Օսմանեան Կայսրութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթի Շրջաբերականը` Հայերու Կրօնափոխութեան Հանգամանքներուն Վ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

08 Şubat 2017  

Օսմանեան Կայսրութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթի Շրջաբերականը` Հայերու Կրօնափոխութեան Հանգամանքներուն Վ -

Օսմանեան Կայսրութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթի Շրջաբերականը` Հայերու Կրօնափոխութեան Հանգամանքներուն Վ Օսմանեան Կայսրութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթի Շրջաբերականը` Հայերու Կրօնափոխութեան Հանգամանքներուն Վերաբերեալ

Ինչպէս թուրք յայտնի ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամ եւս կ՛արձանագրէ «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» գիրքին մէջ, օսմանեան իշխանութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին կրօնափոխուած հայերուն որոշ ժամանակ, մասնաւորապէս մինչեւ 1915-ի Յուլիս 1-ը, թոյլ տուած են, դաւանափոխ ըլլալու պարագային, զերծ մնալ տեղահանութենէն, սակայն Յուլիս 1-էն մինչեւ նոյն տարուան Նոյեմբեր 4-ը արգիլուած է հաւատափոխ հայերու համար նման բացառութիւն ընելը:

Արդ, ստորեւ Akunq.net-ը կը հրապարակէ 1915-ի Նոյեմբեր 4-ին Թալէաթի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան բոլոր նահանգապետներուն ուղարկուած օսմաներէն հեռագրի պատճէնը եւ ատոր արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը: Սոյն փաստաթուղթէն պարզ կը դառնայ, որ վերստին թոյլ տրուած կրօնափոխութիւնը ոչ բոլորին կը վերաբերի եւ կը կարգաւորուի` ըստ որոշ սկզբունքներու:

Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին սոյն փաստաթուղթը տրամադրած եւ թարգմանած է ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+