23 Şubat 2017
Երբ որ, Հայերը 301 թուականին Քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս , որպէս պետական կրօնք ընդունեցին, այդ շրջանին Հայաստանի հարաւային կողմէն հարեւան Պարսիկները կրակապաշտ էին: Պարսիկ Հազկերտ Բ. թագաւորը ուզեց հայերը կրակապաշտ դարձնել եւ հրամայեց որ, Հայ ժողովուրդը չճանչնայ Քրիստոնէութիւն եւ պաշտէ կրակը:
Հայ ժողովուրդը մերժելով այս դաւանափոխութեան առաջարկը, չի հնազանդեցաւ Պարսիկ թագաւորի հրամանին ու վճռակամօրէն որոշեց կրօնքը ու հայրենիքը պաշտպանելու համար Պարսիկներու դէմ պայքարիլ:
Պատերազմը պիտի մղուէր երկու անհաւասար ուժերու միջեւ, անոնցմէ մին իր ինքնութիւնը պահելու ու պաշտպանելու գիտակցութեամբ 60.000 նոց ազատամարտիկներու Հայոց բանակը որ, մահուան դէմ յանդիման գալէ եւ նահատակուելէ վախ չունի, իսկ միւսը Հայոց ինքնութիւնը եւ խղճի ազատութիւն ոտնահարելու վճռակամ եւ իրենց կրօնքը զրադաշտութիւնը(zerdüştlük) Հայերու պարտադրելու նպատակ ունեցող 300.000 նոց Պարսիկ բանակ մը:
26 Մայիս 451 թուականին այսօրուայ Արեւելեան Թուրքիոյ «Աւարայր»ի դաշտի վրայ սկսաւ, Հայերու եւ Պարսիկներու միջեւ աւելի քան 35 տարի շարունակւող «ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ» պատերազմը: Հայոց բանակին գլուխը կը գտնուէր Մամիկոնեաններու տոհմէն Վարդան Մամիկոնեան զօրավարը:
Պատերազմի ընթացքին հերոսաբար կռուող Հայոց քաջ զօրավարը նահատակուեցաւ, իրեն հետ նահատակուեցան նաեւ աւելի քան 1036 վկայ զինուորներ, նախարարներ, մարտիրոսներ, մտաւորականներ: Ճակատամարտին մասնակից էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնցմէ էր Սբ.Ղեւոնդ Քահանան:
Պատերազմը տեւեց շուրջ 35 տարի, որուն վերջաւորութեան մօտ, Հայ զօրքերուն գլուխն էր, նահատակ Վարդան զօրավարի եղբօրորդի «ՎԱՀԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ»ը:
Հայերը կռուեցան հերոսաբար ու քաջութեամբ, ապա մեծ կորուստներ տուին ու պարտուեցան:
Պարսիկ Թագաւոր Հազկերտ. Բ. Հայերու քաջութիւնը տեսնելով, կ’ազդուի եւ իր զօրքերը ետ կը քաշէ, եւ այսպէսով Հայերը թէ ազատ եւ թէ Քրիստոնեայ կը մնան:
Վարդանանց պատերազմը Հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան անուրանալի ու անմոռանալի էջերէն մին է:
Այդ շրջանին Քրիստոնէութիւնը Հայոց համար դարձած էր, ոչ թէ միայն պաշտամունք, այլ նաեւ օրէնք, արդարութիւն, ապրելակերպ, քաղակակրթութիւն, մշակոյթ ու սկզբունք:
Ազգասիրութիւնը, մշակոյթը, դպրոցը եւ կրօնքը անքակտելիօրէն իրարու կապուած էին, որ, կարելի չէր իրարմէ անջատել: Կորսնցնել կրօնքը, հայուն համար կը նշանակէր կորսնցնել իր ազգութիւնը:
Մեծ կամ փոքր ժողովուրդ, եթէ կը պայքարին իրենց գոյատեւման համար,կարող են ապրիլ ու գոյատեւել:
Առանց պայքարի կարելի չէ յաջողութեան ու յաղթանակի ճամբան բանալ, թէեւ Աւարայրի ճակատամարտը Հայոց համար ռազմական տեսակետով մեծ պարտութիւն մըն է, սակայն եւ այնպէս Հայ պատմութեան մէջ, իր կարեւոր, իմաստալից ու ուրոյն տեղն ունի որպէս Բարոյական Յաղթանակ:
Այս Ճակատամարտով, Հայուն ինքնագիտակցութիւն աւելի բարձր մակարդակի հասած է, պատերազմի ընթացքին ցոյց տուած հայրենասիրութիւնը, անձնազոհութիւնը, քաջութիւնը, ազգագիտակցութիւնը մեր յառաջիկայ սերունդներուն պիտի ըլլայ ներշնչումի աղբիւր եւ նաեւ ճգնաժամային պահերու ժողովուրդը ոտքի պահող ոգի ու ուժ:
Հայ Ժողովուրդը 485 թուականէն ի վեր «Բուն Բարեկենդան»էն առաջ 2017 տարուայ համար 23 Փետրուար 2017 թուականին կը հանդիպի) սիրով, հպարտութեամբ ու խանդավառութեամբ աշխարհիկ հանդէսներով ու եկեղեցական արարողութիւններով կը յիշէ Սրբոյ Վարդանանց տօնը:
Այս առիթով կը շնորհաւորենք Ղեւոնդ, Լեւոն, Մուշեղ, Յովսէփ, Արտակ, Աբրահամ, Վարդան, Սամուէլ, Խորէն, Հմայակ, Վահան, Տաճատ, Գարեգին, Արսէն, Մամիկոն, եւ բոլոր միւս արական անունները, որոնք անուանակոչութեան յատուկ օր չունին:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Azator