​Ըստ Էրտողանի. 159 Լրագրող Բանտարկած Թուրքիան Խօսքի Ազատութեան Խնդիր Չունի - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

09 Mayıs 2017  

​Ըստ Էրտողանի. 159 Լրագրող Բանտարկած Թուրքիան Խօսքի Ազատութեան Խնդիր Չունի -

​Ըստ Էրտողանի. 159 Լրագրող Բանտարկած Թուրքիան Խօսքի Ազատութեան Խնդիր Չունի ​Ըստ Էրտողանի. 159 Լրագրող Բանտարկած Թուրքիան Խօսքի Ազատութեան Խնդիր Չունի

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկրին մէջ մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան հետ որեւէ խնդիր չկայ, եւ երկրին մէջ իւրաքանչիւրը կրնայ ազատօրէն արտայայտել իր միտքը:

«Բազմակարծութեան եւ խօսքի ազատութեան առումով նուազագոյն խնդիրն իսկ չունինք: Մեր երկրի եւ աշխարհի ամէնէն տարբեր ծայրերուն մէջ մենք ազատ միտքերու փոխանակում կը կատարենք ամէնէն տարբեր դաւանանքի եւ սկզբունքներու տէր մարդոց հետ», ըսած է Էրտողան:

Թրքական կայքը կը յիշեցնէ, որ աշխարհի վրայ բանտարկուած լրագրողներու մեծագոյն թիւը ունեցող երկիրը ինքնին Թուրքիան է: Ներկայ պահուս Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը գտնուին 159 լրագրողներ: Իսկ 29 ապրիլին Թուրքիոյ տարածքին արգիլուած է «Ուիքիփետիա» կայքը:

Ամիսներ առաջ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ պահանջներ ներկայացուցած էր Թուրքիոյ:

ԵԽԽՎ-ի երեսփոխաններու դատին յանձնուած զեկուցումը, որ որդեգրուած է 110 թեր եւ 15 դէմ քուէներով, Թուրքիայէն կը պահանջէ ազատ արձակել ահաբեկչական խմբաւորումներու քարոզչութիւն կատարելու մեղադրանքով ձերբակալուած լրագրողները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի «Թրքութիւնը վիրաւորելու» մասին 301-րդ յօդուածը, ինչպէս նաեւ «նախագահին վիրաւորելու» մասին 229-րդ եւ «Ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելու» մասին 216-րդ յօդուածները: Զեկուցումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ վերատեսութեան ենթարկելու համացանցի հրապարակումներուն վերաբերեալ մեղադրանքներն ու թուլացնելու Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին նկատմամբ պետական վերահսկողութիւնը:

Թուրքիան Դաւանանքի Ազատութիւնը
Ամէնէն Շատը Սահմանափակող Երկիրներէն Է

«Պի. Պի. Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ՓԻՈՒ հետազօտական կեդրոնը Թուրքիան ներառած է պետութեան կողմէ դաւանանքի ազատութիւնը ամէնէն շատ սահմանափակող երկիրներու շարքին:

Ուշագրաւ է, որ նախորդ տարի եւս Թուրքիան ներառուած եղած է «ամէնէն շատ սահմանափակումներ ունեցող» երկիրներու շարքին: Ներկայիս այդ երկիրներու շարքին են նաեւ Իրաքը, Սուրիան, Իրանը, Չինաստանը եւ Սէուտական Արաբիան:

Հետազօտական կեդրոնը նաեւ արձանագրած է, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛աճի «հասարակութեան մէջ կրօնական հիմքով թշնամանքը»: Թուրքիան այս մարզին մէջ նախորդ տարուան համեմատ յետընթաց արձանագրած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+