Հոլանտայի Հայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով Ձեռնարկներու Շաբաթ Պիտի Կազմակերպէ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

14 Mart 2017  

Հոլանտայի Հայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով Ձեռնարկներու Շաբաթ Պիտի Կազմակերպէ -

Հոլանտայի Հայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով Ձեռնարկներու Շաբաթ Պիտի Կազմակերպէ Հոլանտայի Հայ Համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով Ձեռնարկներու Շաբաթ Պիտի Կազմակերպէ

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հոլանտայի հայ համայնքը Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով պիտի կազմակերպէ ձեռնարկներու շաբաթ:

«Հայ դատի գրասենեակը կը համագործակցի հայկական միւս կազմակերպութիւններուն հետ: Նախորդ տարուան նման նախատեսած ենք շարք մը ձեռնարկներ: Ձեռնարկներու շաբթուան սկիզբ պիտի տրուի 18 ապրիլին: Այդ օր Հոլանտայի խորհրդարանի շէնքին մօտ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք, որուն ընթացքին պիտի յանձնենք պահանջագիր, որուն բնագիրը արդէն նախօրօք քննարկած ենք միւս կազմակերպութիւններուն հետ: Պահանջագիրին մէջ հիմնական շեշտադրումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրի լուծումը միջազգային ճանաչումն է», ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

22 ապրիլին մեծ ցոյց տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ: Մասիս Աբրահամեան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն սկսեալ, ձեռնարկներուն մեծ թիւով հայեր կը մասնակցին: Արդէն համաձայնութիւն կայ ոստիկանութեան հետ, ճշդուած են այն փողոցները, ուրկէ պիտի անցնի քայլարշաւը: Մասնակիցները երթով պիտի շարժին Ամսթերտամի ցոյցերու հաւաքատեղի` հրապարակ: Հանրահաւաքին պիտի մասնակցին ականաւոր դէմքեր, ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի ջատագովներ: 24 ապրիլին ալ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններու մօտ տեղի պիտի ունենան յիշատակի ձեռնարկներ:

«2004 թուականէն ետք, երբ Հոլանտան պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հետագային իր քաղաքականութեան մէջ քիչ թէ շատ շրջադարձ կատարեց: Կարծես զղջացին, որ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործած են: Մասնաւորաբար, ձախակողմեան ուժերէն Աշխատաւորական կուսակցութիւնը, որ թրքամէտ է, որոշակի շրջադարձ ցոյց տուաւ: Աստիճանաբար նկատուեցաւ, որ քաղաքական շրջանակներու մէջ ցեղասպանութիւն բառը փոխարինուեցաւ ցեղասպանութեան խնդիր բառով: Հիմնականին մէջ մեր պայքարը այն է, որ ատիկա տեղի չունենայ», ըսած է Մասիս Աբրահամեան:

Ան ընդգծած է, որ անհատապէս, առանձին բոլորն ալ կ՛ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն քաղաքական շրջանակի մէջ կը խուսափին: Ատիկա հայ համայնքի մօտ մեծ ընդվզում կը յառաջացնէ, հետեւաբար կը պահանջենք, որ այդ բառին հետ չխաղան եւ օգտագործեն ճիշդ բնորոշումները:

«Շուտով այստեղ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, իշխանութիւնը, ըստ երեւոյթին, պիտի չփոխուի: Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ այս քաղաքականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան: Այսինքն` ընդունած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, հիմա կը խուսափին այդ բառը օգտագործելէ, սակայն նաեւ Թուրքիան մշտապէս կը պահեն լարուածութեան մէջ: Ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործեն իբրեւ մանրադրամ», աւելցուցած է Մասիս Աբրահամեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+