15 Mart 2017
Այսօր կը լրանայ հայ վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի սպանութեան 96-ամեակը:
Թեհլիրեան կը մասնակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նեմեսիս» գործողութեան։
Եւ 15 Մարտ 1921-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։ Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռուած էր անծանօթ… անցորդ մը։
Սողոմոն Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ, աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ, դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ, իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։
Երկուսուկէս ամիս անց դատարանին մէջ գերմանացի փաստաբան դոկտոր Տիմայըրը իր պաշտպանական ճառին մէջ կ՛ըսէր. «Սողոմոն Թելերեան ինքը չէր, որ փողոց կ’իջնէր Թալէաթ փաշան սպաննելու, իր մէջ կ’իջնէին դարերը, միլիոնաւոր սպանուածները: Ան, կարելի է ըսել, կը տանէր իր առջեւ դրօշակը խոշտանգուածներուն, դրօշակը իր լլկուած ընտանիքին»:
Դատավարութեան ժամանակ Թեհլիրեան կ՛ըսէ. «Այո՛, ես մարդ սպաննած եմ, բայց մարդասպան չեմ»:
Թեհլիրեանի դատավարութեան արդիւնքներուն սրտատրոփ հետեւած է համաշխարհային հանրութիւնը: Գերմանական դատարանը Թեհլիրեանը անմեղ ճանչցած է` «Արդեօք Թեհլիրեանը մարդ սպաննա՞ծ է» հարցումն տալով «Ոչ»՛ պատասխանը: