Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

18 Şubat 2017  

Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն -

Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն Հայկազեան Համալսարան. Լիբանանահայ Գիրքը` 2012-էն 2016 Տարիներուն

Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 17 փետրուար 2017-ին, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գիրքը 2012, 2013, 2014, 2015 եւ 2016 տարիներուն» խորագիրով ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, հոգեւոր հայեր, գիրքերու հեղինակներ, խմբագիրներ եւ մեծ թիւով գրասէրներ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սոնիա Սիսլեան: Ան Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» գրադարանին անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ ըսաւ, որ լիբանանահայ գիրքի ձեռնարկը կը միտի 2012-էն 2016 տարիներուն Լիբանանի մէջ հրատարակուած աւելի քան 150 հատոր հայերէն գիրքերը ներկայացնել հանրութեան, գնահատել հատորներու աւելի քան 70 հեղինակներն ու խմբագիրները, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք գիրքեր շնորհած են «Տէրեան» գրադարանին: Սոնիա Սիսլեան ըսաւ նաեւ, որ ձեռնարկը կը փորձէ լուսարձակի տակ առնել Հայկազեան համալսարանի դերը լիբանանահայ մտաւորականութեան հետազօտական աշխատանքները դիւրացնել եւ անոնց ժառանգը պահպանել ու տարածել Լիբանանի մէջ: Ան նշեց նաեւ, որ ձեռնարկին նկատի առնուած են հայալեզու հրատարակութիւնները միայն, ներառուած չեն վերահրատարակութիւնները, տարեգիրքերը, որոնք պատկառելի թիւ կը կազմեն լիբանանեան հրատարակութեանց մէջ: Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հեղինակներուն եւ հրատարակիչներուն, որոնք տարիներու ընթացքին ամենայն հաւատարմութեամբ եւ սիրով իրենց հրատարակութիւններով հարստացուցած են «Տէրեան» գրադարանի հաւաքածոն:

Օրուան բանախօսն էր Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ողջունելի ու կարեւոր նկատեց «Տէրեան» գրադարանի նախաձեռնութիւնը, ապա վիճակագրական տուեալներով յայտնեց, թէ 2012-էն 2016 լիբանանահայութեան սպառած գիրքերու թիւը կ՛անցնի 90 հազարի սահմանները, ինչ որ հիմք կու տայ հաստատելու, որ հակառակ հայ գիրքի ապրած համազգային տագնապին, Պէյրութը է՛ ու կը մնայ Երեւանէն ետք հայ գիրքի երկրորդ մեծագոյն կեդրոնը, իր պատմական հրատարակչատուներով, տպարաններով, գրադարաններով եւ ընթերցող զանգուածներով: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ նաեւ, որ հայ գիրքը հայ մարդուն ընկերն է ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Հոն, ուր հայութիւնը օտարացման եւ ձուլման վտանգ կը դիմագրաւէ, հայ գիրքը կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան զրահ: Հոն, ուր հայութիւնը ընկրկումի եւ տկարացումի նշաններ ցոյց կու տայ հայ գիրքը կը հանդիսանայ ազգային գոյատեւման կարեւոր երաշխիք:

Վիգէն Աւագեան հաստատեց նաեւ, որ գիրքը տպուած թուղթերու տրցակ չէ, ո՛չ ալ անկենդան գոյութիւն մը, գիրքին մէջէն անձեր, հաւաքականութիւններ, ապրումներ եւ գաղափարներ, կեանք ու բովանդակութիւն ունեցող տրամադրութիւններ կը շարժին ու կը շարժեն մարդը, ապա ըսաւ, որ գրասիրութեան, գիրքի եւ ընթերցանութեան հրաւէրը բաց է բոլորին: Ան չի ճանչնար դաւանանք, կուսակցութիւն, դասակարգ, մտաւորական կամ վաճառական: Գիրքը լոյս է, մարդիկ պէտք է աչք ըլլան առնելու համար այդ լոյսը եւ իրենց տուներուն մէջ զայն վերածեն ընտանեկան ճրագի:

Իսկ ակնարկելով Հայաստանի մէջ գիրք նուիրելու օրուան` 19 փետրուարին, որ կը զուգադիպի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան, ան կարեւոր նկատեց այդ մշակոյթը ներածել նաեւ սփիւռք եւ տարին անգամ մը գիրք նուիրել ծանօթի ու բարեկամի:

Իր խօսքի աւարտին Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ հինգ տարիներու ընթացքին հրատարակուած 200 գիրքերը պատիւ կը բերեն լիբանանահայ տպարաններուն, հրատարակիչներուն, անհատ հեղինակներուն եւ նախ եւ առաջ լիբանանահայութեան` փաստը տալով անոր գոյատեւելու կամքին եւ մշակութային կենսունակ կեանքին, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, որ իր կորովի անձնակազմով կը շարունակէ իր աշխատանքը եւ լիբանանահայ գիրքին պատմութիւնը կը գրէ սերունդ առ սերունդ, եւ վերջապէս մաղթեց, որ հանդիպումը առիթ ըլլայ բոլորին` ջերմօրէն հաղորդուելու լիբանանահայ գիրքին հետ, հայ գիրքին մօտենալու հայու պէս եւ զայն առնչելու, միաձուլելու մեր կեանքին, որպէսզի կեանքը մեզի պարգեւէ անձնական յաջողութիւն եւ հաւաքական յաղթանակ:

Նարեկ Հաննէեան եւ Անժելլա Տաղլեան ընթերցումներ կատարեցին հանգուցեալ հեղինակներ Պօղոս Սնապեանէն, Պէպօ Սիմոնեանէն, Սարգիս Կիրակոսեանէն, Ճորճ Աբէլեանէն եւ Յովսէփ Էսկիճեանէն: Ապա Սոնիա Սիսլեան ներկայացուց գիրքերու հեղինակները եւ տեղի ունեցաւ գնահատագիրներու բաշխում հեղինակներուն եւ գիրքերու խմբագիրներուն:

Պարգեւատրուողներուն կողմէ սրտի խօսք արտասանեց Արամ Սեփեթճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բովանդակալից, համապարփակ եւ գեղեցիկ հանդիսութեան համար, որ արտացոլացուց բոլորին զգացումները եւ յոյզերը: Արամ Սեփեթճեան նշեց նաեւ, որ Հայոց եղեռնէն մազապուրծ եղած հայ գաղթականներու առաջին սերունդը Լիբանանի մէջ ո՛չ միայն տէր կանգնեցաւ հայ գիրին ու գրականութեան, այլեւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն պահեց լեզուն եւ զայն փոխանցեց յաջորդ սերունդին: 95 տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ սերունդները կը շարունակեն ծաղկեցնել ու ապրեցնել հայ լեզուն եւ գրականութիւնը շնորհիւ մեծ հայրերու դաստիարակութեան: Ան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հպարտ ենք լիբանանահայ գաղութի անցեալով: Վստահ ենք, որ գալիք սերունդները պիտի շարունակեն տէր կանգնիլ հայ գրական- մշակութային արժէքներուն, հայ լեզուին ու գրական անդաստանին»:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշխուժ լիբանանահայութեան, որ երկար տարիներ ջանք չէ խնայած ո՛չ միայն գաղութը պահելու, այլեւ արտադրելու: Իր խօսքի ընթացքին վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ լիբանանահայութեան ամէնէն կարեւոր արտադրութիւնը լիբանանահայ հոգին է, առանց որուն ո՛չ գրողը ներշնչում ունի, ո՛չ ալ ընթերցողը կ՛ազդուի: Ան կոչ ուղղեց տէր կանգնելու այդ հոգիին, որ մեր մէջ դրուած է եւ գեղեցկօրէն կը փոխանցէ սերունդէ-սերունդ ինչ որ հաւատքով եւ ներշնչումով մեզի հասած է:

Ան ուշադրութեան յանձնեց այն իրականութիւնը, թէ սփիւռքեան բոլոր պայքարներուն մէջ կարելի չէ ամբողջական յաղթանակ արձանագրել կամ սպասել, որ բոլոր պայմանները տրամադրուին ունենալու համար գրական, մտաւորական, մշակութային, ազգային կամ քաղաքական իտէալ կացութիւն, հետեւաբար բնական է, որ գրող, սրբագրող, հրատարակող, ընթերցող բոլորը միասին պիտի չգոյանան իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ, ապա ըսաւ. «Ան որ գրելու շնորհ ունի, թող գրէ, ան որ հրատարակելու կարելիութիւն ունի, թող չսպասէ, թող հրատարակէ, ան որ խմբագրելու, աշխատակցելու, մեկենաս դառնալու, գրաքննադատ դառնալու կարելիութիւն ունի, թող չսպասէ: Թող հայ գիրքը զարգանայ նուիրումով»:

Հիւրասիրութեան մը շուրջ վերջ գտաւ հարազատ ու ջերմ մթնոլորտով ընթացած ձեռնարկը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+