Զատիկը Աշխարհին Շուրջ -
Զատիկը Աշխարհին Շուրջ
Զատիկը քրիստոնէական տօներէն ամէնէն կարեւորներէն մէկն է, եւ աշխարհին շուրջ տարբեր երկիրներ զայն կը տօնեն իրենց յատուկ աւանդութիւններով:
Ֆրանսայի մէջ զանգակները կը դադրին հնչելէ Աւագ հինգշաբթիէն մինչեւ Աւագ շաբաթ: Կ՛ըսուի, թէ անոնք գացած են Հռոմ, ուրկէ պիտի վերադառնան շաբաթ գիշեր` իրենց հետ բերելով քաղցրեղէններ մանուկներուն համար:
Իտալիոյ մէջ Զատիկին կը շինուի «Քոլոմպա» կոչուած պրիոշը: Անիկա ունի աղաւնիի ձեւ եւ կը խորհրդանշէ աւետիսը: Զատկուան կիրակին ընտանիքը կը հաւաքուի ճաշասեղանին շուրջ: Մինչ երկուշաբթի մարդիկ կը նախընտրեն դաշտագնացութեան երթալ:
Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ Աւագ ուրբաթը, Աւագ շաբաթը եւ յաջորդող երկուշաբթին տօնական օրեր են: Սպանիոյ մէջ Զատկուան կարկանդակը կը կոչուի Տոնա: Սպանացիները սովորութիւն ունին այս պրիոշին վրայ հաւկիթները դնել զայն եփելէ առաջ:
Ամիսներ առաջ պատրաստուած թափօրներ եւ ներկայացումներ տեղի կ՛ունենան փողոցներուն մէջ, Աւագ շաբթուան ընթացքին:
Անգլիոյ մէջ Զատկուան կէսօրին, ոչխարի փոխարէն, խոզապուխտ կը հրամցուի: Անգլիացիներուն համար խոզը բախտաբեր խորհրդանիշ մըն է:
Անշուշտ սեղանին վրայ զետեղուած կ՛ըլլան նաեւ հաւկիթներ: Խաղեր կը կազմակերպուին թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ ալ մեծերուն համար: Մանուկ անգլիացիները սովորութիւն ունին տունէ տուն երթալու` քաղցրեղէններ պահանջելով, Հալուինի տօնին նման:
Ֆինլանտայի մէջ ալ կը շրջին տունէ տուն: Անոնք կը ծպտուին ծերուկ մամիկներու կամ վհուկներու նման եւ կ՛երթան պոնպոններ եւ տուրմեր պահանջելու դրացիներէն: Վիրփոմինէն կոչուած այս վհուկներու սովորութիւնը եկած է հին աւանդութենէն մը, ըստ որուն, թզուկները եւ վհուկները դուրս կ՛ելլեն Աւագ ուրբաթ եւ Զատկուան կիրակիին միջեւ:
Այս սովորութիւնը գոյութիւն ունէր արդէն Շուէտի մէջ, 100 տարիներ առաջ: Ուրիշ սովորութիւններ ալ յառաջացած են սկանտինաւեան երկիրներուն մէջ: Օրինակի համար, կ՛ըսուէ, թէ Զատիկին պէտք է կանուխ արթննալ` արեւուն պարը տեսնելու համար: Նորվեկիոյ, Շուէտիեւ Դանիոյ մէջ արեւուն այս դեղին գոյնով է, որ կը ներկուին հաւկիթները:
Ուրիշ խորհրդանիշներ ալ կը գտնուին նաեւ Լեհաստանի մէջ: Ջուրը, որ կեանքը կը խորհրդանշէ, մաս կը կազմէ տօնակատարութիւններուն:
Զատկուան երկուշաբթին մարդիկ իրարու վրայ ջուր կը սրսկեն մեղքերէն ձերբազատելու համար: Այս երկուշաբթին կը կոչուի Սմիկուս Տինկուս, «թաց երկուշաբթին»: Մինչ Զատկուան «Մեծ գիշերուան»` Ուիլքանոքի ընթացքին կը ցուցադրուի բուրդով զարդարուած եւ գոյնզգոյն հաւկիթները
Ռուսիոյ մէջ ալ հաւկիթները մեծ տեղ կը գրաւեն: Անոնք կը ներկուին սոխի կեղեւներու մէջ խաշելով: Կարագով պատրաստուած ոչխարէն, կամ փուռին մէջ եփած խոզապուխտէն ետք կ՛ուտեն քուլիչ` ռոմով եւ քրքոմով պատրաստուած կարկանդակ, կամ` ճերմակ պանիրով շինուած փաշքան:
Յունաստանի մէջ հաւկիթները ներկուած կ՛ըլլան գլխաւորաբար կարմիր`, խորհրդանշելու համար Յիսուսի արիւնը: Ընտանիքը կը հաւաքուի Զատկուան կէսօրին ոչխարի միսով պատրաստուած ապուրին շուրջ: Անշուշտ նախ հաւկթախաղը տեղի կ՛ունենայ: Սովորութիւն է նաեւ հաւկիթները բռնել երեք մատերով:
Գերմանիոյ մէջ Զատկուան գիշերը փոքրեր եւ մեծեր կը հաւաքուին Զատկուան կրակին շուրջ: Այս կրակը հին գերմանական սովորութիւն մըն է: Անիկա արեւը կը խորհրդանշէ եւ կը տօնէ գարնան ժամանումը: Զատիկին գերմանացիները կը զարդարեն պզտիկ ծառ մը կամ թուփ մը` օսթըրպաումը, գունաւոր պարպուած հաւկիթներով, որոնք կը ներկայացնեն տաքութեան վերադարձը խոհրդանշող պտուղները:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսթըր Պաննին է` Զատկուան նապաստակը, որ մանուկներուն կը բերէ պոնպոն եւ տուրմ: Զատկուան երկուշաբթին հաւկիթներ փնտռելու մեծ արշաւ մը կը կազմակերպուի նախագահին կողմէ Սպիտակ Տան պարտէզներուն մէջ:
Վերջապէս, Մեքսիքայի մէջ Զատկուան նախօրեակին հազարաւոր մարդիկ փողոցները կ՛իջնեն, երբ արեւը մար կը մտնէ: Անոնք կը ծեծեն եւ կ՛այրեն պատկերներ եւ թուղթով պատրաստուած «փինիաթաներ», որոնք կը խորհրդանշեն Յուդան:
Իսկ գիտէի՞ր, թէ Աւստրալիոյ մէջ Աւագ ուրբաթը միակ օրն է, երբ բոլոր խանութները փակ կը մնան:
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com