Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Ազրպէյճանի Զինուորի Մը Դիակը - Հայերէն
27 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Վահագն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

06 Şubat 2017  

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Ազրպէյճանի Զինուորի Մը Դիակը -

Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Ազրպէյճանի Զինուորի Մը Դիակը Հայկական Կողմը Ազրպէյճանին Յանձնած Է Ազրպէյճանի Զինուորի Մը Դիակը

29 դեկտեմբերի 2016-ին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած հետախուզական ներթափանցման գործողութիւններու հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան մէջ քննուող յարձակողական պատերազմ վարելու եւ սպանութեան` զուգորդուած ազգային շարժառիթով կատարուած դէպքերու յարուցուած քրէական գործի շրջագիծին մէջ նշանակուած դիակի դատաբժշկական փորձաքննութեան ընթացքին այլեւս վերացած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու զինուոր` 1994-ի ծնունդ Չինկիզ Քուրպանովի դիակը պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ 5 փետրուար 2017-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի Իջեւան-Ղազախ հատուածին մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեամբ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն յանձնուած է զինուոր Չինկիզ Քուրպանովի դիակը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+