27 Şubat 2017
Քառասնորդացը պահքի շրջան - RV
25/02/2017 08:09Ընկերային ցանցեր:
« Հիմա վերադարձէ`ք ինծի ամբողջ սրտով» (Յովէլ, 2, 12) Փետրուար 26-ին, Բուն Բարեկենդանի Կիրակի օրը սկսող Քառասնորդաց շրջանի հետապնդած նպատակը՝ վերադարձն է առ Աստուած, որ Յովէլ մարգարէին բերնով կը պատգամէ. «Հիմա վերադարձէ`ք ինծի ձեր ամբողջ սրտով» (Անդ, 2,12):
Անյետաձգելի ու լուրջ պատգամ մըն է. « Հիմա, ինծի վերադարձէ`ք»: Ինչո՞ւ Հիմա. միթէ՞ այնքան խստասիրտ ու անապաշխար մեղաւորներ ենք: Միթէ՞ այս տարի՝ անցեալ տարուընէ աւելի մխրճուած ենք մեղքի մէջ: Ինչո՞ւ Աստուծոյ համար անհրաժեշտ է, որ Իրեն անյապաղ վերադառնանք: Պատճառը կամ պատասխանը կը գտնենք նոյն մարգարէին հետեւեալ խօսքին մէջ. «Որովհետեւ, Ան ողորմած է եւ գթած, համբերատար ու շատ կարեկից» (Անդ, 2,13):
Քառասնորդացը յաճախ «դժուարամարս» շրջան մըն է, որ Մեզի կը պարտադրէ ծոմապահութիւն, ապաշխարանք եւ անձնուրացութիւն: Իրերայաջորդ Քառասուն անհրապոյր օրեր են՝ վեց շաբաթներու երկայնքին: Մխիթարական է, սակայն, գիտնալ, որ Քառասնորդացով Եկեղեցին շեշտը կը դնէ ո`չ թէ մեզմէ պահանջուած հոգեւոր հրահանգներուն վրայ, այլ՝ Աստուծոյ շնորհաբուխ ողորմութեան վրայ: «Աղուհացից» շրջանը հաւատացեալներուն համար, գերազանցապէս փրկարար նպաստներ ընդունելու ժամանակն է:
Քառասնորդացը մեզի կ`ընծայէ քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի զգալի կը դառնայ Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներու կեանքին մէջ: Քառասուն հոգեշահ պատեհութիւններ են անոնք, առաւել մերձենալու Յիսուսի Քրիստոսի մեր Տիրոջ: Քառասուն օրեր, որոնց միջոցին մեր վրայ կը զեղուն բարեգթութիւն, սէր եւ հոգեկան սփոփանք:
Քառասնորդացի ընթացքին Աստուծոյ ողորմութեան գանձերը մեր տրամադրութեան տակ կը դրուին: Այս ժամանակամիջոցին, Տէրը հրաշալիքներ կրնայ գործել մեր կեանքին մէջ, պայմանով, որ ժամանակ գտնենք Իրեն վերադառնալու: Առ այդ, մենք մեզ տրամադրելի դարձնենք Անոր սրբարար շնորհքին՝ մեր սրտին մէջ ներգործելու եւ Անոր առիթ տանք իր փրկարար պարգեւներով մեզ լիացնելու:
Այս կապակցութեամբ, հետեւեալ հոգեւոր հրահանգները կրնան մեզի օգտակար ըլլալ.
Ամէն օր, ժամանակ գտնենք աղօթելու, զԱստուած փառաբանելու եւ Անոր շնորհակալութիւն յայտնելու՝ մեզի իր շռայլած շնորհքներուն եւ տածած սիրոյն համար:
Ամէն օր, մեր խիղճը քննենք եւ զղջանք այն բոլոր մեղքերուն վրայ, որ մեզի արգելք են մեր վարքով ցոլացնելու Աստուծոյ անհուն մարդասիրութիւնը:
Ամէն օր, ժամանակ գտնենք կարդալու Սուրբ Գիրքը եւ հայցելու Սուրբ Հոգիէն, որ մեր սրտին խօսի:
Առաջադրենք՝ դիմելու Խոստովանանքի կենսատու Խորհուրդին, եւ յաճախ մասնակցելու Եկեղեցւոյ հոգեպարար արարողութիւններուն ու պարգեւատու ծիսակատարութիւններուն:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին՝ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետին խօսքերով աղօթենք՝ «Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ, օրհնեալ յամենայնի, Հօրդ ահաւորի անքնին ծնունդ, որ տկարանայ առ ի Քէն եւ ոչ ինչ... Որ ոչ եկիր կորուսանել զմարդկան ոգիս, այլ կեցուցանել, թող ինձ զանթիւ չարիսն իմ բազում ողորմութեամբդ...եւ Քեզ ընդ Հօր եւ ընդ Հոգւոյդ Սրբոյ փառք յաւիտեանս. Ամէն:» (Նարեկ, Աղօթք 39)
Բոլորին արդիւնաւէտ Քառասնորդաց մը կը մաղթեմ:
Հայր Գէորգ Ծ Վ Զապարեան