04 Şubat 2017
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջարկը հաստատման համար ուղարկուած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:
Էրտողան առաջարկը հաստատելու կամ վերադարձնելու համար ունի 15 օր: Հաստատելու պարագային, հանրաքուէի մասին որոշումը պիտի հրապարակուի պետական պաշտօնաթերթին մէջ, ապա յաջորդող 60-րդ օրուընէ ետք առաջին կիրակի օրը տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ:
Կը նախատեսուի, որ քուէարկութիւնը տեղի ունենայ 9 կամ 16 ապրիլին: