Կը Կարօտնամ Եկեղեցւոյ Զանգերու Ղօղանջներուն. Մարտինի Վերջին Հայուհիին Պատմութիւնը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

07 Şubat 2017  

Կը Կարօտնամ Եկեղեցւոյ Զանգերու Ղօղանջներուն. Մարտինի Վերջին Հայուհիին Պատմութիւնը -

Կը Կարօտնամ Եկեղեցւոյ Զանգերու Ղօղանջներուն. Մարտինի Վերջին Հայուհիին Պատմութիւնը Կը Կարօտնամ Եկեղեցւոյ Զանգերու Ղօղանջներուն. Մարտինի Վերջին Հայուհիին Պատմութիւնը

Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող Մարտին նահանգի Տերիք շրջանին մէջ, ուր ժամանակին ապրած է աւելի քան 400 հայ ընտանիք, այսօր մնացած է վերջինը` Տեմիրճիներու ընտանիքը, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` չեն գաղթած եւ չեն կրօնափոխուած, կը գրէ «Թերթ․ամ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական Gazetesujin.com կայքը:

Եուրշալին Տեմիրճին, որ այստեղ մնացած է իր ամուսինին հետ, տխրութեամբ կը փաստէ, որ շրջանին մէջ հայ բնակչութեան բացակայութեան պատճառով այլեւս չի գործեր Տերիքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:

«Մեր հարեւանները երբեմն կ՛ըսեն` նամազ ըրէ: Ես նամազ չեմ գիտեր: Մենք` հայերս, հարսանեկան արարողութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կ՛ընենք, սակայն իմս տունը ըրինք, որովհետեւ այդ ժամանակ այստեղ քահանայ չկար արդէն: Մինչեւ վերջերս փոխպատրիարքի օգնականը կու գար, սակայն ճնշումներու հետեւանքով ան ալ հեռացաւ», – կը պատմէ տիկին Տեմիրճին` աւելցնելով, որ կը հպարտանայ իր ազգային ու կրօնական պատկանելիութեամբ ու չի պատրաստուիր փոխելու զայն:

Եուրշալին կ՛ընդգծէ, որ դեռ 50 տարի առաջ Մարտինի մէջ կարելի էր գտնել քրիստոնեայ հայ ընտանիքներ, որոնց մեծ մասը, սակայն, ընկերային եւ կրօնական բռնաճնշումներու հետեւանքով արտագաղթած են Պոլիս եւ միացած Պոլսոյ համայնքին, ուր կրնան իրականացնել մկրտութեան եւ հարսանեկան ծէսերն ու երեխաները հայկական դպրոց ուղարկել:

«Ասկէ 50 տարի առաջ եկեղեցւոյ զանգերը դեռ կը ղօղանջէին, եկեղեցին կը լեցուէր հայ քրիստոնեաներով: Կը կարօտնամ հին օրերը, բայց արդէն սորված եմ մենակութեան: Այստեղ ծնած ենք, այստեղ մեծցած եւ չենք ուզեր լքել մեր հողը: Երջանիկ եմ, որ այստեղ եմ»,– կ՛ըսէ Մարտինի վերջին հայուհին:

Նշենք, որ Մարտինը, որ ներկայիս համանուն նահանգի կեդրոնն է, վերին Միջագետքի հին բերդաքաղաքներէն էր: Կը գտնուէր Ետեսիա եւ Մծբին քաղաքներու միջեւ, բարձր եւ ապառաժոտ լեռան զառիվայր լանջին:

Ցեղասպանութեան տարիներուն Մարտինէն բռնի աքսորուած է 4.663 հայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+