07 Mart 2017
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտնեց, որ Ռուսիա բոլոր միջոցները կ՛օգտագործէ ազդելու համար հանրային կարծիքին վրայ:
Ան նշեց. «Նոյնիսկ եթէ գաղափարախօսութիւնը դադրած է ըլլալ այն ինչ որ էր Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանին, սակայն երբեմն կ՛օգտագործուին նոյն միջոցները` անոնց վրայ աւելցնելով ճարտարագիտութիւնը»:
Միւս կողմէ, Հոլլանտ հակադարձեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Փարիզը դադրած է Փարիզ ըլլալէ» արտայայտութեան` նշելով. «Ամբողջ աշխարհը կը սիրէ Փարիզը, եւ ոչ ոք կրնայ ոեւէ մէկուն տարհամոզել այդտեղ այցելելէ, եւ ոչ մէկ բան կրնայ Փարիզ գտնուելու աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող փափաքը դադրեցնել»: