Հայկական Ազգային Ինստիտուտը (ANI) Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թրքալեզու Կայք Գործարկած է - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

07 Mart 2017  

Հայկական Ազգային Ինստիտուտը (ANI) Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թրքալեզու Կայք Գործարկած է -

Հայկական Ազգային Ինստիտուտը (ANI) Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թրքալեզու Կայք Գործարկած է Հայկական Ազգային Ինստիտուտը (ANI) Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թրքալեզու Կայք Գործարկած է

Փետրուար 27-ին, Հայկական ազգային ինստիտուտը (ANI) գործարկեց հանրութեան կողմէն լայնօրէն գործածուող՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստերը եւ ճանաչումը փաստագրող իր կայքին թրքերէն տարբերակը, որ հասանելի է www.turkish.armenian-genocide.org հասցէով:

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ANI կայքը տարեկան կ՝ունենայ աւելի քան չորս միլիոն այցելութիւն, եւ Թուրքիայէն մուտք գործող մարդոց քանակը զգալի է: Քանի որ Թուրքիան պարբերաբար գրաքննութեան կ՝ենթարկէ արտասահմանեան ու տեղական կայքերը, եւ ANI կայքի անգլերէն տարբերակը կայքահէններու յարձակման ենթարկուած է ժխտողականներու կողմէ, ANI-ի նոր կայքին թրքերէն տարբերակը նախատեսուած է թրքալեզու աւելի լայն լսարաններին մուտքի հնարաւորութիւն տալու, թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս: Թրքալեզու կայքը կը զուգակցի ANI կայքի առաւել լայնօրէն կիրառուող գործառոյթներէն շատերուն: Առաջին փուլին համար թրքալեզու կայքը կը ներառէ ամբողջ աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած երկիրներուն պաշտօնական փաստաթուղթերուն թարգմանութիւնները:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմականօրէն ճանչցած երկիրներուն բանաձեւերը, օրէնքներն ու հռչակագրերը այժմ կարելի է կարդալ թրքերէնով: Անոնք կը ներառեն 1915 Մայիս 24-ին Միացեալ դաշնակիցներու հռչակագիրէն, որ կը վկայակոչէր մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները այն ժամանակ, երբ ցեղասպանութիւն կը կատարուէր, մինչեւ առաւել արդի խորհրդարանական բանաձեւեր, ներառեալ՝ 2016-ի Գերմանիոյ խորհրդարանին բանաձեւը, որ կը ճանչնար պատմական իրադարձութիւնները եւ կ՝ընդունէր Գերմանիոյ պատասխանատւութիւնը այդ հարցով: Նախապէս, այս ամիս, Գերմանիոյ Դաշնային սահմանադրական դատարանը հաստատեց բանաձեւին օրինականութիւնը:

Թուրքիոյ մէջ ընթերցողները նաեւ տեղեկացուած չեն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հաստատող թրքերէն ծաւալուն արձանագրութիւններուն մասին: 2004-ի Թուրք-հայկական հաշտեցման յանձնաժողովին յանձնարարութեամբ՝ Անցումային արդարադատութեան միջազգային կեդրոնի (ICTJ) քննարկումները եւ իրաւական վերլուծութիւնը տպագրուեցան թրքերէնով: Այնուհետեւ, քանի մը գիրք տպագրուած է, սակայն թրքախօս անձերու համար աղբիւրներու հսկայական բաց կայ:

ICTJ-ի իրաւական եզրակացութիւնը թրքերէնով հասանելի է նոր կայքին մէջ, որ կը ներառէ նաեւ Յաճախակի Տրուող Հարցեր (FAQ) բաժին եւ լուսանկարներու հաւաքածու: Բացի այդ, Ցեղասպանութեան հանրագիտարանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող տուեալներուն բաժինը ներկայիս գործարկման փուլի մէջ է:

Կայքը պիտի ունենայ նոր գործառոյթներ, որոնք առանձնակի պիտի հետաքրքրեն թրքախօս ընթերցողները: Ուսումնարանը կ՝ակնկալէ ընդլայնել կայքը՝ նոյն համակարգուած ձեւով եւ նոյն առարկայական չափանիշներով, որոնցմով ստեղծուած է ANI կայքը:

Նոր կայքը նաեւ կը ներառէ ANI քարտէզը՝ թրքերէն նշագրութեամբ, ինչպէս նաեւ այլ հանրայայտ բաժիններու յղումներ, օրինակ՝ թուային ցուցանմուշներ եւ առցանց թանգարան:

Հայկական ազգային ինստիտուտի տնօրէն դոկտոր Ռուբէն Ադալեանը յայտարարել է.

«Թուրքալեզու կայքը ստեղծուած է բազում աջակիցներու՝ ներառեալ թարգմանիչներու, խորհրդատուներու եւ կայք ձեւաւորողներու օժանդակութեան ու խրախուսման շնորհիւ, որոնք օգնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այս տեղեկատւութիւնը ընթերցողներուն համար հասանելի դարձնելու Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր: Շատ շուտով նոր թարգմանութիւններ պիտի աւելցուին, եւ կ՝ակնկալենք ընդլայնել կայքը՝ արտացոլելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հսկայածաւալ տեղեկատւութիւնը, որ արդէն հասանելի է ANI կայքին մէջ»:

Հայկական ազգային ինստիտուտը (ANI) հիմնադրուած է 1997 թուականին Ուաշինկթընի մէջ՝ իբրեւ կրթական բարեգործական 501(c)(3) կարգավիճակով հաստատութիւն՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, հետազօտութիւններուն եւ հաստատման:

turkish.armenian-genocide.org/index.html





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+