերազմին հայութեան միասնականութիւնը, Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը` նշելով, որ հայութեան դատերու լուծման համար պէտք է լարել ուժերը եւ սերտել օրուան կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ կարեւոր ու պահանջուած նկատեց բարձր մակարդակով կազմակերպուած այս համաժողովը ե՛ւ մայր Հայաստանի, ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Արցախի համար, ընդգծելով, որ խնդիրները, որոնք ընդգրկուած են համաժողովի օրակարգին մէջ, ունին ռազմավարական նշանակութիւն մեր պետականութեան շարունակական զարգացման հեռանկարներու նախանշման տեսանկիւնէն:

«Կարեւոր է նաեւ, որ համաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին յայտնի պետական, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, վերլուծաբաններ, բարերարներ, տարբեր ոլորտներու ներկայացուցիչներ` աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէ: Նման ներկայացուցչական բազմատարր կազմը նաեւ կը հանդիսանայ տարբեր ժողովուրդներու եւ պետութիւններու հետ երկխօսութեան հաստատման ու ամրապնդման, բարեկամական կապերու զարգացման յարմար հարթակ», նշեց նախագահ Սահակեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը համաժողովի մասնակիցներուն մաղթեց յաջող եւ արդիւնաւէտ աշխատանք` համոզում յայտնելով, որ համաժողովը արժանի ներդրում կ՛ունենայ համազգային խնդիրներու լուծման մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր ողջոյնի խօսքին մէջ յոյս յայտնեց, որ ներկայ համաժողովը դառնայ Հայաստան-սփիւռք իրապաշտ երկխօսութեան եւ համահայկական խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկման եզակի առիթ: «Աւելի քան 25 տարիներու մեր փորձառութեան լոյսին տակ, փոխադարձ վստահութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, աւելի ճիշդ է ըսել հաւաքակա՛ն պատասխանատուութիւնը, գեղեցիկ լոզունգէ անդին` կեանքի պէտք է վերածուի` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ դերերու յստակեցումով, առաջնահերթութիւններու ճշդումով ու գործակցութեան նոր որակ տալով: Ա՛յս է մեր ազգը իր հայրենիքով ու սփիւռքով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միակ ապահով ճամբան: Ա՛յս գիտակցութեամբ հարկ է համազգային մտածողութեան մշակոյթ ստեղծել, հաւաքաբար ծրագրել ու գործել: Ա՛յս տեսլականով հարկ է բացուիլ նոր հորիզոններու ու քաջօրէն դիմագրաւել մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներն ու տագնապները»:

Արամ Ա. վեհափառը կոչ ուղղեց ըլլալու իրապաշտ. «Հայաստանը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնար մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու զբօսաշրջային այցելութիւններու շրջագիծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը: Ամբողջական Հայաստանի տեսլականը ունենալով մեր ազգային գաղափարախօսութեան հենքը ու նպատակը` ՀԶՕՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՄՈՒՐ ԱՐՑԱԽ ու ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՍՓԻՒՌՔ պէտք է դառնան մեր ազգային քաղաքականութեան ռազմավարական ու մարտավարական ուղեցոյցը», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց Հայաստանը լոկ զբօսավայր, ներդրումի շուկայ եւ անցագիր դիտելէ հեռու մնալու, որովհետեւ անիկա «աշխարհի վրայ ինքզինք հայ դաւանող հայուն տո՛ւնն է` անցեալի, ներկայի ու ապագայի տունը: Մեր հաւաքական տան նկատմամբ ընելիք ու ըսելիք ունինք եւ պէտք է ունենանք: Պիտի հզօրացնենք ու ծաղկեցնենք Հայաստանը մեր ամբողջ կարողականութեամբ: Սա իւրաքանչիւր հայուն սրբազան ուխտը պէտք է դառնայ», հաստատեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենան թեմատիկ նիստեր` Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ, հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ:

Համաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Համահայկական խորհուրդի ստեղծման եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետագայ զարգացման հարցերով աշխատանքային խումբի խորհրդակցութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու նախագահներն ու կաթողիկոսները:

Նշենք, որ 16 սեպտեմբերին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին մէջ` գլխաւորութեամբ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի, տեղի ունեցաւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նուիրուած աշխատանքային խորհրդակցութիւն:

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան ներկայացուց Համահայկական խորհուրդին վերաբերեալ տարբեր կազմակերպութիւններէ, կառոյցներէ ու անհատներէ ստացուած առաջարկներն ու դիրքորոշումը:

Այնուհետեւ ծաւալեցաւ քննարկում, որուն մասնակիցները կարեւոր նկատեցին կազմութիւնը յանձնախումբի մը, որ կը քննարկէ եւ կը յստակեցնէ հետագային ստեղծուելիք կառոյցի նախագիծը:




Haberin Diğer Resimleri ​Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Պաշտօնական Բացում

1 2





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+