​Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

18 Mayıs 2017  

​Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ -

​Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ ​Սուրիոյ Քիւրտերուն Շուրջ Ուաշինկթըն-Անգարա Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 16 մարտին Սպիտակ տան մէջ իրենց հանդիպումէն ետք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ ուժեղ պատգամներ յղած են, հակառակ Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն շուրջ տարակարծութեան:

Թրամփ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, որ իր երկիրը «պիտի աջակցի Սուրիոյ մէջ բռնարարքները նուազեցնելու որեւէ ջանքի եւ ստեղծելու խաղաղ լուծում մը»: Ան ըսաւ, որ Էրտողանի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր` աւելցնելով, որ իր երկիրը «աջակցութիւն կը տրամադրէ թրքական պետութեան` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ անոր պայքարին մէջ:

Էրտողան արծարծած է Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու հարցը` ըսելով, որ այդ ուժերը շրջանին մէջ օգտագործելը կը հակասէ համաձայնութիւններուն եւ «երբեք պիտի չընդունուի»: «Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն հետ պիտի գործէ պայքարելու համար շրջանին մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ», աւելցուցած է ան:

Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, թէ ինք «կը յուսայ եւ կ՛աղօթէ» Թրամփի ղեկավարութեան տակ թուրք-ամերիկեան յարաբերութեան «նոր հիմք» մը դնելու ապագայ խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Ճէյմս Մաթիսի հանդիպումին ընթացքին ՔԱԿ-ի վերաբերեալ մտավախութիւններու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

Փենթակոնի բանբեր Տանա Ուայթ յայտնեց, որ «ամերիկացի նախարարը կ՛աջակցի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ պայքարին»` նշելով. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, որ թուրք քաղաքայիններու եւ զինուորներու դէմ յարձակումներ կը շղթայազերծէ, Ուաշինկթընի կողմէ օտար ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ ներառուած է»:

«Մաթիս իր թուրք պաշտօնակիցին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ծրագրած է բարձրացնել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարին մէջ Անգարայի հետ գործակցութիւնը», նշեց ան:

Ուայթ նաեւ յայտնեց, որ Մաթիս եւ Ըշըք Սպիտակ տան մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ տագնապին հարցը եւ համաձայնած շարունակել այդ երկրին մէջ արձանագրուող բռնարարքներու եւ մարդասիրական տագնապներու մեղմացման համար գործակցութիւնը:

Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երեքշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին իր թուրք գործընկերէն պահանջած է ազատ արձակել Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը:

Ամերիկացի հոգեւորականը Թուրքիոյ մէջ նախ ձերբակալուած էր միսիոնարական գործունէութիւն ծաւալելուն համար, եւ դատարանի որոշումով պէտք էր արտաքսուէր երկրէն: Սակայն միայն գաղտնի վկայի մը հաղորդած տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով` զինք մեղադրած են 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչներուն հետ կապ ունենալու ամբաստանութեամբ եւ բանտարկած:

Թէ ի՛նչ պատասխանած է Էրտողան Թրամփի այս պահանջին` տակաւին յստակ չէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+