Ըստ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան. ՏԱՀԵՇ Վոսփորէն Անցնող Ռուսական Մարտանաւերուն Դէմ Յարձակում Կը Ծր -
Ըստ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան. ՏԱՀԵՇ Վոսփորէն Անցնող Ռուսական Մարտանաւերուն Դէմ Յարձակում Կը Ծրագրէ
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը զգուշացուց Վոսփորի նեղուցէն անցնող ռուսական մարտանաւերու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կատարուելիք հաւանական յարձակումներէ:
«Հապերթիւրք» կը հաղորդէ, որ ՄԻԹ յայտարարած է, թէ ճշդուած են շուրջ 146 վայրեր, որոնք կրնան ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ օգտագործուիլ ռուսական մարտանաւերուն դէմ հրթիռարձակում կատարելու առումով, եւ այդ պատճառով ալ նշեալ վայրերուն մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուած են:
ՄԻԹ տեղեկութիւն ստացած է, որ ՏԱՀԵՇ կը ծրագրէ հեռահար հրթիռներով հարուածել ռուսական մարտանաւերը: Թրքական իշխանութիւնները անմիջապէս որոշ միջոցառումներ որդեգրած են Վոսփորէն իրենց անցքին ընթացքին ռուսական մարտանաւերուն պաշտպանութիւնը երկինքէն եւ ծովէն ապահովելու համար: Որդեգրուած միջոցառումներուն ծիրին մէջ ոստիկանական ուղղաթիռ մը եւ երկու յածանաւեր կ՛ընկերակցին ռուսական մարտանաւերուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com